Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Յուշ. Հայերէնի Պահապանը, Պահակը, Ոստիկանապետը Ոչ Եւս Է

December 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Կռահեցիք անշուշտ, խօսքը հաւատարիմ ընկերոջս, գործակիցիս, անխոնջ սրբագրիչիս, ուսուցիչի՛ս մասին է, գրեթէ տարեկից՝ բժ. Արմենակ Եղիայեանի։ Բոլոր ածականները անբաւարար են բնութագրելու համար հայերէնի երկրպագու այս հայորդին, որ այդպէս, առանց մեզի լուր տալու մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ ո՛րբ ձգելով մեզ։
Ուրիշներու նման, ես ալ իր բաշխումի ցանկին վրայ էի ու կանոնաւոր կը ստանայի իր շաբաթական հերթական առաքումները՝ «Ընթերցումներ» (նախապէս՝ «Կիրակնօրեայ ընթերցումներ»), «Միասնաբար փրկենք հայերէնը»,  «Մենք եւ մերոնք», իսկ ասոնցմէ առաջ՝ «Հայերէնը կը զուարճանայ», «Լեզուական փեթակ», «Բառագիտական», «Մամլոյ խճանկար» եւ այլն, այլեւ յատուկ խիստ հետաքրքրական շարքերը՝ «Եգիպտականք», «Հնչեակի մը հետքերով» եւ այլն, եւ այլն՝ ասոնցմէ ոմանք յետոյ նաեւ յօդուածի վերածելով։ Առանց յոգնելու մեզ սրբագրելէ, առանց յուսահատելու կրկնելով իր ցուցմունքները, առանց հրաժարելու մեզի սորվեցնելէ ճշգրիտ, մաքուր ու գեղեցիկ մեր իսկ լեզուն՝ մեր ոսկեղենիկը։ Իր վերջին առաքածը կը կրէ 11 նոյեմբեր 2025, երեկոյեան ժամը 22։41՝ Մոնրէալի ժամով, այսինքն՝ իր մահէն շատ քիչ առաջ։ Ցմահ՝ պատնէշի վրայ։
Արմենակ Եղիայեան յաջորդը հանդիսացաւ հ. Արսէն Ղազիկեանի, Բենիամին Թաշեանի եւ անոնց նմաններուն, որոնք ոգի ի բռին պայքարած են մեր լեզուի ուղիղ գործածութեան համար։
Իրեն հետ առնչութիւնս կը սկսի Համազգայինի Պատգամաւորական առաջին ժողովէն՝ գումարուած Աթէնքի մէջ, 1990-ին։ Անկէ ետք մեր կապը դարձաւ անխզելի յատկապէս իր «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ի գաղափարի ծնունդէն մինչեւ բազում տարիներ ետք անոր առցանց հրատարակումը՝ 2022-ին, 861 մեծադիր էջերով՝ շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական յատկացումին։ Սկսեր էի իբր իր անողոք «քննադատը», սիրայօժար խորհրդատուն, վերջացայ որպէս հատորին խմբագիրը՝ սակայն տեւաբար իրմէ՛ նոր բան մը սորվելով, հայերէնի մէկ նոր գաղտնիքը յայտնաբերելով,  մեր մայրենիի մէկ նոր իւրայատկութեան ծանօթանալով։ Այդ հարստացուցիչ փորձառութեանս համար իրեն երախտապարտ կը մնամ առ յաւէտ։
Բայց աւելի ուժեղ առնչութիւն մըն ալ ստեղծուեցաւ մեր միջեւ, երբ իրմէ խնդրեցի, որ յօդուածներուս լեզուն ստուգէ ու սրբագրէ, ինչ որ ինք այնքան բարեացակամութեամբ ու պատրաստակամութեամբ կատարեց առանց ձանձրանալու՝ երկա՜ր տարիներէ ի վեր  անտրտունջ սրբագրելով նոյն սխալներս կամ ստեղնաշարին վրայ պարզապէս մատներուս նոյն վրիպումները։ Բայց ատկէ աւելի կարեւորը իր քաջալերանքն էր, զիս միշտ գօտեպնդելն էր, նոյնիսկ եթէ երբեմն համաձայն չըլլար ըսածներուս։ Յենասի՛ւն էր ան ինծի համար։ Քանի մը անգամ, կարդալով ուրիշներու ի յուշ գրածներս՝ ըսած էր. «Մեռնելու ցանկութիւնս կարթնցնես մէջս, որ իմ մասին ալ գրես»։ Ես ալ խիստ կը յանդիմանէի զինք՝ դիտել տալով, որ մենք դեռ երկար ատեն պէտք պիտի ունենանք իրեն…
Հիմա որո՞ւ ղրկեմ այս գրածս։ Արդեօք հոն՝ վերը, պիտի ստանա՞ս ել-նամակներս…
Յիշատակդ անթառա՛մ, սիրեցեա՛լդ իմ Արմենակ։
13- 11- 2025
Նախորդը

Ըլլալ Արմենա՛կը

Յաջորդը

Աւելի Քան Մայրենիի Բդեշխ Մը, Սփիւռքեա՛ն Արժէք Մը (Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.