Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակն Ալ Գնաց…

December 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Դժուար է հաշտուիլ սիրելի բարեկամի մը, հայ լեզուի իրական մշակի մը անսպասելի կորուստին հետ։ Իր յառաջացած տարիքի հանգրուանին, անոր աշխուժութիւնը մշտական աշխատանքին թափը եւ հայ լեզուին մասին շաբաթական առաքումները երբեք մտածել չէին տար, թէ երկվայրկեան մը կրնայ հասնիլ, երբ յոգնութիւն չգիտցող Արմենակ Եղիայեանի սիրտը կրնայ դադրիլ բաբախելէ` սուգի մատնելով իրեն լաւապէս ծանօթացած, բայց նաեւ իր նկարագրային իւրայատկութիւններուն ու բծախնդրութեան քաջ ծանօթ ընթերցողներն ու բարեկամները։
Յաճախակի էին մեր զրոյցները հայ լեզուի ու մամուլի հարուստ գանձարանին մասին։ Իր լեցուն առօրեային մէջ անպայման ժամանակ պիտի տրամադրէր բացատրելու եւ վերլուծելու հայերէնի խօսակցական եւ գրական ծալքերը` յաճախ ազնուօրէն մատնանշելով թերիներ կամ սխալական սպրդումներ, որոնք կը նշմարէր թերթի հետեւողական ընթերցումին մէջէն։ Անոր երբեմն խիստ մատնանշումներուն մէջ չկար կշտամբանք, այլ սրտցաւ ուսուցիչի մը տագնապը՝ տեսնել հայ լեզուի կարեւոր հիմնասիւներէն մէկը հանդիսացող կռուանը՝ հայ մամուլը, իր խորքային արժէքին մէջ, ուր խմբագիր կամ յօդուածագիր պարտին ամենայն զգուշութեամբ ու արժանապատուութեամբ տիրութիւն կատարել հայ ոսկեղենիկ բարբառի անաղարտ արտայայտութեան ու մաքրամաքուր գործածութեան վրայ։
Արմենակ Եղիայեան մեր նորագոյն մտաւորական հոլովոյթին մէջ եզակի տեղ գրաւած անուն մըն է։ Ան որպէս լեզուաբան եւ գրականագէտ` հանդիսացաւ մտաւոր պայքարին ամբողջական ու միահամուռ մարմնացումը։ Անոր աշխատանքը, որ տասնամեակներ շարունակ տարածուեցաւ գիտական, կրթական եւ մշակութային բազմաշերտ փորձադաշտերու վրայ, այսօր արդէն վերածուած է անգնահատելի ժառանգութեան մը՝ յատկապէս հայ քերականութեան, բառամշակումի եւ հայ լեզուի արդի ընկալման համար։ Արեւմտահայերէնի ճշգրիտ, մաքրազտուած ու զգաստ գործածութեան մէջ Եղիայեան եղաւ այն սակաւաթիւ դէմքերէն մէկը, որ ցցուն խիզախութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով պայքարեցաւ լեզուականութեան արժեւորումին ու հայ լեզուին ընդմէջէն ցեղային ինքնութեան ամրացման համար։
Եղիայեանի գործին առանցքը եղաւ լեզուն՝ նախ որպէս հաղորդակցական միջոց, ապա` իբրեւ ամբողջական մշակոյթ։ Ան մշտապէս ընդգծեց, որ լեզուն ազգային գոյատեւման հիմքն է, իսկ լեզուական անփութութիւնը՝ մշակութային քայքայման սկիզբ։ Յատկապէս արեւմտահայերէնին համար, որ այսօր դժուար պայմաններու մէջ կը շարունակէ իր գոյամարտը, անոր հետազօտական, բառարանային եւ վերլուծական աշխատանքները դարձան անփոխարինելի սիւներ։ Եղիայեան իր գրած գիտական ուսումնասիրութիւններով վեր հանեց յաճախ մոռցուած կամ անտեսուած քերականական կանոններն եւ բառարմատները, ինչպէս նաեւ բացատրեց անոնց կենդանի տեղն ու արդիական գործածութիւնը։ Ան միաժամանակ իբրեւ աւանդութեան կրող եւ նոր տեսիլքի մշակ` դիւրահաղորդ ճարտարութեամբ կապեց անցեալը ներկային ու ապագային` բանալով հայկական ոսկեդարեայ գանձերու գեղեցկութիւնը ընթերցողին առջեւ։
Եղիայեանի կոթողական ժառանգութիւնը պէտք է դիտարկել իր անդուլ մտայղացման մէջ։ Գրականութեան եւ լեզուագիտութեան միջեւ մշտապէս մատնանշեց յարաբերական այն թելը, որ կը կապէ լեզուի հարստութիւնը գրական ստեղծագործական աշխարհին հետ։ Եղիայեանի աշխարհայեացքին մէջ լեզուն, առանց գեղարուեստի, կը մեռնի, իսկ գեղարուեստը առանց լեզուական ճշգրտութեան` կը տկարանայ։ Այսպէս, ան իր ստեղծագործական եւ քննադատական գործին մէջ մշտապէս շարունակեց բարձրաձայնել գրական որակի, ճշգրիտ շարահիւսութեան եւ հայեցի մտածողութեան կենսական նշանակութիւնը։
Արմենակ Եղիայեան կերտեց ժառանգութիւն մը, որ իր գիտական արժէքէն անդին անցնելով, կը դառնայ պատգամ` հայակրթութեան դժուարին առաքելութեան մէջ սիրտ ու հոգի մաշեցնող կրթական մշակներուն համար։ Անոր պատրաստած դասագիրքերը, գրաւոր դասախօսութիւնները եւ բառերու աշխարհի որոնումը կը շարունակեն ներշնչել նոր սերունդները՝ խրախուսելով լեզուն սիրել, մշակել ու մաքրել։ Հայ դպրութեան անդաստանէն ներս Եղիայեան այլեւս դարձած է խորհրդանիշ մը՝ մշտապէս յիշեցնելով, որ հայերէնը սոսկ լեզու մը չէ, այլ` իւրաքանչիւր հայորդիին տունը, ինքնութեան արմատը եւ գոյատեւման գերագոյն պատասխանատուութիւնը։
Բիւր յարգանք՝ իր անմոռաց յիշատակին ու կոթողական գործին։
Նախորդը

Վկայաբերութեան, Տեսաբերութեան Ու Պերճաբերութեան. Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

Յաջորդը

Կորսնցուցինք…

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.