Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութեան Գագաթնակէտը

December 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

1945 թուականին` Համաշխարհային Բ. պատերազմին, Ճափոնը յանձնուեցաւ ամերիկեան ուժերուն:

Միսուրիի պատերազմական նաւուն վրայ, որ Թոքիոյի ծովածոցին մէջ կը գտնուէր 2 սեպտեմբեր 1945-ին, ամերիկացի զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր, որ Խաղաղականի ընդհանուր պատասխանատուն էր եւ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարը, որ կը ներկայացնէր Հիրօհիթոն` Ճափոնի կայսրը, նախարար Մամորու Շիկեմիցու եւ ճափոնական բարձր մակարդակի զանազան զինուորականներու ներկայութեամբ ստորագրուեցաւ Ճափոնի վերջնական յանձնումն ու պարտութիւնը, եւ այսպէս վերջ գտաւ Խաղաղականի  պատերազմը:

Ընդհանրապէս կարգ մը փոքր զօրամիաւորումներ, որոնք ցրուած կ՛ըլլան գրաւուած երկիրներուն մէջ եւ կորսնցուցած կ՛ըլլան իրենց կապը մայր բանակէն, ուշ կ՛անդրադառնան, կամ  իրենց ուշ լուր կը հասնի, թէ` պատերազմը վերջացած է եւ քանի մը շաբաթ կամ ամիսներ ետք կը յանձնուին յաղթող երկրին:

Այս ձեւով վերջ գտաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը  2 սեպտեմբեր 1945-ին:

1974-ին աշխարհը ցնցեց անակնկալ լուր մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ Ֆիլիփփինի Լուպանկ կղզիի անտառներուն մէջ կային ճափոնցի զինուորներ, որոնք տակաւին կը շարունակէին իրենց պատերազմը ամերիկացիներուն դէմ:

Այս լուրը սկիզբը կատակի պէս տարածուեցաւ… Կարելի՞ էր, որ 24 տարիներ ետք քանի մը ճափոնցի զինուորներ տակաւին շարունակէին պատերազմը ամերիկեան զօրքերու դէմ:

Լուրը տարածուեցաւ, եւ մանաւանդ Ճափոնի մէջ արձագանգը մեծապէս յուզիչ եղաւ:

Ֆիլիփփինեան կառավարութիւնը փաստեց, որ կղզիին զանազան շրջաններուն մէջ ճափոնական բանակին պատկանող քանի մը զինուորներ դիմադրութիւն ցոյց տուած են ֆիլիփփինցի զինուորներու դէմ, անոնցմէ մէկն ալ սպաննուած էր, իսկ ասիկա երեւան ելած է անոր կրած տարազէն:

Յստակ տուեալ չկայ, թէ անոնք քանի՛ հոգի են: Ֆիլիփփինցի զինուորները 2 թաղուած ճափոնցի զինուորներու գերեզման մը գտան:

Խնդրուեցաւ Ճափոնէն, որ մարդիկ ղրկուին եւ մտնեն անտառները եւ բարձրախօսով համոզեն այդ մնացող անձերը` դադրեցնելու կռիւը, որովհետեւ պատերազմը շատոնց դադրած է:

Քիչ-քիչ իրականութիւնը յայտնի եղաւ եւ փաստուեցաւ, որ մնացած է մէկ հոգի, որ անտառին մէջ պահուըտած` ատեն-ատեն յարձակումներ կը կատարէ քովի գիւղերու վրայ մանաւանդ խոզ եւ հաւ գողնալու համար եւ քանի մը անգամ ֆիլիփփինցի զինուոր կամ ոստիկաններ  սպաննած է:

Ճափոնի կառավարութիւնը շատ համոզուած չէր այս լուրերով, բայց որոշեց ղրկել հետազօտող լրագրող անձ մը`  Նորիօ Սուզուքի  անունով, որ բարձրախօսով անտառ մտնէ եւ ճափոներէնով  ջանայ համոզել, որ տուեալ անձը յանձնուի:

Նորիօ Սուզուքի մէկ շաբաթ անտառին մէջ բարձր ձայնով արձագանգեց ճափոներէն, լայնքին ու երկայնքին շրջեցաւ եւ վերջապէս հանդիպեցաւ ճափոնցի զինուորի մը:

Հանդիպումը արագ արդիւնք չտուաւ, բայց Սուզուքին գիտցաւ զինուորին անուն-մականունը,  ան փոխնաւապետ Հիրու Օնօտան էր, որ 1945-ին այդ կղզիին մէջ 3 զինուորներով գաղտնօրէն պիտի հսկէր Լուպանա կղզին:

Ի յայտ եկաւ, որ այդ 3 զինուորները մէկ առ մէկ, ֆիլիփփինցի զինուորներու դէմ կրակոցի ատեն սպաննուած են զանազան թուականներու, առաջինը` 1950-ին, երկրորդը` 1954-ին եւ երրորդը` 1972-ին, եւ Օնոտան մինակ մնացած է` իր պայքարը շարունակելու:

Սուզուքին ջանաց զայն համոզել, որ պատերազմը 1945-ին վերջ գտած է, որպէսզի զայն Ճափոն վերադարձնէ, բայց Օնոտա մերժեց: Արդարեւ, ան կը կասկածէր, թէ Սուզուքին կրնար լրտես մը ըլլալ, հակառակ անոր որ Սուզուքի իրեն փաստաթուղթեր ներկայացուց:

Ապա Օնոտա յայտնեց Սուզուքիի, որ մէկ պայմանով կրնար Ճափոն վերադառնալ, եթէ իր մեծաւորը` Եոշիմի Թանիկուչի  հրաման տար յանձնուելու:

Արդեօք Թանիկուչին դեռ ո՞ղջ էր…

Օնոտան յիշեցուց, թէ գնդապետ Թանիկուչին հրաման տուած էր, որ այդ կղզին պաշտպանեն եւ երբեք չյանձնուին… արգիլած էր նոյնիսկ հարաքիրի կատարել (անձնասպան ըլլալ չյանձնուելու համար), միեւնոյն ատեն խօսք տուած էր, որ 3 կամ 5 տարիէն պիտի վերադառնար զիրենք առնելու. այդ համոզումով Օնոտան մերժեց Սուզուքիի հետ Ճափոն վերադառնալ:

Երբ Սուզուքի վերադարձաւ Ճափոն, եւ լուրը տարածուեցաւ, որ այս ճափոնցի սպան հրամանի կը սպասէր իր մեծաւորէն, երկիրը ցնցուեցաւ. անհաւատալի լուր մըն էր…

Այժմ կարեւորը գնդապետ Թանիկուչին գտնելն էր:

Ճափոնի կառավարութիւնը սկսաւ փնտռել եւ բարեբախտաբար գիտցուեցաւ, թէ ողջ էր եւ գրադարանի մը տնօրէնութեան մէջ կը գործէր:

Երբ իրեն յայտնեցին, թէ իր հրամանին կը սպասէ Օնոտա սպան, ան ապշեցաւ, ուշակորոյս դարձաւ, եւ զինք հիւանդանոց փոխադրեցին, որովհետեւ անհաւատալի էր իրեն համար, թէ այդ կղզին ձգած իր զինուորները տակաւին զայն կը պաշտպանէին:

Ապա` միանալով Սուզուքիին, վերադարձաւ Լուպանկ կղզին ֆիլիփփինցիներու  աջակցութեամբ եւ ճափոնական կառավարութեան ներկայացուցիչներով (որովհետեւ 1959 թուականին Օնոտա մահացած կը նկատուէր):

Ի վերջոյ յուզիչ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Օնոտայի եւ Եոշինի Թանիկուչիի միջեւ, հոն, կարգ մը թղթակիցներու ներկայութեամբ եւ բազմաթիւ նկարներով եւ ժապաւէններով, պաշտօնական անձնաւորութիւններու ուշադրութեան տակ, գնդապետ Թանիկուչի   հրաման տուաւ Օնոտա սպային, որ յանձնուի ֆիլիփփինեան կառավարութեան:

Ներկայ եղաւ նոյնիսկ Ֆիլիփփինի նախագահը` Ֆերտինանտօ Մարքոս, որուն Օնոտա յանձնեց իր սուրը: Ճափոնական զինուորական իմաստով այդ քայլը յանձնուիլ կը նշանակէր:

Նկարները աշխարհը շրջեցան, եւ Ճափոնը պատրաստուեցաւ Օնոտայի պաշտօնական ընդունելութիւն կատարելու:

Օնոտա իր երկիրը վերադարձաւ մարտ 1974-ին: Այդ օր Ճափոն իր աշխատանքները դադրեցուց, հարիւր հազար ճափոնցիներ օդակայանն ու ճամբաները ծաղիկ թափեցին. իրենց համար հերոսի մը վերադարձն էր…

Հիրոհիթօ` Ճափոնի կայսրը, զինք ընդունեց իր պալատին մէջ, եւ կ՛ըսուի, թէ չկրցաւ զսպել իր արցունքները…

Օնոտան կրցաւ միանալ իր ընտանիքին եւ բախտաւոր գտնուեցաւ, որ իր հայրն ու մայրը տակաւին ողջ էին:

Հայրը` Թանաճիրօ Օնոտա 86 տարեկան եւ մայրը` Թամա Օնոտա 88 տարեկան էին: Անոնք մեծապէս ցնցուեցան, երբ իմացան, որ իրենց զաւակը դեռ ողջ էր:

Պատկերասփիւռի տարբեր կայաններ անոր հետ հարցազրոյցներ կատարեցին, գրեցին անոր յուշերը, որոնք զանազան լեզուներով տպուեցան ընդհանուր վերնագիր ունենալով` «Ո՛չ անձնատուր ըլլալուն» («No Surrender») «Իմ 30 տարուան պատերազմս», որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ժապաւէնի վերածուեցան:

1975-ին ան Պրազիլ գաղթեց եղբօրը քով:

1976-ին ամուսնացաւ Մաչի անունով պրազիլցի կնոջ մը հետ, որմէ զաւակ չունեցաւ, ապա` 1984-ին, վերջնականապէս կրկին վերադարձաւ Ճափոն, ուր բարեսիրական նպատակներով դրամ բաժնեց` իր հրատարակած գիրքերէն եւ հարցազրոյցներէն ստացած գանձումներէն:

Օնոտան մահացաւ 16 յունուար 2014-ին` 91 տարեկանին:

2019-ին, դէպի Ֆիլիփփին իմ բազմաթիւ ճամբորդութիւններէս (9 անգամ) մէկուն ընթացքին, առիթը ունեցայ այցելելու Լուպանկ կղզին, յատուկ ճամբորդական ընկերութիւններ շրջապտոյտներ (tour) կը կազմակերպէին դէպի այդ վայրը, տեսայ այդ խիտ անտառները, ուր Օնոտան ապրած էր: Զբօսաշրջիկներուն մեծամասնութիւնը ճափոնցի էր. իւրաքանչիւր Ճիփի մէջ 6 անձ բաւեցինք… 2-3 ժամուան մէջ մեզի տարին ցոյց տալու անոր քնացած, ճաշած եւ պահուըտած տեղերը:

Կրնամ ըսել, թէ ահռելի խոնաւ եւ տաք էր, եւ անտառին շատ խիտ ըլլալուն պատճառով, արեւը գրեթէ չէր երեւեր…

Ջերմաստիճանը 42-44 Օ էր, երբ Ճիփէն իջանք քալելու, կարգ մը տեղեր ջրցանի  տակէն անցածի պէս վերադարձանք` մեր գլուխէն մինչեւ կօշիկները թաց… Այնքան ահռելի, որ կարծէք կրակը մեզի փաթթուած էր…

Ուշակորոյս եղանք, 2-3 ժամ ջուր խմելով անցուցինք, բայց բոլորիս մտածումը կեդրոնացաւ մէկ կէտի շուրջ` մենք 2-3 ժամ չկրցանք դիմանալ այդ ահռելի տաքին, ինչպէ՞ս Օնոտա հերոսը կրցաւ 30 տարի տոկալ:

Հաւատարիմ ըլլալը իսկապէս զոհողութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Ֆրանսայի Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Կազմերու Սեմինար

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմայի 3-րդ Պարտութիւնը. Տոնչիչ Վիրաւորուեցաւ

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.