Թոյլ Տուէք՝ Հպարտանամ
Ա. Պ. Լիոնի նոր քաղաքապետ ընտրուեցաւ բժիշկ Գէորգ Քեփենեկեանը, զոր ճանչնալու առիթը ունեցած եմ իննսունական թուականներու սկիզբը, երբ ան, ամէնէն ծանր տարիներուն, Հայաստան եւ Արցախ կ՛երթար՝ դժուարին վիրահատական գործողութիւններով կեանքեր փրկելու: Հպարտութեան զգացումով լսեցի Գէորգին՝ կէս միլիոնէ աւելի բնակիչ ունեցող Լիոնի Գործադիր իշխանութեան ղեկավար ընտրուելուն մասին: Իրեն ծանօթացած եմ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, եւ իր հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր կրնայ ըլլալ շատերու:...



















