Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026 տարին կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 35-ամեակին: Անկախութիւն, Հայաստան ու Արցախ… Արժէքներ, որոնք կերտուած են` շնորհիւ մեր երկարամեայ պայքարին, արեան, քրտինքին ու զոհաբերութեան: Արժէքներ, որոնց կորուստին հետ հաշտուիլը կը վտանգէ համայն հայութեան էութիւնը:

Գարեգին Նժդեհի մտորումով` «Վտանգուած ժողովուրդներու վերջին խաղաթուղթը վերադաստիարակութիւնն է»: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը դէպի Դաշնակցութիւն ուղղորդող դաստիարակչական միաւոր, իր գործունէութեան 53 տարիներուն ընթացքին ջամբած դաստիարակութեամբ, ծաւալած բազմաճիւղ աշխատանքով ու փորձառութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` սերունդներուն մէջ սերմանելով ազգային գիտակցութիւն, հայրենասիրութիւն, պատասխանատուութիւն, պայքարի ոգի ու նուիրում:

Աւելի՛ն. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն կարճ ժամանակ անց ԼԵՄ-ականը իր արեամբ ու քրտինքով հսկած է Լիբանանի հայահոծ շրջաններուն, մասնակցած է Արցախի  ազատագրութեան ու պաշտպանութեան գործին եւ վճռական քայլերով պայքարած է յանուն Հայ դատին եւ պատմական արդարութեան վերականգնումին:

Առաքելութիւն մը, որ երբեք չէր եղած այնքան հրամայական, որքան այսօր, երբ մեր ազգային արժէքները` հայրենիքի գաղափարը, մշակոյթը, եկեղեցին, Արցախը, Արարատի խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի ու Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը խնդրոյ առարկայ դարձած ու վտանգուած են:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի սկզբունքները կը մնան անփոփոխ, իսկ ԼԵՄ-ականը կը մնայ պատնէշի վրայ` միշտ արթուն հայ ազգին սպառնացող վտանգներուն դիմաց:

2026 տարին կանգնած է խաչմերուկի մը դիմաց, իբրեւ տարի մը, որ մեր առջեւ կը դնէ հետեւեալ երկընտրանքը. կա՛մ մեր սեփական ձեռքով պիտի թաղենք մեր Դատը եւ հայուն ազգային դիմագիծը, կա՛մ պիտի շարունակենք մեր պայքարը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը վճռականօրէն կը յայտարարէ, որ ինք 2026 տարին կը թեւակոխէ զայն հռչակելով «Ճակատագիր յեղաշրջելու զարթօնք»-ի տարի:

Ոտքի՛ ելէք, միացէ՛ք մեզի, միասնաբար աշխատինք եւ յաղթահարենք հայ ազգի բոլոր մարտահրաւէրները:

Մի՛ հաշտուիք հայութեան պարտադրուած այս մահացու ճակատագրին հետ:

Միացէ՛ք այն ճակատին, ուր կ՛որոշուի մեր ազգին վաղուան օրը:

Միացէ՛ք Արցախի եւ հայութեան լինելութեան պայքարին:

Շնորհաւո՛ր Նոր տարի:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Հանդիպում Հայրենիքէն Ժամանած Աստուածաբան Եւ Արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանի Հետ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.