Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըլլալ Արմենա՛կը

December 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Գրողներն ու խմբագիրները պիտի կարօտնան իր ամէնօրեայ խարազանը, որ կը խնայէր ոչ ոքի, կը հանդուրժէր ոչ մէկ շեղում մեր լեզուի կանոններէն, կ΄ընդունէր ոչ մէկ աղկաղկ վերաբերմունք՝ հանդէպ մեր լեզուին։
Մեր թղթակցութիւնը շարունակական էր։ Իր բոլոր ընդվզումներուն բաժնեկից կ΄ընէր զիս օրը օրին։ Ինչպէս՝ իր այլ հոգեկիցները։ Իր վէճերը առնչուած էին լեզուական ոլորտին մէջ նկատուած մեղանչումներու, որոնք կը խանգարէին իր հոգեկան անդորրը։ Անոնք յաճախ կապ ունէին լրատուակա՛ն սիւնակներու լեզուական անմաքրութիւններուն։ Երբեմն նոյնիսկ՝ գովազդային ծանուցագրերու։ Կարելի չէր չզգալ զսպուած զայրո՛յթը՝ բոլոր անոնց դէմ, որոնք «գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ» իրենք իրենց թոյլ կու տային անփոյթ գտնուիլ մեր լեզուի վեհութեան հանդէպ։ Իր աշխարհին մէջ գոյութիւն չունէին «անմեղ» սխալներ։ Անմեղութեան կանխավարկածին ենթակայ չէր կրնար ըլլալ մեր լեզուն…
Արմենակը գիտէր, որ իր դէմ, իր Դատի՛ն դէմ,  սփիւռքի կեանքը մաշեցնող «հողմաղաց»-ներն էին։ Մեր գրական լեզուն ամէնօրեայ թափով կրծող ու փոշիացնող, իր ինքնութենէն զրկող տարերային որդե՛րը, որոնք կրնային տապալել կաղնին։ Ինք գիտէր, որ ինք պատերազմի մէջ էր…ովկիանոսի տարերային ուժերուն դէմ։ Եւ սակայն ինք խիզախութիւնը ունէր իր հաւատքը աւելի հզօր համարելու, քան՝ մոլորակի բոլոր ովկիանոսները։
Հետեւաբար իր կռիւը դադար չէր կրնար ունենալ։ Իր բացարձակապաշտութիւնը ստիպած էր զինք, որ ինք ըլլար սփիւռքի մեր մամուլին ամէնէն հետեւողական, ամէնէն ամբողջական եւ ամէնէն «հաւատարիմ» ընթերցողը… Անոր սիւնակներուն մաքրութեան հսկող վերին քուրմը, անոր տողերու որակին անկաշառելի խղճմտանքը։
Օր մը իր ուշադրութեան յանձնեցի Մեծարենցի կորովի նախադասութիւնը, որ կ΄ըսէր՝ «յանուն ցեղին լեզուական արժանապատուութեան»… Արձագանգեց անմիջապէս…Այո՛, ըսաւ։ Լեզուն արժանապատուութիւն է։ Մեր հաւաքակա՛ն արժանապատուութիւնը։ Եւ արդէն յստակ էր, թէ ի՛նչ կը պատահէր, երբ մեր թերթերէն մէկնումէկը իր խմբագրական թոհուբոհին մէջ կը մեղանչէր… Ան կը մեղանչէր ազգին արժանապատւութեան դէմ՝ ցասումի մեծ ալիքներ շղթայազերծելով Արմենակին մտքին ու հոգիին մէջ։
Այս պահուն շատ դժուար է հաշտուիլ այն իրականութեան հետ, որ յանկարծ լռած է իր ձայնը։ «Դժուար»-ը երեւի թոյլ բառ է։ Շատ ծանր է ընդունիլ իր լռութիւնը։ Եւ անշուշտ չէ լռած ան։ Իր ձայնը չի կրնար լռել։ Ան պիտի շարունակէ հալածել մեր գիտակցութիւնը՝ ամէն օր յիշեցնելով մեզի մեր մեծ եւ ցկեանս անհատուցելի պարտաւորութիւնը մեր լեզուին հանդէպ։ Ամէն հայ պարտաւորուած է ըլլալու այն, որ Արմենակը եղաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ըլլալ Արմենա՛կը։ Անզիջող, անսակարկ, աննկուն, անտեղիտալի եւ անհունօրէն հպարտ եւ անհունօրէն նուիրեալ մեր լեզուի Դատին հանդէպ։
Յարգա՜նք իր յիշատակին։
14 նոյեմբեր 2025
Նախորդը

Կորսնցուցինք…

Յաջորդը

Ի Յուշ. Հայերէնի Պահապանը, Պահակը, Ոստիկանապետը Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.