Յօդուածներ

Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

 ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ընթերցողին: «Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը`...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Անկրկնելի Հալէպը. Անծանօթ Զինուորները

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Սուրիահայ գաղութի ծաղկումը մնայուն նպատակը եղած է այդ երկրի ջուրը խմած եւ օդը շնչած բոլոր հայորդիներուն: Նորահաս սերունդները, որոնք կը վայելեն մեր ակումբներն ու  բանակավայրերը, ընդհանրապէս ծանօթ չեն, թէ ի՜նչ ի՛նչ զոհողութիւններով  մեր միութիւնները սեփականատէր եղած են այդ անշարժ գոյքերուն: Դիմատետրի վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ երիտասարդական միութեան բանակումէն համայնապատկեր մը` Քեսապ, Էքիզօլուքի բարձունքին, Աճամի  շրջանը,  ՀՄԸՄ-ի  բանակավայրէն ներս:...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Արցախից Յետոյ, Թէկուզ Ջրհեղե՞ղ…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթուայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ սպասելի էր ողջ տարածաշրջանի ինչպէս եւ միջազգային աշխարհաքաղաքական սթաթիւս քուոն փոխուելու էր ըստ ներկայիս աննպաստ ու սպառնալից իրավիճակի: Փաստօրէն այդ կորուստը ոչ միայն ծանրագոյն ու ճակատագրական վնաս է պատճառել մեզ` աշխարհասփիւռ հայութեանն ու Հայաստանի պետականութեանը, այլեւ անմիջականօրէն ներուժ ու ներգործուն սպառնալիքների դուռ է բացել հարեւան ԻԻՀ-ի ու...

Արեւմտահայերէնով Զարգանալու Նոր Վայր Մը` «Զարցա՜նց»

Արեւմտահայերէնով Զարգանալու Նոր Վայր Մը` «Զարցա՜նց»

Կը մեկնարկենք «Զարցանց»-ը` արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու դիմաց: Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ: Ծրագիրը պիտի սկսի 20 սեպտեմբեր  2026-ին: «Զարցանց»-էն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր մանուկները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան` արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, միտքեր փոխանակելու, ստեղծելու,...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Նախաձեռնութեամբ, Չորս Կարեւոր Հրատարակութիւններ` Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը Լուսարձակի Տակ Առնելու Համար

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Նախաձեռնութեամբ, Չորս Կարեւոր Հրատարակութիւններ` Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը Լուսարձակի Տակ Առնելու Համար

Այս տարուան մայիսին Վատիկա կատարած այցելութեան ընթացքին Արամ Ա. վեհափառը Արցախի հայկական եկեղեցիներուն պատկերները բովանդակող երկու հատորներ նուիրեց Վատիկանի վարչապետին, Պապէն ետք երկրորդ կարեւոր անձը նկատուող Քարտինալ Փարոլինին: Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, փաստագրումը, արժեւորումն ու հանրութեան ներկայացումը վերջին տարիներուն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը դարձած է: Արցախի շրջափակման, ապա` ամբողջական հայաթափման եւ բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, երբ...

Ֆիզիքական Եւ Հոգեւոր Ուղեւորութիւն «Դէպի Արմատներ»

Ֆիզիքական Եւ Հոգեւոր Ուղեւորութիւն «Դէպի Արմատներ»

ՏՕՆԻԿ Տ. «Դէպի արմատներ»-ը ֆիզիքական ճամբորդութիւն մը չէր միայն: Անիկա Հայաստանը (արեւմտեան մասը) ճանչնալու կողքին, դէպի ընտանեկան պատկանելիութեան զգացումի, պատմական յիշողութեան, վայրերու հարազատութեան, հողին արժանապատիւ վերադարձի,  անկոտրում եւ յամառ կառչածութեան եւ բազմաթիւ այլ զգացումներու դրսեւորումն էր, արմատախիլ եղած հոգիի մը (կամ բազմաթիւ) վերադարձն է անոր ներաշխարհ: Անշուշտ վերեւ նշուած իւրաքանչիւր «վերադարձ»-ի (ընտանեկան պատկանելիութեան զգացումի... եւ այլն) մասին կարելի է առանձին...

Տպաւորութիւններ Եւ Ապրումներ

Տպաւորութիւններ Եւ Ապրումներ

Շուրջ 8-9 տարի սպասած էի Արեւմտեան Հայաստան այցելելու  առիթի մը: Այս ուխտերթը ինծի համար դարձաւ խորապէս յուզիչ եւ հոգեւոր ապրում: Մօտէն ծանօթանալով մեր նախնիներու հողին, սրբավայրերուն եւ տակաւին կանգուն ազգային ու մշակութային ժառանգութեան մնացորդներուն` զգացի մեր արմատներուն հետ ունեցած խորունկ կապս: Այս ուխտերթը ինծի համար պարզ այցելութիւն մը չէր, այլ վերադարձ մը` դէպի մեր պատմութեան, մեր կարօտաբաղձեալ հողին ու ջուրին,...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Փաշինեանը Կ՛ուզէ Հայաստանը Վերածել Առանց Հայերու Երկրի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան 1915 թուականի իր նամակներուն մէջ կը գրէր հայերու ամբողջական բնաջնջման հրէշային ծրագիրին մասին. «Կ՛ուզէինք մէկ հայ ողջ ձգել, այն ալ… թանգարանին մէջ»: Եթէ Հայաստանի մէջ ընթացող աղիտալի զարգացումները շարունակուին, ապա այն, ինչ որ Թալէաթ չյաջողեցաւ ամբողջութեամբ իրականացնել, իր լրումին պիտի հասցնէ Հայաստանի կառավարութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Արսէն Թորոսեանը մայիսին...

Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն Է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը

Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն Է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չորս կլոր սեղաններու քննարկումներուն ամփոփումը յառաջիկայ մեր թիւերով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: Այս համառօտագիրները կ՛անդրադառնան` սփիւռքի դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համազգային կազմակերպման հիմնական մարտահրաւէրներուն ու հեռանկարներուն:  Անոնք միայն քննարկումներու արձանագրութիւններ չեն, այլ նաեւ փորձ մը` համակարգելու սփիւռքի առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրները եւ նախանշելու ապագայի ռազմավարական, քաղաքական, կրթական ու կազմակերպչական...

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար.  Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար. Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու ս. պատարագը կատարուեցաւ կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն` նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարք հօր: Պատարագին մասնակցեցան նաեւ արտասահմանէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն ուխտաւորներու խումբեր: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին պատրիարքը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը Վանի նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար կղզի: Ժամը 10:30-ին կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Մեսրոպ...

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

Հարցազրոյց` «Դրօշակ»-ի Խմբագիր Արտաշէս Շահբազեանի Հետ  Հարցազրոյցը վարեց ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ.- Սովորական երեւոյթ չէ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի խմբագրին հետ հարցազրոյց մը` իր խմբագրած նոյն թերթին իսկ մէջ: Սակայն 2026 թուականը յոբելենական է «Դրօշակ»-ի համար, ինչ որ անկասկած կ՛արդարացնէ նման հարցազրոյցի մը գաղափարը: Բայց նախ քան թերթին մասին խօսիլդ, Արտաշէս, կ՛ուզէի սկսիլ քու հեւքոտ աշխատանքէն, որուն վկան եմ ես հեռուէ հեռու: Ինչպէ՞ս կը...

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

Ր.Ս.Դ. ՊԵՏԵԱՆ Օրէնքի գերակայութեան եւ օրէնքով կառավարելու միջեւ էական տարբերութիւն կայ։ Առաջինը ժողովրդավարական կարգի հիմքն է, իսկ երկրորդին պարագային օրէնքը կրնայ վերածուիլ իշխանութեան ձեռքին քաղաքական գործիքի։ Օրէնքի գերակայութիւն կը նշանակէ, որ բոլորը՝ նախագահէն ու վարչապետէն մինչեւ ոստիկանն ու դատաւորը, ենթակայ են միեւնոյն օրէնքներուն։ Օրէնքը պէտք է հաւասարապէս կիրարկուի բոլորին նկատմամբ, իսկ անկախ դատարանները պէտք է ի վիճակի ըլլան զսպելու նաեւ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պայքարին Այլընտրանք Չկայ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պայքարին Այլընտրանք Չկայ

2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններում վերարտադրուելու համար Նիկոլ Փաշինեանը մեծ խաղադրոյք կատարեց, եւ այժմ եկել է այդ մեծ գինը վճարելու ժամանակը: Խօսքն այս դէպքում այն մասին չէ, որ պաշտօնը եւ դրանից բխող անձնական անձեռնմխելիութեան երաշխիքները պաշտպանելու համար Փաշինեանը դիմեց ընտրական խարդախութիւնների, շանթաժի, սպառնալիքների ու մրցակիցների հետապնդումների` բացայայտելով ժողովրդական առաջնորդի, արդարութեան մարտիկի պատկերի քաղաքական ողջ սնանկութիւնը: Երկրի ղեկավարը ընդգծուած արկածախնդրական վարք դրսեւորեց...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի ընթացիկ տարուան 8-րդ թիւը, որուն մէջ բազմազան նիւթերու շարքին հիմնական տեղ կը գրաւեն ազգային-պետական տագնապալի կեանքին նուիրուած վերլուծական բնոյթի յօդուածները: Պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ը քննութեան նիւթ կը դարձնէ բեռը այն խնդիրներուն, որոնք այսօր ծառացած են զարտուղի ուղիներով սեփական իշխանութեան վերարտադրութիւնը ապահոված երկրի ղեկավարի ուսերուն: «Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ արեւելագէտ Լիանա Պետրոսեանի հրապարակած յօդուածի խորագիրը կը յուշէ արծարծուած նիւթի...

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ քաջաբար պայքարած են բռնակալ վարչակարգերու եւ կառավարիչներու դէմ` մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան համար նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհաբերելով:' Ն. Օսքար Ռոմերօ արքեպիսկոպոս (Էլ Սալվատոր) Զինուորականներու գլխաւորած վարչակարգը Սալվատորի մէջ բռնապետութիւն հաստատած էր: Ռոմերօ արքեպիսկոպոս, որ նախապէս պահպանողական էր, դարձաւ  աղքատներու կրքոտ պաշտպան` պետութեան կողմէ հովանաւորուող լայնածաւալ բռնութեան եւ սպանութիւններու ականատես ըլլալէ...

Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր Մտերմութեան Հետքերով

Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր Մտերմութեան Հետքերով

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի մէջ 22-24 յուլիս 2026-ին կայացաւ 3-րդ Հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին, եւ որ` համախմբեց աշխարհի 16 երկիրներու առաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մասնագէտներն ու հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ: Առ այդ, նպատակայարմար նկատեցինք համեստ ուսումնասիրութեամբ մը լուսարձակի տակ առնել Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան հիմնադիր Աբրահամ Ա....

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Երազներու Գերեզմանը

ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր անձ, զանազան երկիրներու մէջ ծնած, տարբեր միջավայրերու մէջ ապրած, յատուկ տարիքի մը` երազներ կ’ունենայ... Ըլլայ այդ մէկը մանկապարտէզի, կամ յետոյ` դպրոցի եւ համալսարանի տարիներուն. ամէն անձ իր երազը եւ փափաքը կ’ունենայ` թէ ի՞նչ կ’ուզէ ընել կամ ըլլալ ապագային: Մարդկութեան բնական ընթացք մըն է այս: Փափաքներէն ամէնէն կարեւորը` իրեն յարմար թուացող գործ մը ունենալ...

Հայուն Խաչքարը

Հայուն Խաչքարը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»: Օգոստոս 2026, Պուտվա, Մոնթենեկրօ: Պուտվան կը գտնուի Մոնթենեկրոյի մէջ եւ գեղեցիկ քաղաք մըն է Ատրիական ծովու երկայնքին: Քաղաքը ունի պատմութիւն, եւ իր կեդրոնական մասին մէջ կայ «հին քաղաք»-ը, ուր միջնադարու պարիսպները եւ նեղ փողոցները կու տան յատուկ ջերմութիւն: Կ՛ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս եղաւ, որ Մոնթենեկրօ այս այցելութեանս չհետաքրքրուեցայ, թէ...

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

Բազմամշակութային պատմութեամբ եւ հարուստ հնագիտական ժառանգութեամբ յայտնի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Ալեքսանտրեթ նահանգի (թրքական անուանումով` Հաթայ) Տորթեօլ շրջանին մէջ` Օզերլի թաղամասին, տարիներէ ի վեր անուշադրութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ մը պատմական աւերակները պահպանուած են: Կը կարծուի, թէ անոնք 1877-ին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին աւերակներն են: Այս մասին կը հաղորդէ Ermeni Haber-ը: Թէեւ կառոյցին պաշտօնական անունը տակաւին յստակ չէ, բայց եւ...

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ

Տեսակէտ. Հայ Դպրոցը. Կը Փրկենք Շէ՞նքը, Թէ՞ Կը Վերակերտենք Դպրոցը

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայկական դպրոցը սփիւռքի գոյատեւման կարեւորագոյն գործօններէն մէկը եղած է: Ցեղասպանութենէն ետք ան միայն կրթական հաստատութիւն չէր. ան լեզուի, ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան փոխանցման հիմնական միջավայրն էր: Սակայն այսօր հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ինչպէ՞ս բաց պահենք հայկական դպրոցները, այլ` ի՞նչ հայկական դպրոց կ՛ուզենք ունենալ ապագային: Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ հայկական դպրոցը կը դիմագրաւէ` աշակերտութեան նուազում,...

Page 9 of 1110 1 … 8 9 10 … 1,110

Արխիւներ