Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Զոհրապի ցուցահանդէսը (Եսթրտէյ)
«Երէկուան օրը» խորագիրով
Զոհրապ, չորեքշաբթի կատարեց իր նոր ցուցահանդէսին բացումը «Երէկուան օրը» (Եսթրտէյ) խորագիրին տակ, «Էքզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէ, Աքքաուի պողոտայի վրայ: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 6 եւ բաց է առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 8:
Հայկ Այվազեանի ցուցահանդէսը`
«Հիւանդ եմ, բայց ողջ եմ» խորագիրով
Միջին Արեւելքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայկ Այվազեան իր առանձին ցուցահանդէսը կու տայ Պէյրութի մէջ «Հիւանդ եմ, բայց ողջ եմ» անուան տակ: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ «Ամէն օր գարուն չէ» ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ` գծագրութիւններ ու քանդակներ եւ կենդանի նուագ: Այս ցուցահանդէսը նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք արեւելեան երաժշտութեան վիճակին եւ շրջանին մէջ արդիութեան վերելքի ժամանակ տիրող ազգայնականութեան ծնունդին:
«Քսան տարի եւ աւելի քան» ցուցահանդէսը`
նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին
Հայաստանի անկախութեան քսանհինգ ամեակին եւ «Նոազ Արք» ցուցասրահին 20 ամեակին նուիրուած «Քսան տարի եւ աւելի քան» ցուցահանդէսը ընթացք առաւ 21 նոյեմբերին եւ կը շարունակուի մինչեւ 7 դեկտեմբեր: Ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին Գառզուի, Ժան Դարբինեանի, Կիւվտերի, Փոլ Կիրակոսեանի, Տիգրան Տատրեանի, Ժիւլիանա Սերաֆիմի, Էդիկ Բերդեանի, Պերճ Չաքեճեանի, Ռոպերթ Էլիբէկեանի, Ասատուրի, Հրայրի, Ռուբէն Աբովեանի, Մարուն Հաքիմի, Եուրոզի, Սուրէն Ոսկանեանի, Սամուէլ Գարեգինեանի, Վահրամի, Գէորգ Եղիազարեանի, Վահան Ռումէլեանի, եւ Դաւիթ Դաւթեանի գործերը: