Տեսակէտ. Վասն Ինչի՞
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 9 յուլիսին վերջ գտաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմակերպած Անգարա-Պոլիս «Արդարութեան քայլարշաւ»-ը: 15 յունիսին ընթացք առած, խաղաղ կերպով սկիզբ ու խաղաղութեամբ աւարտած 25-օրեայ քայլարշաւին ընթացքին Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը` 69 ամեայ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն 432 քիլոմեթր քալեց` թէ՛ հեռաւորութեան, թէ՛ օրերու թիւի առումով շրջանցելով 1930-ին Հնդկաստանի մէջ «Աղի քայլարշաւ»-ի ընթացքին Կանտիի հաստատած մրցանիշը: Իրողութիւն մը, որ շեփորուեցաւ տակաւին չփակուած,...



















