Յօդուածներ

Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Նախակրթարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Նախակրթարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

Հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները գործադրեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին բեմի ետնապատի գծապատկերը, որ ստեղծագործութիւնն էր վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ ճարտարապետ Ամալիա Երամեանին եւ կը խորհրդանշէր Մեսրոպ Մաշտոցը,...

Հպարտութեան Եւ Յոյսի Պատկերներ

Հպարտութեան Եւ Յոյսի Պատկերներ

Հայաստան աշխարհի սահմանները պաշտպանող զինուորը երբեք առանձին պէտք չէ զգայ: Ան իր թիկունքին կանգնած պէտք է տեսնէ ամբողջ հայութիւնը: Վիրաւորուած, հաշմանդամութիւն ստացած զինուորները եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները պէտք է զգան ամբողջ հայ ազգի սէրն ու գուրգուրանքը: Զինուորներուն հետ, սահմանին վրայ թէ զօրանոցին մէջ, վիրաւոր թէ նահատակուած, մէկ ընտանիք ենք: Նկարներէն առաջինը` 90-ականներուն վիրաւորուած զինուորներէն Կամոյի տունն է:  «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ստանձնած...

Լոյս Տեսաւ   Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 6 – Ժամադրավայր» Նոր Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 6 – Ժամադրավայր» Նոր Հատորը

Հեղինակին այս երկը կ՛ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները` Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009): Ինչ կը վերաբերի իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր «Ոստայն 3 - հաղորդութիւն» հատորին մէջ (1999): 2005-ի ուղեւորութիւնը Մեծ եղեռնի 90-ամեակին առիթով կայացած էր, իսկ...

«Արցա՛խ, Մեր Հպարտութիւնն Ես»

«Արցա՛խ, Մեր Հպարտութիւնն Ես»

Նկարը` գործ Զեփիւռ Գրիգորեանի (Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի Է. կարգի աշակերտ): Ընդառաջելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կոչին` Լիբանանի հայ աւետարանական կրթական համադրող յանձնախումբը, յանուն Լիբանանի հինգ հայ աւետ. վարժարաններու աշակերտութեան, պատրաստեց «Արցա՛խ, մեր հպարտութիւնն ես» խորագրով ձայնասկաւառակ մը, որ կը պարփակէ Արցախի նուիրուած 14 երգեր` զանազան երաժշտական ոճերով: Ձայնասկաւառակի վաճառքէն  գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայ աւետարանչական...

Ակնարկ.  Քաղաքական Պահու Հասունացման Տեսութիւնը

Ակնարկ. Քաղաքական Պահու Հասունացման Տեսութիւնը

Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծին մասին հաստատումները սկսած են հնչել միջազգային կառոյցներու մէջ: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին կատարուած բարբարոսութիւններուն մասին թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւնները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ուղարկած էին թղթածրար Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած ամէնէն անմարդկային վայրագութիւններուն: Փաստացի այս տուեալները, լուսանկարները եւ պատերազմական օրէնքները գլխիվար շրջող բոլոր աքթերուն համարժէք գնահատական տալու արձագանգները չէին լսուեր:...

Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը

Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը

Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը` «Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» համագումարին, կազմակերպուած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ:        Համագումար մը չէ այս հաւաքը` բառին աւանդական առումով, այլ` բարձրաձայն մտածելու եւ մեր փորձառութիւնները, տագնապներն ու հայեցակէտերը իրարու հետ բաժնելու հաւաքական ճիգ մը: Մեզ իր շուրջ համախմբողը դա՛րձեալ աւանդական նիւթ մը չէ, այլ իւրայատուկ խնդիր մը` իր բարդ ու զգայուն բնոյթով եւ անյետաձգելի այժմէականութեամբ. ի՞նչ կը...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Մեկնարկեց «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց.  Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը»  Խորագիրով Հաւաքը

Մամլոյ Լրատուութիւն

11-12 յուլիս 2017-ին, նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Պիքֆայայի դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը թեմայով» համաժողովը: Համաժողովին մասնակցեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Այժմէական եւ հրատապ այս խնդրի քննարկումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` սփիւռքէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն պատմագէտներ, ազգագրագէտներ, ակադեմականներ, հասարակական եւ տեղեկատուական մարզերու գործիչներ` տարբեր սեռի եւ տարբեր սերունդներու պատկանող:...

Անդրադարձ.  Դուռը Փակողը «Դուռը Բացէ՛ք» Կը Գոռայ

Անդրադարձ. Դուռը Փակողը «Դուռը Բացէ՛ք» Կը Գոռայ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Անցեալին, երբ վարչապետի պաշտօնին վրայ առաջին նստաշրջանս էր, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին կը նկարագրուէր իբրեւ լուռ յեղափոխութիւն իրագործած երկիր մը, սակայն այժմ այդ նոյն Եւրոպական Միութիւնը ո՛չ միայն մեզ իր ղեկավարներու վեհաժողովին չի հրաւիրեր, այլեւ մեր ժամանակը կը վատնէ: Եւ ներկայիս այս է կացութիւնը»: Իրականութեան մէջ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ...

Ձեր Հաւատքը Մի՛ Կորսնցնէք

Ձեր Հաւատքը Մի՛ Կորսնցնէք

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ Բաց նամակ Յարգելի՛ պարոն Պալեան, Պէտք էր, անշուշտ, աւելի շուտ պատասխանել, բայց նկատի ունենալով ձեր նամակի ակնարկութեան կարեւորութիւնը, հարկադրաբար ուշացուցի պատասխանս` մտածումի ժամանակ յատկացնելու: Չէ՛, չեղաւ: Սրտովս պիտի գրեմ: Սիրելի՛ Յակոբ, Ներողամիտ գտնուիր պատասխանիս ուշացման համար: Ճիշդն ըսելու համար` օրական բաւական մեծաթիւ ե-նամակներ կը ստանամ. կարեւոր նամակներուն նոյն կամ առաւելագոյնը յաջորդ օրը կը պատասխանեմ: Այս կը վերաբերի անգլերէն...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2017-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2017-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը: Շրջանաւարտները կատարեցին հանդէսի բացումը` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, ապա անոնք մեկնաբանեցին Գուսան Հայկազունի «Շուշի» խմբերգը:  Քրիս Մազագեան դաշնակի վրայ նուագեց Փոլ տէօ Սինվիյէն կտոր մը, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հողը», իսկ Նարէ Քիւսպեքեան, Սարին Անսրլեան եւ Ցոլեր Գնտոյեան ներկայացուցին հայկական...

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Կը Շնորհաւորէ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Դպրեվանքի Տեսչութիւնը

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Կը Շնորհաւորէ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Դպրեվանքի Տեսչութիւնը

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան` Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը, փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանն ու հայոց լեզուի դասատու Սօսէ Փիլաւճեանը երեքշաբթի, 11 յուլիս 2017-ի առաւօտուն ժամը 10-ին հիւրընկալուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին կողմէ, որ ջերմօրէն ընդունեց զանոնք: Տեսուչ վարդապետին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին այցելութեան նպատակն էր` ստանձնելու կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին...

Մոռցէք Լափշինը. Գործ Ունինք Ընելիք

Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը Լուր Չունի, Որ Գալ Տարի Հարիւրամեակ է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Քանի մը օր առաջ, 11 Յուլիսին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, թէ որոշած է յառաջիկայ տարի հրապարակել նոր թղթադրամներ, որովհետեւ «ՀՀ գալիք տարի նշելու է դրամաշրջանառութեան՝ ՀՀ ԴՐԱՄի ներդրման 25ամեակը, որի ընթացքում ձեւաւորուել են աւանդոյթներ, որոնք օրինակելի եւ ուսուցանելի են դարձել նաեւ միջազգային մակարդակում»։ Կեդր. դրամատունը կ’աւելցնէ, որ ներկայիս գոածածուող 2րդ սերունդի թղթադրամները «աստիճանաբար իրենց տեղը կը զիջեն նոր...

Նամականի

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ի Պէյրութը Եւ Շրջակայքը Դ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Մինչեւ 1960-ական տարիները` հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակէր Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ: Անթիլիաս, Զալքա, Ժըտէյտէ եւ այլ արուարձաններ տակաւին կազմաւորուած չէին իբրեւ բնակավայրեր: Արեւելեան Պէյրութի հայութեան ամենախիտ բնակչութիւնը կը գտնուէր Էշրեֆիէի, Մար Մըխայէլի, Քարանթինայի, Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուիի մէջ, Հայաշէնէն (նախապէս` Հայկաշէն) (1), մինչեւ Քարանթինայի ծովեզերքը` Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ եւ Մըտաուար գաւառներ, տես` վարի քարտէսը: Իսկ արեւմտեան կողմը`...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Տնօրէնութեան Պաշտօնի Փոխանցում

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Տնօրէնութեան Պաշտօնի Փոխանցում

1 յուլիս 2017-ին Հայ Աւետարանական քոլեճը տօնական տրամադրութեամբ հայ ազգին ու Լիբանանին պարգեւեց իր 89-րդ հունձքը: Ժամը 8:00-ին, կրթական եւ հոգեւոր պատասխանատուներու, ծնողաց եւ հիւրերու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ շրջափակ հանդիսաւոր մուտք գործեցին երկրորդականի 9 շրջանաւարտներն ու նախակրթարանի 7 ընթացաւարտները եւ դպրոցի ուսուցչական կազմը, տնօրէնն ու փոխտնօրէնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգեւոր տեսուչը եւ բանախօսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու...

Երկու Խօսք

Ուզէք, Թէ Չուզէք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Խորագիրս քիչ մը ամբարտաւանութիւն բուրելով հանդերձ, ուզեցի համբերութեամբ հետեւիլ անցնող շաբաթներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կամ իշխանութեան որդեգրած քայլերուն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին վերաբերեալ: Պետական յանձնաժողով, Արամ Մանուկեանի արձանի զետեղումի որոշում, հարիւրամեակի հետ կապուած զանազան ձեռնարկներու պատկերացումներ: Սակայն որոշումին մէջ եւ անկէ ետք տեղ գտած համացանցի կայքերու վրայ հակադաշնակցական արշաւը եւ մանաւանդ Արամ Մանուկեանի հասցէին տեղ գտած արտայայտութիւնները ստիպեցին,...

Օտար Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Օտար Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Շաբաթ, 8 յուլիս 2017-ի առաւօտեան շուրջ 150 օտար ուխտաւորներ այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտաւորները դիմաւորեց եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասին բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանը: Ուխտաւորներ շրջեցան վանքին զանազան բաժանմունքները եւ ապա ստացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Հայրենիքդ

Հայրենիքդ

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Արեւն այստեղ քաղցր, է քնքուշ, Լուսինն, ամպերն` պայծառ ու յար: Ծիրանն այստեղ մեղրահամ է, Իսկ ջուրերը` զուլալ ու պաղ: Քարերն այստեղ միշտ կը պատմեն Հին դարերէն մինչեւ ներկան: Լեռներն հսկայ քեզ կը դիւթեն Ու կը դարձնեն խրոխտ ու վեհ: Քայլերդ այստեղ կուռ են, ամուր. Հողն է քու մայր. Բոյրն է քու տան, Ու լուսաւոր` քու ապագան:    

Մալալա Եուսուֆզայ Աւարտեց Դպրոցը

Մալալա Եուսուֆզայ Աւարտեց Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մալալա տարիներով պայքարեցաւ աշխարհի մէջ աղջիկներու ուսանելու իրաւունքին համար, այժմ յաղթահարած է իր դէմ ցցուած արգելքը եւ աւարտած` դպրոցը: Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը: 20-ամեայ իրաւապաշտպանը այս մասին յայտնած է թուիթըրեան...

Անդրշիրիմեան Զրոյց Աբրահամ Ալիքեանին Հետ` Իր Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առթիւ

Անդրշիրիմեան Զրոյց Աբրահամ Ալիքեանին Հետ` Իր Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առթիւ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ ... Գիտցէ՛ք, որ մի՛շտ կենդանի եմ: Իսկ աննշան եթէ մնայ Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ, Եւ յիշատակս ալ թառամի, Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ: Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ Աբրահա՛մ, դասընկերս իմ սիրելի: Գիտցի՛ր, որ ինծի եւ շատերու համար դեռ կենդանի ես ու յիշատակդ ալ միշտ անթառամ պիտի մնայ: Երկրագունդի հակառակ երեսին վրայ գտնուելով` մահուանդ լուրը թերթերէն իմացայ, ներէ, որ...

Դասընկերոջս Նոր Զրոյցը

Դասընկերոջս Նոր Զրոյցը

Ա. ԱԼԻՔԵԱՆ Սիրելի՛ Վարդգէս, Դեռ դուն հոս էիր, որ գրեցի այս տպաւորութիւններս գրքէդ եւ քեզի աղուոր անակնկալ մը ընելու ցանկութեամբ տարի զանոնք «Ազդակ»: Անմիջապէս կարդացին (Շահանդուխտին վկայութեամբ) եւ խոստացան տպել մինչեւ օգոստոս 3-ը` այստեղէն մեկնելուդ օրը: Բայց չտպեցին: Երբ դուն գացիր, ա՛լ չհետաքրքրուեցայ յօդուածով (դուն չկայիր, իսկ ես հեղինակ ըլլալէ ձանձրացած եմ) եւ չեմ գիտեր, թէ ինչու չհրատարակեցին եւ այսօր...

Page 798 of 1110 1 … 797 798 799 … 1,110

Արխիւներ