Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Ֆրանսայի Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Կազմերու Սեմինար

December 22, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆրանսայի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, դեկտեմբեր 6-ին եւ 7-ին Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան` վարիչներ, օգնական վարիչներ եւ վարիչ ըլլալու պատրաստուող երիտասարդներ:

Շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին սեմինարի բացումը կատարուեցաւ  «Մշակ, բանուոր» քայլերգով: Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի ԸՎՄ-ի ատենապետ  Սագօ Արապօղլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք  ներկաներուն, ներկայացուց սեմինարի կազմակերպման նպատակը եւ օրակարգը: Ան նաեւ  ներկայացուց Ֆրանսայի ԸՎՄ-ի խորհրդանշանը, որուն բաղկացուցիչ տարրերն են` Արարատը, մայիսեան յաղթանակի զանգակատունը, ջահը եւ Հայաստանի դրօշակը:

Առաջին զեկուցաբերն էր Լենա Արապօղլեան, որ սահիկներու միջոցով ներկայացուց ՀՅԴ-ի համառօտ պատմութիւնը` շեշտը դնելով իւրաքանչիւր փուլի դէմքի կամ դէպքի բարոյական յատկանիշներուն վրայ, որոնց շնորհիւ Դաշնակցութիւնը կրցած է յաղթահարել իրեն դէմ ցցուած բոլոր խոչընդոտները եւ իր հիմնադրութենէն 135  տարի ետք տակաւին կը մնայ պատնէշի վրայ:

Ապա սեմինարին միացան Մարսէյի շրջանի հին վարիչներէն` Մարիլին Պասմաճեան, Մարիամ Յուսիկեան, Յակոբ Պասմաճեան եւ Ժան Ժինեան, որոնք ներկաներուն պատմեցին իրենց փորձառութիւններէն ու կատարեցին առաջարկները:

Իր խօսքը արտասանեց նաեւ Մարսէյի «Մարուխեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Աֆարեան Սագօ:

Կէսօրուան ճաշէն ետք մասնակիցներ ունեցան զեկուցում-զրոյց մը` «Ի՞նչ է հերթական ժողովին նպատակը, ո՞վ է վարիչը (պարտաւորութիւն / իրաւունք) եւ ո՞վ է պատանին» նիւթերուն շուրջ:  Զրուցավարն էր Լենա Արապօղլեան:

Երրորդ զեկոյցով Ցոլին Ժինեան ներկայացուց «Պատանին Ֆրանսայի մէջ» նիւթը` շեշտը դնելով պատանեկան տարիքին համար ֆրանսական պետութեան սահմանած օրէնքներուն եւ իրաւունքներուն վրայ:

Օրակարգի յաջորդ կէտով քննարկուեցաւ Ֆրանսայի պատանեկան միութիւններու կանոնագիրը եւ ներկաները քննարկեցին զայն կէտ առ կէտ:

Կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան նախաճաշէն ետք «Ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը» նիւթը հանգամանօրէն ներկայացուց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ նաեւ անդրադարձաւ հայութեան ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց կանոնագիր ու խորհրդանշան ունենալու եւ վարիչներու սեմինար կազմակերպելու ԸՎՄ-ի ջանքերը` շեշտելով, որ պատանեկան միութիւնները կը մնան Դաշնակցութեան ապագայի հզօր երաշխիքը:

Հարցերու, դժուարութիւններու եւ առաջարկներու քննարկումէն ետք ներկաները միասին ճաշեցին ու սեմինարէն բաժնուեցան դրական տրամադրութիւններով ու նոր գիտելիքներով:

ՀՅԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Հանդիպում Հայրենիքէն Ժամանած Աստուածաբան Եւ Արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանի Հետ

Յաջորդը

Հաւատարմութեան Գագաթնակէտը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Գաղութէ Գաղութ

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

December 30, 2025
Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ  Չեն Արձանագրուած
Գաղութէ Գաղութ

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ Չեն Արձանագրուած

December 24, 2025
Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի  Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք

December 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.