Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ամանորէն երկու շաբաթ առաջ ամերիկացիք աղուո՜ր «նուէր» մը ստացան Ներկայացուցիչներու տունէն, աւելի ճիշդը` անոր հանրապետական խմբակէն: Ժողովը ձայներու փոքր առաւելութեամբ մը մերժեց դեմոկրատներու (որոնց պահ մը միացած էին չորս հանրապետականներ) մէկ առաջարկը, ըստ որուն` առողջութեան ապահովագրութեան (ծանօթ` «Օպամա քեր» անունով) ճամբով` ապահովագրեալներուն պետական աջակցութիւնը պէտք էր երկարաձգել երեք տարի եւս: Այլ խօսքով, յիշեալ դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ տարեվերջին եւ ապահովագրեալները պէտք է ապաւինին իրենց սեփական քսակին կամ հանրապետականներու յառաջ քշած փոխընտրանքին, որ շպարներով կը մատուցուի հանրութեան, սակայն, ըստ էութեան, միլիոնաւոր քաղաքացիներ կը զրկէ յարմար սակերով ապահովագրուելու կարելիութենէն:
Առողջութեան ապահովագրումի այս հարցը շատոնց (ըսե՛նք` ծնունդէն ի վեր) թնճուկի վերածուած է երկու կուսակցութեանց հակադրութիւններու բեմին վրայ: Վերջին ուժեղ դրսեւորումը շուրջ երկու ամիս առաջ էր, երբ յիշեալ դրութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն շուրջ ստեղծուած անելին պատճառով կառավարութեան պիւտճէի քուէարկումը կասեցուեցաւ, ու մօտաւորապէս մէկուկէս ամիս կառավարութիւնը զրկուեցաւ պիւտճէէ: Անիկա որակուեցաւ «կառավարութեան փակում»: Վերաբացման համար կողմերը համաձայնած էին, որ հարցը նոր քննարկումներու պիտի ենթարկուի եւ քուէարկութեան պիտի դրուի մինչեւ տարեվերջ: Եւ ահա, բազում քաշքշուքներէ ետք (որուն մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելը շատ ալ իմաստ չունի այս հանգրուանին), տեղի ունեցան քանի մը «վճռորոշ» քուէարկութիւններ: Նախ ստեղծուեցաւ վիճակ, թէ` դեմոկրատները յաջողած են ապահովել երկարաձգումը, սակայն օր մը ետք սեղանը շրջուեցաւ, եւ երկարաձգման մերժումը կնքուեցաւ չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբերի քուէարկութեամբ: Հարցը հիմա դրուած է «օդապարիկի» մը մէջ (գիտէք, որ օդապարիկը դանդաղ թռիչք կը կատարէ) եւ ճամբայ ելած` դէպի ծերակոյտ, որուն էջուղին կը պատրաստուի յունուարի կէսերուն: Մինչ այդ, սակայն, բացայայտ կ՛երեւի, որ ծերակոյտն ալ պիտի մերժէ երկարաձգման յիշեալ ընտրանքը:
Շպարները
Հանրապետականները իրենց տեսակէտը հանրութեան կը մատուցեն գունագեղ շպարներով (դեմոկրատ երեսփոխան մը զայն որակեց «մոլորեցնող», իսկ եթէ քաղաքավարութիւնը մէկ կողմ ձգէր, կրնար ըսել` «սուտ»): Մերժուած դրութեան դէմ հանրապետականներու առարկութիւնները բազմաթիւ են: Անոնք կ՛ըսեն, որ իրենց ծրագիրը որոշ առաւելութիւններ պիտի տայ ապահովագրեալներու, օրինակի համար` ընկերութիւններու, որոնք բազմաթիւ աշխատաւոր-պաշտօնեայ ունին, անոնց տալով աւելի յարմար սակերով խմբային ապահովագրութիւն ունենալու եւ շահատուրք նուազեցնելու հնարաւորութիւն: Անոնք կը խօսին նաեւ խնայողութեան մասին` ըսելով, որ պետական պիւտճէէն նպաստներ տրամադրելով` ապահովագրութեան ընկերութիւնները կը շահին, մինչդեռ իրենք կը նախընտրեն ուղղակի քաղաքացիներուն գումարներ տրամադրել: Այսպիսով, անոնք կը նախատեսեն տասը տարուան մէջ շուրջ 35 միլիառ տոլար խնայել: Ծալքերուն ծանօթներ կը հակազդեն` ըսելով, որ պետական նպաստի ջնջման պատճառով, անմիջական ապագային, այսինքն` ամիս մը ետք, 24 միլիոն քաղաքացիներ պիտի զրկուին ապահովագրութիւն «գնելու» կարելիութենէն, իսկ յառաջիկային, ամէն տարի շուրջ 100 հազար քաղաքացիներ պիտի զրկուին ապահովագրութիւն ունենալու միջոցներէն(*): Այլապէս, կը վտանգուին Ընկերային ապահովագրութեան պիւտճէները (ծանօթ` «մետիքեր» եւ «մետիքէյտ» անուններով), որոնցմէ կ՛օգտուին հանգստեան կոչուածները, հարկադրաբար (օրինակի համար` արկածի պատճառով) անգործ դարձածներ եւ չափազանց սահմանափակ եկամուտ ունեցողները:
Քիչ մը աւելի խորը թափանցողները կը հաւաստեն, որ հանրապետականներու առաջադրած դրութիւնը, ըստ էութեան, ապահովագրուելու իրաւունքը կը վերապահէ մեծ եկամուտ ունեցողներու, որոնք այլապէս ալ պիտի «թեթեւցնեն» իրենց տուրքերը:
Շպարողներու շարքին է նոյնինքն նախագահ Թրամփ, որ չորեքշաբթի երեկոյ հրապարակ եկաւ միայն մէկ օր առաջ յայտարարուած մամլոյ ասուլիսով մը (տարօրինակօրէն խօսեցաւ միայն… 20 վայրկեան): Ան հաւաստեց, որ տնտեսութիւնը բարելաւման ճամբու մէջ մտած է, ըստ սովորութեան, «նախկինները», մասնաւորաբար նախագահ Պայտընը մեղադրեց երկիրը անկումի սեմին հասցուցած ըլլալու յանցանքով: Ըստ իրեն, բարելաւման նշաններ են` սպառողական ապրանքներու գիներուն մօտալուտ նահանջը, սղաճին դանդաղումը, բնակարաններու գիներուն մօտալուտ նահանջը եւ այլն, խոստացաւ բանակայիններուն 1.776 տոլարի պարգեւավճար կատարել տարեսկիզբին (ընդամէնը` 2.6 միլիառ տոլար): Չմոռցաւ յայտարարել, թէ իր հաստատած տուրքերը կը նպաստեն տնտեսութեան, թէ` օտար ընկերութիւններէ շուրջ 18 թրիլիոն տոլարի ներդրումի խոստումներ ապահոված է (իսկ թէ խոստումը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ` մէկ հարց, երկրորդ հարց` այդ գումարներէն որքա՞ն օգուտ պիտի ունենայ պետութիւնը, որուն պարտքերը կը մօտենան 38 թրիլիոնի…): Իրատեսներ կ’ըսեն, որ այս մարդը իր ոտքերը կտրած է իրական-իրականութիւններու գետինէն ու կը խօսի ցնորքներու լեզուով (միակը չէ…):
Վերցնենք Շպարները
Եթէ պահ մը փորձենք վերցնել այս ու նման շպարներ, ի յայտ կու գայ բոլորովին այլ պատկեր, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ տնտեսութեան ու ընկերային վիճակներու նահանջ, անկում:
Դարձեալ դիմենք լաւատեղեակ աղբիւրներու, որոնց շարքին` նոյնինքն պետական պատկան սպասարկութիւններ:
Ապրուստի սղութեան ցուցանիշները գորշ են: Առանց վիճակագրութիւններուն սպասելու` քաղաքացին կը տեսնէ, իր գրպանին վրայ կը զգայ, թէ սպառողական ամէնէն տարրական կարիքներուն համար պէտք է վճարէ շա՛տ աւելի, քան` քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի առաջ: Սղաճի ցուցանիշները պերճախօս են: Տասը տարի առաջ անիկա 0,7 առ հարիւր էր, յաջորդ տարիներուն ելեւէջներ տեղի ունեցան, հսկայական ոստում արձանագրուեցաւ համաճարակին պատճառով (7 առ հարիւր` 2021-ին, 6,5 առ հարիւր` 2022-ին), յետոյ` դանդաղ անկում: Ներկայիս անիկա կը գնահատուի 3 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ:
Անգործներու թիւերն ալ փայլուն հորիզոններ չեն պարզեր: Քանի մը օր առաջ հաղորդուեցաւ, որ նոյեմբերին գործազուրկ դարձողներուն թիւը 65 հազարով աւելի է, քան` գործ ապահովողներուն թիւը: Եթէ այս պատկերին վրայ աւելնան նախագահին ըստ կամս հաստատած տուրքերուն հետեւանքները, հաւանական կը նկատուի, որ տարեսկիզբէն անդին ապրուստի սղութեան սլաքը (նաեւ այլ սլաքներ) դէպի վեր պիտի շարժին:
Ընտրական Հաշիւներ
Ըստ էութեան, տնտեսական եւ ընկերային վիճակները իբրեւ առանցք (եւ մրցակցութեան նիւթ) ունեցող քաղաքական հակառակորդները այս խաղը կը խաղան ո՛չ միայն ապահովագրութեան եւ յարակից հարցերու լուծումներ որոնելու մտահոգութեամբ, այլ անոնցմէ անդին` կան… ընտրական մտահոգութիւններ:
Նախագահ Թրամփի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում արձանագրած է, իջած է 33 առ հարիւրի: Իրեն քուէարկողներէն շատեր արդէն զղջացած են, անկէ հեռաւորութիւն կը պահեն մինչեւ իսկ կուսակցական հետեւորդներ: Ընտրական մտահոգութիւններ ունին մանաւանդ այն երեսփոխանները, որոնք գիտեն, թէ տարի մը ետք իրենց անունները պիտի ըլլան քուէաթերթիկներու վրայ: Վերջին օրերուն նմաններ տեսնուեցան «լարախաղացներու» ցուցակին վրայ: Այլ խօսքով, թէ՛ նախագահը, թէ՛ իր կողքին կանգնողները այս թղթածրարները կը գործածեն իբրեւ ընտրական խաղաքարտ, նաեւ… շոգիի ամպերու ետին պահելու զիրենք այլապէս հալածող տագնապներ (որոնց շարքին` չարաշահութեան եւ անբարոյական արարքներու մէջ գտնուած ըլլալու մեղադրանքները, օրէնքի աղաղակող խախտումները…):
Մէկ խօսքով, եթէ շպարները վերցուին, յստակ կը դառնայ նաեւ պատասխանը այն հարցումին, թէ խորհրդարանի երկու տուներուն անդամները (գոնէ մեծամասնութիւն մը) ի վերջոյ որո՞ւ շահերը կը պաշտպանեն, որո՞նց շահակից են (կամակատարը վարկաբեկի՞չ բառ է), մինչդեռ անոնք ընտրուած են ժողովուրդին քուէով` պաշտպանելու եւ ապահովելու համար անոր շահը, նոյնինքն սահմանադրութի՛ւնը, որ այլապէս խաղալիք դարձած է նախագահին եւ իր կարգ մը գործակիցներուն ձեռքին, երկիրը առաւելաբար կը կառավարուի նախագահական հրամանագիրներով ու հրահանգներով (խաղաղասէրը նոր պատերազմներու դաշտեր կը պատրաստէ):
Իսկ Հայաստանի՞ Մէջ
Վերի տեղեկութիւնները արձանագրելու պահուն, մեր մտապատկերի յետին պաստառին վրայ կար մեր հայրենիքը: Թէեւ ուղղակի ակնարկութիւններ չըրինք, սակայն ընթերցողը վստահաբար տեսաւ բազմաթիւ նմանութիւններ, զուգահեռներ, գիտէ, թէ Երեւանի իշխանութիւնն ալ նման աճպարարութիւններու եւ շպարումի «շքերթներ» կը հրամցնէ ժողովուրդին, որ կրնայ պահ մը մանուկի պէս հրճուիլ լուսազարդուած տօնածառերով, սակայն մորթին վրայ կը զգայ դաժան իրականութիւններու խայթոցները:
Արձանագրենք մէկ քանի փաստ` քաղելով հայրենի լրատու աղբիւրներէ:
Ապրուստի` տարրական սննդամթերքի եւ այլ պէտքերու սղութեան ալիքը սկսած է նմանիլ իրերայաջորդ ցունամիներու: Կայ նաեւ ապահովագրութեան գիներու բարձրացումը` առողջութեան ու ինքնաշարժներու կալուածներուն մէջ, նմանապէս կախուած` սահմանափակ եկամուտով ու աշխատող քաղաքացիներու գլուխներու վերեւ: Կ՛արժէ յիշեցնել, որ «քալողներու» կառավարութեան ստեղծած առաջին վատ ցնցումը կուտակայիններու թղթածրարին պատճառով էր (7 տարի առաջ)…
Այս սիւնակին մէջ, եկէ՛ք, չմտնենք քաղաքական յելուզակութիւններու դաշտը, այլ միայն յիշեցնենք, որ ընդդիմադիրներու դէմ ճնշումի, հայրենիքի պաշտպաններու դէմ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու քայլերը, յաճախ` ոստիկան ուժերու գործակատարութեամբ, նմանութեան որոշ գիծեր ունին ամերիկեան դաշտին մէջ տեղի ունեցողներու հետ, որովհետեւ հոն ալ իշխանաւորը իր հեղինակութիւնը եւ կամայականութիւնները պարտադրելու համար գործի կը լծէ բանակայինները… Երեւանի մէջ, ընդդիմադիրներու բանտարկութիւնը, Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները (նորագոյնը` Փաշինեանի հետ տեսակցած 10 կրօնաւորներու «արշաւն» էր դէպի Էջմիածին, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան, ոստիկաններու ստուար թիւի մը պաշտպանութեան տակ) դարձած են սովորական, յաճախ կը դիմաւորուին… անտարբերութեամբ, «Մենք քաղաքականութեան մէջ չենք ուզեր մտնել» խուսափողականով:
Ամերիկեան դաշտերու մէջ պատահածներուն հայկական զուգահեռները արդեօք որոշ մարդոց մտքին մէջ կը ստեղծէ՞ այն բերկրանքը, թէ` «Ի՜նչ լաւ, մեր երկրին մէջ ալ տեղի կ՛ունենան ցանկալի՜ Ամերիկային մէջ եղածներուն նմանները»: Յամենայն դէպս, անոնց կողքին, կան նաեւ… անզուգական «իրագործումներ»: Օրինակ, բանակին ծառայութեան ժամանակաշրջանի կրճատումը… ընտրական հաշիւներով, Ազրպէյճանի վրայով ցորենի ու վառելանիւթի մատակարարումը, որուն ետին կ՛երեւին ընտրական «կոտոշ»-ներ: Իսկ թէ 2026 տարին ինչպիսի՜ անզուգական «բարիքներ» պիտի բերէ մեր հայրենիքին ու ազգին` պէտք է նամակով մը հարցումներ ուղղել շուտով հասնելիք Կաղանդ պապուկին, թէեւ իշխանականները որոշ «կոտոշներ» բացայայտած են` թուրք-ազերիական պահանջներու դիմաց նոր զիջումներ կատարելու եւ… ցնորական խաղաղութիւն հետապնդելու իմաստով:
Մէկ բան բացորոշ է. ժողովուրդը հիմա զգաստութեան եւ հայրենիքի շահերուն պաշտպանութեան որոշ նշաններ ի յայտ կը բերէ. Էջմիածինի տաճարի շրջափակին մէջ հինգշաբթի պատահածը` ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏՆԱՊ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ կեցուածքը, նախանշան մըն էր:
… ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս օրերուն կը տօնէ իր հիմնադրութեան 135-րդ տարեդարձը: Ամէն տեղ կը հնչէ կուսակցութեան քայլերգը, որուն իւրաքանչիւր տողը, եւ ո՛չ միայն` «շահագործող ցեցեր վատնեն»-ը, անժամանցելի հնչեղութիւն ու պատգամ ունի մի՛շտ:
18 դեկտեմբեր 2025
(*) Պէտք կա՞յ մանրամասնելու, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ նման երկիրներու մէջ ապահովագրութիւն չունենալը նախադուռն է սնանկացումի ու տնազրկումի, իսկ թէ ապահովագրեալները ինչպիսի՞ խաղերու կամ խաղքութիւններու խաղալիք կ’ըլլան երբեմն` բոլորովին այլ հարց: Մայքըլ Մուրի հետեւեալ վաւերագրական ժապաւէնը (2007) լուսաբանող է. https://youtu.be/YbEQ7acb0IE?si=FcmlMMRenkeQS3vY


