Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայաբերութեան, Տեսաբերութեան Ու Պերճաբերութեան. Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

December 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ուրախութեան, հպարտութեան ու հոգեցնծութեան զգացումներով, պէտք է դիտարկել, խորաչափել եւ արժեւորել այն կրկնածնունդներն ու վերազարթօնքները, որոնք համակած են լիբանանահայութեան ազգային-գեղարուեստական, ընկերային-ստեղծագործական, նաեւ համայնքային-հասարակական կեանքը, իրենց տարբեր գրաւիչ ու հմայիչ արտայայտութիւններով, ուղղութիւններով ու գործունէութիւններով։

Պատահակա՞ն են այս դրական տեղաշարժերը, թէ՞ հոն պէտք է փնտռել ու գտնել հիմնական ազդակներ, գնահատելի հիմունքներ ու խոստմնալի դրոյթներ։

Պէտք է հաւատալ եւ ընդունիլ, որ լիբանանահայութեան արուեստագէտ-արուեստասէր, ստեղծագործ-ստեղծագործող, մտաւորականապաշտ-մտաւորականամէտ, տեսլագէտ-տեսլաշող հատուածներն ու դասակարգերը, իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն, կողմնորոշումէն ու դիպաշարէն կը գործէ, կ’արտադրէ ու կ’արդիւնաւորէ իր յղացքները, ինչ որ, ոչ միայն հոյակապ իրագործում է, այլեւ՝ անհրաժեշտ պարտաւորութիւն մը, յօգուտ՝ հայ մտքի ու գրիչի, ներկի ու վրձինի, պատկերի ու գծանկարի արտադրողականութեան եւ յայտնաբերութեան։

Երբեք պէտք չէ ունենալ այն պատրանքը, որ լիբանանահայութիւնը, իր վերոյիշեալ տուեալներով ու շնորհքներով… նօսրացած է, թուլցած կամ լուսանցքուած, ուստի, այդ տրամաբանութեամբ ու դատողութեամբ պէտք չէ դիտել կամ կշռադատել այն հնարքները, որոնք այսօր, այն չեն, ինչ որ էին, մօտաւոր թէ հեռաւոր ժամանակներուն, այլ՝ պէտք է տիրող կացութիւնը եւ իրավիճակը համադրել, ներկայ պայմաններու անխուսափելի փոփոխութիւններով, մտայնութիւններով, հոգեբանութիւններով ու զարգացումներով։

Այլ խօսքով, կա՛յ մակընթացութիւն, բայց, կայ նաեւ յառաջդիմութիւն, կա՛յ տատանում, բայց, կա՛յ նաեւ յառաջխաղացք, կա՛յ վարանում, բայց, կա՛յ նաեւ զգաստութիւն, կա՛յ փոփոխութիւն, բայց, կա՛յ նաեւ նորութիւն։

Ինչո՞ւ այս արձանագրութիւններն ու դիտարկումները, պարզապէս ցոյց տալու համար, որ Լիբանանը անցաւ (ու կ’անցնի) գահավիժային տագնապներէ, բայց, ատիկա չի նշանակեր (ու չէ նշանակած), որ ան անձնատուր եղած է կամ նահանջած, իր գործօն եւ արդիւնաբերող ծրագիրներէն, նպատակներէն ու կերտումներէն։

Լիբանանահայութիւնը, այս առումով, հակառակ տիրող դժնդակ պայմաններուն եւ արկածային դէպքերուն, երբեք չյայտնուեցաւ «անծանօթին եւ անորոշ»ին մէջ, ընդհակառակը, միշտ մնաց կառչած իր ազգային սկզբունքներուն, քաղաքացիական պատկանելիութիւններուն եւ, ամենէն կարեւորը, իր ինքնութեան ակունքներուն։

***

Այս հպանցիկ, բայց, ոչ-անցողակի մտորումները կը խօսեցնեն ու կը զգացնեն, որ մեր շրջապատին մէջ, չեն պակսիր այն հուրն ու բոցը, որ կայ լիբանանահայութեան մօտ, չյուսահատելու, չընկրկելու ու չհիասթափուելու, որքան ալ դառն, մտահոգիչ եւ անապահով ըլլան անցուդարձերը։

Աւելին. ատոնք յաւելեալ պատճառներ էին, որ լիբանանահայութիւնը ոչ միայն չհրաժարի իր կոչումներէն եւ արեւելումներէն, այլ գիտակցօրէն աւելի փարի, թէ՛ գաղութային եռուն կեանքին, թէ՛ իր պերճախօս ու ցուցադրելի կարողութիւնները ի սպաս դնելու հանրութեան առջեւ, նախ՝ որպէս իր շնորհները ապացուցող հաւաքականութիւն, ապա՝ վստահութիւն ներշնչելու իր հայրենակիցներուն։

Ասոնք, ազգային պարտաւորութիւններէ աւելի, հայու ինքնաբուխ ու բերքառատ ժառանգութիւններ եղած են (այդպէս ալ կը մնան), որովհետեւ, հայը հեռու է ժլատ ըլլալու անհանդուրժելի սովորամոլութիւններէն, առաւել՝ յանձնառու է իր «ցեղին ձայն»ը լսելի դարձնելէ, ամենուրէք, իսկ ատոնք ե՞րբ պակսած կամ զլացուած են, այնքան ատեն որ, հայութիւնը, ամէն գնով եւ ոգիով, այլընտրանքի միակ ցուցանիշը կը նկատէ իր ժողովուրդին հոգեկան, բարոյական եւ ընկերաբանական կարիքներուն ծառայութիւնը, ամենայն պատասխանատուութեամբ ու պատրաստակամութեամբ։

Մեր այսօրուան գրութեան «հերոս»ներն են երկու համեստ, այլապէս տաղանդաւոր արուեստագէտներ, որոնք կը կոչուին.

Մարալ Եւ Ժիրայր Փանոսեաններ

Այս քոյր եւ եղբայր ամոլը, ի սկզբանէ օժտուած է արուեստի ընդհանրական աշխարհին ծառայելու գործին եւ, ժամանակի ընթացքին, երբ իրենց հասունացումները այդ ասպարէզներէն ներս, սկսած են հետզհետէ պտղաբերուիլ, արմատաւորուիլ ու ճիւղաւորուիլ, ակնյայտ դարձնելով, որ անոնց վիճակուած արուեստը եղած է ԿՈՉՈՒՄ եւ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ, ՏԵՍԻԼՔ ՈՒ ՀՈՐԻԶՈՆ, հաւատալով այդ գործին նուիրականութեան ու զայն այլոց ալ ըմբոշխնելու յօժարակամութեան։

ՀԲԸ Միութեան Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններէն վկայեալ այս խոստմնալի սաները, իրենց ընթացիկ աշխատասիրութեանց եւ ուսումնառութեանց կողքին, աւելի ջերմօրէն ու պնդօրէն, գեղարուեստականութեան հետեւիլը ու զայն նպատակ դարձնելու հրամայականը, միշտ ալ մնացին իրենց կիզակէտին վրայ, աւելի յաջողական ու պատուական դիրքերու հասնելու, առանց փուճ յաւակնութիւններու, մեծամտութեան կամ ինքնահաւանութեան, այլ՝ համբերութեամբ, ամրակուռութեամբ ու հետեւողականութեամբ պեղելու այն օրհնաբեր ուղին ու ճանապարհը, որ նախ զիրենք կը գոհացնէ, հուսկ՝ արուեստասէր հասարակութիւնը։

Հաւատքը կար, լիուլի՛, կը մնար շարունակել ու հաստատուն հիմերու վրայ դնելու սիւները եւ, իրաւամբ, ատոնք դարձան կենդանի ու խօսուն, երբ ՔՍԱՆ տարի առաջ կը յայտարարուէր Փանոսեաններու սեփական ու շքեղ արուեստանոցի բացումը, որ գաղութին մէջ, հայ, արաբ թէ օտար այցելուներու համար դարձաւ հարազատ ու տաքուկ օճախ մը։

Սակայն, Փանոսեանները, չբաւարարուեցան այս իրագործումով, այլ՝ աւելի կորովով եւ եռանդով լծուեցան իրենց արուեստագործութեան փթթումին, զարգացումին եւ տարածումին, ծնունդ տալով, երկրորդ բաժնի մը ձեւաւորումին, իրենց արուեստանոցը համալրելով ուսումնական-դաստիարակչական-արուեստագիտական-գծագրական լուսավառ դարբնոցով։

Այսօր, անոնք ուրախ ու խրոխտ են, որ իրենց այս մտասեւեռումը մեծ յաջողութեամբ ու ժողովրդականութեամբ պսակուած է ու կը վայելէ ընդարձակ շրջանակներու զօրակցութիւնը, աւարտած 89 շրջանաւարտներով, որոնցմէ 46ը 83 գեղանկարներով։

Արուեստանոցը չմնաց այդ սահմաններուն մէջ, այլ օժտուեցաւ AYP To ZED արուեստի ակադեմիա անուանումով, շնորհիւ մասնագէտ գեղանկարիչներու ու մանկավարժներու գնահատելի ճիգերուն, արուեստանոցին տալով նոր, փայլուն ու հեռանկարային լիցք ու բովանդակութիւն։

Այս բոլոր մատնանշումները եւ յիշեցումները ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ հայու ուժեղ կամք, յարատեւելու հզօրութիւն, բարգաւաճելու առիթներ, եւ, ամենէն կարեւորը, Լիբանանին ու լիբանանահայութեան ընծայաբերելու թանկագին արժէքներ, երբ անոնց զաւակները ու մերձաւորները կը յաճախեն հոն ու կը վստահին այդ արուեստանոցին իրենց պարագաները, որպէս վաղուան արուեստի թեկնածուներ ու ժառանգորդներ։

Պատասխանատու հիմնադիրները՝ Մարալն ու Ժիրայրը անգին հպարտութեամբ եւ անկեղծ զգացումներով բոլորեցին նաեւ իրենց մէկ այլ նուաճումը, ի դէմս իրենց շրջանաւարտներէն շատերուն բարձր դիրքերու հասնելնուն, որոնք տարբեր համալսարաններու ու վարժարաններու մէջ, արդէն յարգելի դասախօսներ-ուսուցիչներ-գեղանկարիչներ են, ինչ որ, իրօք, արժանի է ջերմ շնորհաւորանքներու։

Մեր այս ժրաջան, անձնուէր ու բանիմաց տաղանդաւոր սպասարկուները, առանց յուսահատելու ու նահանջելու, կը շարունակեն իրենց երթը ու վերելքը, ոչ առեւտրական, ոչ ալ շուկայական ծրագիրներով, այլ՝ ԱՐՈՒԵՍՏին ծառայելու, իր զանազան շեշտերով, մասերով, արտայայտութիւններով, որոնց մէջ գերագոյն տեղ կը գրաւեն՝ հայկականը, համամարդկայինը, ընկեկայինը, մշակութայինը ու նկարագրայինը։

***

Հրապարակային Նշում՝ AYP To ZED Արուեստի
Ակադեմիային
Պաշտօնական Բացում՝ Արուեստանոցի
Քսանամեակին
Նաեւ՝ Կարգ Մը Շրջանաւարտներէ
Երախտագիտական Շահեկան Զեկուցումներ

Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025ին, ժամը 6։00էն սկսեալ, Espace Dadour, Galerie D’Artի մէջ (Jal El Dib), խուռներամ արուեստասէր հասարակութիւն մը փութացած էր, ներկայ գտնուելու ու վայելելու 20ամեակի առիթով ցուցադրուած ճոխ, բեղուն, հոգեզմայլ ու հանրամատչելի գեղանկարչական սքանչելիութեան մը բարիքները, որոնց հեղինակները մեծ մասամբ արուեստանոցի շրջանաւարտ, ընթացաւարտ ու ներկայ անդամներն ու աշակերտներն են, փոքրերէն (երեխայ, պատանի, դպրոցական, երէց) մինչեւ վաստակաւորներ, հոյակապ համադրեալ, կազմակերպեալ ու մասնակցեալ փորձառուներէ, որոնք կը կազմէին ներդաշնակ ու համաձոյլ արուեստագէտներու գօտեպնդիչ հոյլ մը։

Ուշագրաւ էր, որ այս ձեռնարկը, որպէս երեւոյթ, բովանդակութիւն ու տարողութիւն կը յատկանշուէր թէ՛ հայ, թէ տեղացի մասնակիցներով, արուեստասէր թէ գեղանկարիչ, որոնք արդէն ցոյց կու տան, թէ Փանոսեաններ, որքան բծախնդիր, ուսումնասիրուած եւ ընտրուած անձնակազմերով ճամբայ ելած են ու հասած այս համադասելի արդիւնքներուն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ Լիբանանահայը ունի այն քաղաքակրթութիւնը ու համակրելիութիւնը, որոնցմով ինքնզինք կ’արժեւորէ ու կ’արդարացնէ, իսկ Փանոսեանները, այս առումով, երախտապաշտ դերակատարութեան եւ արժանաւորութեան լաւագոյն արտայայտիչներէն կը հանդիսանան։

Հետեւաբար, ցուցասրահին մէջ պտըտելով ու ծանօթանալով հրամցուած գեղանկարներու բնոյթներուն, որակներուն, տարբերակներուն, իրենց նիւթերով, ընտրանքներով, կազմուածքներով թէ ներկայացումներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, ինքնադիմագծութիւնը եւ ինքնակերտումը, ուր գոյները եւ երանգները, իրենց խայտաբղէտ երեւէջներով, տպաւորութիւններով, դիտումներով ու նշխարներով, անխուսափելիօրէն, ակնդիրը կը տանէին հո՛ն, ուր գեղանկարիչը, «բան մը» ըսել կ’ուզէր, եւ կամ՝ դիտորդը «բան մը» կը հասկնար, իսկ եթէ «անցում»ը կրնար հասնիլ իր լինելիութեան բարձունքին, արդէն յաջողած կ’ըլլար ե՛ւ գեղանկարիչը (մեծ թէ փոքր) ե՛ւ վայելողը (սկսնակ թէ փորձառու), ստեղծելով համարուեստական ու համագեղանկարչութեան ԶՈՒԼԱԼ ու փխրուն համակեցութեան դրոշմալիութիւն մը։

Փանոսեաններ, իրատես եւ յաջողատես, քոյր-եղբայր համագործակցութեամբ, կրցած են՝ թէ՛ ովկիանոսներ, թէ՛ անապատներ… նուաճել, յենուելով իրենց ուժերուն վրայ, առանց որ յենակուին արտաքին կողմերու վրայ, ինչ որ, խիստ բարենշային «դրական ոստում» մըն է, նման դժուարին ու փորձանաւոր կամուրջէ մը, բայց, Փանոսեանները այդ բոլորին լաւագիտական իրենց արժանաւորագոյն նեցուկն ու ներդրումը դրած են ու կը դնեն, նման անցարգելներու գնով իսկ, անկարելին՝ կարելի դարձնելու։

Այս առիթով, պէտք է, անպայմա՛ն, յիշեմ ու շեշտեմ, ՀԵ՛ՆՑ, Փանոսեան քոյր-եղբօր արուեստագէտի ու գեղանկարիչի ունակութիւններն ու շնորհալիութիւնները, որոնք այս բոլոր արուեստաշխարհի (արուեստանոց, դպրոց թէ ակադեմիա) ԿՆՔԱՀԱՅՐՆ են եւ մեծ յաջողութեամբ ու պսակադրութեամբ, կրցած են պատիւ ու վարկ բերող նման շէնշող համալիր մը կանգնեցնել ու խթանել հայ արուեստը հանրամատչելի ու հանրագումարելի դարձնելու, իր գոյութեամբ ու ոգեղինութեամբ։

Հետաքրքական էին նաեւ, Մարալին ու Ժիրայրին գեղանկարչական նկարները, որոնք, իրենց փայլատակութեամբ, անմիջականութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, այս ցուցահանդէսը զարդարեցին, բնորոշեցին ու հարստացուցին, իրենց իմաստային գիծերով, գունաւորումներով, խորհուրդներով ու պատկերացումներով, որոնք կը խորհրդանշէին, օրինակ, կանանց դերերուն եւ իրաւունքներուն ուրուագծումները, ինչպէս նաեւ՝ սիրոյ, հայրենիքի, ընտանիքի ու բնութեան հրաշալիքները (Մարալ), ապա, բանաստեղծութիւններէ ներշնչումները ու զանոնք «հում» նիւթերու փոխան, զանազան միջոցներով ներկայացնելու արուեստը (Ժիրայր)։

Խիստ գնահատելի է, որ Փանոսեաններ, իրենց արուեստագէտի, ստեղծագործողի ու գեղանկարողի սլացքներով, չմնացին միայն իրենց պարունակին մէջ, այլ՝ զայն բաշխեցին, վարակեցին եւ ըմբոշխնեցին նաեւ այլոց, հիմնելով արուեստանոց-ակադեմիան, անկէ ոգի սփռելով ամենուրէք, մաղթելով ու ցանկալով, որ, օր մըն ալ, այդ ցոլքերը ու ճառագայթները կը շողան նաեւ հայրենիքէն ներս։

***

Մեզի կը մնայ, սրտանց շնորհաւորել այս տաղանդաւորները, իրենց ինքնաբուխ եւ ինքնադրոշմ թռիչքներով, միշտ մնալու աննկուն եւ անպարտելի ՄՈՒՍԱ-ԼԵՌՑԻԱԿԱՆ զտարիւնութեամբ ու գօտեպնդութեամբ, հարազատ մնալու հայու ինքնութեան, աւանդութեան, ստեղծագործութեան ու պատկանելիութեան սրբութեանց։

Ապրի՛ք, հազար ապրիք, սիրելի Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններ։

Օ՛ն, դէպի նոր բարձունքներ ու նուաճումներ։

(Պէյրութ)

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ա.) Նախապատրաստութեան Տարի

Յաջորդը

Արմենակն Ալ Գնաց…

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.