Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Սեմին` Սուգ, Յիշատակ Եւ Արցախի Համար Պայքարի Ոգի

December 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՐԷՅ ԺԸՄՄՕ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Նոր տարին կը մօտենայ, եւ այս օրերուն մեր միտքը անպայման կ՛ուղղուի դէպի Արցախ` մեր հայրենիքը, մեր յուշերը, մեր ժողովուրդին հոգին: Արցախցին միշտ ծանօթ է իր տոկունութեամբ , արժանապատուութեամբ եւ հողին հանդէպ ունեցած անխախտ սիրով: Դարեր շարունակ անոր աւանդութիւնները եւ հաւատքը կերտած են փոքր, բայց անպարտելի ոգի ունեցող ժողովուրդ մը:

Այսօր սակայն, երբ Նոր տարին կը դիմաւորենք, մեր սրտին մէջ ծանր իրականութիւն մը կայ, արդէն իսկ Արցախի ժողովուրդը հեռացուած է իր տուներէն, ցրուած է Հայաստանի եւ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ: Ամէն անցնող տարի մեզի կը յիշեցնէ այն, ինչ որ կորսնցուցինք` գիւղեր, տուներ, դպրոցներ եւ այն պատկանելիութեան զգացումը, որ միշտ մեզի ուժ ներշնչած էր: Բայց միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնէ, որ մենք երբեք չենք կորսնցուցած Արցախի ժողովուրդի ինքնութիւնը եւ անոր անմահ ոգին:

Հազարաւոր արցախահայ ընտանիքներ, որոնք ժամանակ մը Սուրբ Ծնունդը եւ Նոր տարին կը դիմաւորէին իրենց տուներուն մէջ` շրջապատուած ընտանեկան ջերմութեամբ, այսօր ցրուած են օտար քաղաքներու մէջ եւ մատնուած են անորոշ վիճակի: Այն տուները, ուր տարիներով կը հաւաքուէին մեծերն ու փոքրերը, ուր սեղանները լեցուն էին տօնական ուտեստեղէնով, երգերով եւ աղօթքներով, այսօր լուռ են ու ամայի: Արցախցին այսօր չի կրնար Նոր տարին դիմաւորել իր տան մէջ, չի կրնար հարազատ սարերուն շունչը զգալ, եւ այս բացակայութիւնը միայն սահմաններու վրայ գծուած գիծ մը չէ, այլ` հոգեւոր ցաւ, որ ոչ մէկ իշխանութիւն պէտք է պարտադրէ ժողովուրդի մը:

Միեւնոյն ժամանակ , այս ցաւալի իրականութեան կողքին, կը հնչեն իշխանութեան կողմէ արտասանուած խօսքեր, որոնք շատերուն սրտին մէջ խոր վիրաւորանք կը ձգեն: Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը թուին ոչ թէ խաղաղութեան ուղի, այլ` անարդար համեմատութիւն մը: Արցախի ժողովուրդը տարիներ ապրած է ահաբեկումի վիճակին մէջ եւ ի վերջոյ, բռնի տեղահանութիւն: Կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ` առանց յիշելու այդ անարդարութիւնը, առանց գիտնալու, թէ խաղաղութեան իրական գինը ո՛վ վճարած է, եւ ներկայիս որո՛ւ հաշուոյն կ՛ըլլան այդ բոլորը: Խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ մոռացութեան վրայ եւ ան չի կրնար ծնիլ միակողմանի զիջումներու ճամբով, երբ մէկ կողմը ամբողջովին անտեսուած է, իսկ միւս կողմը մնայուն պահանջներ կը դնէ:

Նիկոլ Փաշինեանը թող զարդարէ Հայաստանը, որքան որ կը փափաքի, սակայն ան չի կրնար վերցնել իւրաքանչիւր արցախցիի մէջ տակաւին թարմ սուգն ու տառապանքը:

Նոր տարուան սեմին մեր սրտին մէջ հաւասար չափով սուգ եւ յոյս կայ: Սուգ` մեր հայրենիքէն հեռու ապրելու պարտադրանքէն, բայց նաեւ յոյս` արդարութեան, վերակառուցման եւ վերադարձի օրուան: Նոր տարին մեզի համար միայն օրացոյցի վրայ փոխուող թուական չէ, այլ` նոր երազանք մը, մեր միասնական համոզումը, որ Արցախը կը շարունակէ ապրիլ իր ժողովուրդին մէջ, իսկ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պայքարիլ իր գոյութեան, իր յիշողութեան եւ իր վերադարձի իրաւունքի համար:

 

 

Նախորդը

Յոյսի Զարթօնք

Յաջորդը

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.