Յօդուածներ

«Դասաւանդութիւնն Ու Թատրոնը Իմ Սէրերս Են. Որքա՜ն Մարդոց Կը Հասնիս, Ի՜նչ Ազդեցութիւն Կ՛ունենաս Մարդոց Վրայ Եւ Ի՜նչ Արձագանգ Կը Ստանաս Անոնց Ընդմէջէն», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեան

«Դասաւանդութիւնն Ու Թատրոնը Իմ Սէրերս Են. Որքա՜ն Մարդոց Կը Հասնիս, Ի՜նչ Ազդեցութիւն Կ՛ունենաս Մարդոց Վրայ Եւ Ի՜նչ Արձագանգ Կը Ստանաս Անոնց Ընդմէջէն», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջերս Պէյրութ կը գտնուի Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօսներէն Անահիտ Արամունի-Քէշիշեանը, որ միաժամանակ բեմադրիչ է ու դերասան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցած է գրականագէտ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր ծաւալած գործունէութեան: Յայտնենք, որ ան հինգշաբթի, 24 օգոստոս 2017-ին, «Պատկեր» կեդրոնին մէջ մենաթատրոն մը պիտի ունենայ իր կեանքի զաւեշտալի ու տխուր երկու կանգառներու`  Հայաստանի...

Մենք Հայ Ենք

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Օրեր առաջ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի Թամար Սնապեան-Սուրճեանի արդարացի բողոքով գրուած յօդուածը: Թամարը ընտանեօք եկած էր հայրենիք` աշխարհի բոլոր հայերուն երկիրը.  երեք շաբաթ վայելած էր Հայաստանի բարիքները, եւ երբ հասած էր վերադարձի տխուր օրը, սրտին եւ աչքերուն մէջ գամուած Արարատով հասած էր «Զուարթնոց» օդակայան, ուր Հայաստանի սահմանապահները աներեսաբար ուզած էին ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամէն 50 հազար դրամ տուգանք...

Անդրադարձ.  Հնդկաստանի Դերակատարութեան Հզօրացումը

Անդրադարձ. Հնդկաստանի Դերակատարութեան Հզօրացումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը: Ան յայտնեց, որ իր երկրի դաշնակիցներէն, մասնաւորաբար Հնդկաստանէն կ՛ակնկալէ իր նոր ռազմավարութեան աջակցիլ եւ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնել ամերիկեանին համահունչ: Ան նաեւ ընդգծեց. «Փաքիստան շատ պիտի օգտուի Աֆղանիստանի մէջ մեզի հետ գործակցելով, սակայն շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ շարունակէ ոճրագործներուն եւ ահաբեկիչներուն ապաստան տալ»:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հրանուշ Յակոբեան Ընդունած Է Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպերճեան Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէնը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 26 յուլիսին հանդիպում ունեցաւ Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպերճեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ Գաւառական ժողովի անդամ Անդրանիկ Պօղոսեանին եւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան եւ վարժարանի հայաստանեան ներկայացուցիչ Ալեքսան Գարատանայեանին հետ: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը` արժեւորելով Սուրիոյ մէջ հայկական գաղութի պահպանութեան ուղղուած...

«Յառաջիկայ Տարուան Համար Կը Նախատեսենք «Iphone»-ներու Եւ «I-Pad»-ներու Ուղղագրիչ Պատրաստել»

«Յառաջիկայ Տարուան Համար Կը Նախատեսենք «Iphone»-ներու Եւ «I-Pad»-ներու Ուղղագրիչ Պատրաստել»

«Նոր Յառաջ»-ին Հարցազրոյցը «Նայիրի» Կայքի Թուայնացած Բառարանները Պատրաստած Եւ Հայերէն Ուղղագրութեան Ստուգիչի Համահեղինակ Սէրուժ Ուրիշեանի Հետ Վարեց` ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Սէրուժ Ուրիշեան ծնած է Լիբանան եւ երեք տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա: Յաճախած է Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ, ապա Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարանները: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Կլենտէյլի քոլեճին մէջ: Մասնագիտութեամբ համակարգիչի ճարտարագէտ է: Մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է: Անոր հետաքրքրութիւններէն...

Կեդրոնականցին Եւ Պերթրանտ Ռասըլ

Կեդրոնականցին Եւ Պերթրանտ Ռասըլ

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղղիա Օգոստոս է եւ` կանխահաս աշուն: Թզենիի եւ որթատունկի շուքին նստած ենք: Մսկոտ Էլպիս եւ Մակարուհի կը տրտնջան: Էլպիս որթի տերեւներ հաւաքեց իր պոլսական «եալանչի»-ին համար: Մակարուհին սուրճ բերաւ` թուզի քաղցրաւենիքով: Արմենակին ալեհաւաքը այդ բոլորը կը գնահատէ, բայց միշտ բաց կ’ըլլայ դէպի հեռուներ: Եթէ Կիլիկիոյ իշխան ըլլար, Քոլոմպոսէն առաջ Ամերիկա կը հասնէր: Որսորդը իր կապարճը կը բանայ, անզուգական...

Քեսապի Ոսկի Աշունը

Քեսապի Ոսկի Աշունը

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Աշուն էր... Քեսապի ոսկի աշունը: Օդը պայծառ էր,  եւ արեւի տաքութիւնը` նուազած: Ծառերը հետզհետէ սկսած էին թօթափել իրենց տերեւները: Ոտքերուն տակ հողը մերթ չոր էր, մերթ խոնաւ, ամէն ոք ճամբեզրերու չորցած թուփերուն եւ վայրի ծաղիկներուն հոտը կ՛առնէր: Կը փչէր քամին ու ամէնուր կը տանէր մէկ կողմէ աւանդական ռուպին բոյրը, իսկ միւս կողմէ` սնտուկներուն մէջ խնամքով շարուած խնձորներուն ու...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայերէնի Եւ Հայեցի Կրթութեան Հարցով Մանկավարժական Մտահոգութիւններ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ hagop bՀամաշխարհային կրթական եւ դաստիարակչական  ոլորտի մասին կը խօսին եւ կը գրեն շատեր. մեծ, կազմակերպուած եւ զարգացած երկիրները ունին ուսումնասիրական կեդրոններ, վարկեր կը ստանան, համագումարներ կը կայացնեն, տեսութիւններ կը մշակեն, գիրքեր լոյս կ՛ընծայեն: Անոնցմէ կ՛օգտուին փոքր երկիրները` գիտնալով հանդերձ, որ մեծ երկիրները նկատի ունին իրենց ժողովուրդը, որ կը գտնուի աշխարհագրական տուեալ գօտիի մը մէջ, կ՛ապրի տնտեսական իւրայատուկ պայմաններու...

Պատմական Երզնկայի Հայկական Սուրբ Տրդատ Վանական Համալիրը Սեփականաշնորհուած Է

Պատմական Երզնկայի Հայկական Սուրբ Տրդատ Վանական Համալիրը Սեփականաշնորհուած Է

Այժմեան Թուրքիոյ Էրզինճան (պատմական հայկական Երզնկա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տիհապեր» լրատուական կայքը: Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը կը յայտնէ, որ պետութիւնը եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը տրամադրած է 16 գիւղացիներու: «Այժմ եկեղեցի երթալու, աղօթելու համար ոչ թէ պետութենէն, այլ սեփականատէրերէն պէտք է արտօնութիւն ստանանք», կ՛ըսէ Տաղճը: Էրզինճանի Քամահ շրջանի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքը, բաղկացած` 651 էջերէ: Նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ 21-րդ դարուն զարգացում կ՛ապրի սփիւռքագիտութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ «սփիւռք» երեւոյթի գրեթէ բոլոր շերտերուն, կ՛ուսումնասիրէ «սփիւռք» հասկացողութիւնը` պատմական, հոգեբանական, ընկերային, տնտեսական, գաղափարական, քաղաքական, իրաւական եւ այլ տեսանկիւններէ: Կը գումարուին սփիւռքի նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ եւ կը կազմակերպուին քննարկումներ: Գիրքին...

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Արամ Քէթէնճեանի «Երկիր ու երկինք» հատորը, բաղկացած` 122 էջերէ, որ կ՛ընդգրկէ բանաստեղծութիւններ, խոհեր, աղօթքներ եւ թարգմանութիւններ: «Երկիր ու երկինք»-ը Քէթէնճեանի չորրորդ ժողովածուն է: Հեղինակը իր սրտաբուխ խօսքերը կը նուիրէ բարին կամեցողներուն ու բարին սերմանողներուն, ողորմածներուն, խաղաղարարներուն եւ ճշմարիտ ընկերներուն: Յառաջաբանը գրած է Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան: Ան կ՛ըսէ, որ գրքոյկին մէջ ամփոփուած քերթուածները կ՛արտացոլեն հեղինակին...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատի բաժինը: Այսպէս. նշուած է` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը` ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան»:...

Յիշիր Եւ Ապրիր, Յիշիր Եւ Արարիր…

Յիշիր Եւ Ապրիր, Յիշիր Եւ Արարիր…

ԷԴՈՒԱՐԴԱՍ ՄԵԺԵԼԱՅՏԻՍ (1919-1997) Լիթուական ժողովրդական բանաստեղծ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Քառասուն երկար ու ձիգ դարեր են ձգուել այն ժամանակներից, երբ մարդիկ սկսեցին քաղաքներ, ամբարտակներ եւ բուրգեր կառուցել, բանաստեղծութիւններ յօրինել եւ նայել աստղերին: Եւ այդ քառասուն դարերի ընթացքում մարդկութեան հաւատարիմ ուղեկիցներն են եղել իմաստութիւնն ու տգիտութիւնը, գթասրտութիւնն ու դաժանութիւնը: Անանուն մի բաբելոնացի յօրինել է սքանչելի աւանդութիւն այն մասին, թէ ինչպէս վայրենաբար...

Տեսակէտ.  Պասքեթպոլէն Անդին

Տեսակէտ. Չխեղաթիւրել Ցաւոտ Իրականութիւնը

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ աննախադէպ աճ կ՛արձանագրէ այս տարի: Տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով սփիւռքահայեր կ՛այցելեն Հայաստան ու կը լեցնեն Երեւանի արդէն անհամար «քաֆէ-ռեստորանները»: Հանրապետութեան հրապարակ,  Հիւսիսային պողոտայ, Քասքատ, մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը մարդիկ կը ճեմեն, կը զրուցեն, կը խմեն: Օգոստոսեան տաք օրերուն կեանքը կ՛եռայ հայրենիքի մէջ... Դրական է երեւոյթը` թէ՛ սփիւռքահայերու հայրենիքի հետ շփուելու առումով, թէ՛ երկրի տնտեսութեան օժանդակելու...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Գ. – Գաղափարով Սնանող Յանդգնութիւն

14 օգոստոս 1886-ին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գրաւուեցաւ օսմանեան կայսերական ամենամեծ դրամատունը` Պանք Օթոմանը: Այդ դրամատան մէջ կը կեդրոնանային ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան մեծահարուստներու, այլեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու դրամագլուխները: Կայսրութեան տնտեսական այս կեդրոնին գրաւումը մեծ յանդգնութիւն կը պահանջէր, ազատագրական պայքարի շունչով ու յեղափոխութեան գաղափարով սնանած յանդգնութիւն: Հայ յեղափոխականները ըմբռնած էին, որ...

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան Հրապարակին Պիտի Մօտենա՞յ

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան Հրապարակին Պիտի Մօտենա՞յ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ պիտի ըլլայ արժեւորումներու եւ վերարժեւորումներու, որոնք մաղթելի է, որ զգացական-ենթակայական դաշտէն անդին անցնին (յուզական տարրի օգտագործումն ու շահագործումը պէտք է անխուսափելի համարել) եւ մնայուն նպաստ մը բերեն պատմական այդ վճռորոշ իրադարձութեան աւելի ճիշդ ընկալումին, յատկապէս` հանրութեան կողմէ: Անհրաժեշտ կը դառնայ կարգ մը հիմնական հարցականներու պատասխանը գտնել: Արդեօք թաղումը պիտի կատարուի՞ հարիւրամեակի մը ընթացքին...

Պատմական Իրադարձութիւն Թիֆլիսի Մէջ. Թումանեանին Տունը Կրկին Բացաւ Իր Դռները

Պատմական Իրադարձութիւն Թիֆլիսի Մէջ. Թումանեանին Տունը Կրկին Բացաւ Իր Դռները

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան վերջին բնակարանին` Ամաղլեպա փողոցին վրայ գտնուող թիւ 18 տան մէջ 5 օգոստոս 2017 թուականին տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնին բացումը` նոր էջ մը բանալով հայ-վրացական մշակութային կապերու տարեգրութեան մէջ: Յիրաւի այս իրադարձութիւնը պատմական է այն հանգամանքով, որ թիֆլիսահայ գաղութին վերադարձուեցաւ 100-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող Մեծն Թումանեանի տունը, ուր ժամանակին սիրով հիւրընկալուած...

Արցախի Անկախութեան Օրը Պիտի Նշուի «Սասունցի Դաւիթ» Օփերային Առաջին Ներկայացումով

Արցախի Անկախութեան Օրը Պիտի Նշուի «Սասունցի Դաւիթ» Օփերային Առաջին Ներկայացումով

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ 1 սեպտեմբերին Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերային համաշխարհային առաջին ներկայացումը: Սոյն ներկայացումը նուիրուած է Արցախի անկախութեան օրուան, Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին եւ Հարօ Ստեփանեանի ծննդեան 120-ամեակին: Նախագիծին հեղինակն ու գեղարուեստական ղեկավարը Սարինէ Աւթանդիլեանն է, գեղարուեստական խմբավարը` Սուրէն Շահինջանեանը (Ֆրանսա), բեմադրիչը` Արմէն Փիրի Մասիհին, պարուսոյցը` Արսէն Մեհրաբեանը (Շուէտ), խմբավարը`...

«Ֆրեսքօ» Արդի Արուեստի Եւ Հոգեւոր Ժապաւէններու Փառատօնը Այս Տարի Պիտի Սկսի 25 Օգոստոսին Կարապի Լիճէն

«Ֆրեսքօ» Արդի Արուեստի Եւ Հոգեւոր Ժապաւէններու Փառատօնը Այս Տարի Պիտի Սկսի 25 Օգոստոսին Կարապի Լիճէն

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հաղարծինի վանքին մէջ 11-12 օգոստոսին «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօնը կազմակերպած է ժապաւէններու բացօթեայ դիտումներ: Արդէն երկրորդ տարին է, որ «Ֆրեսքօ»-ն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի «Հաղարծինի շաբաթ» հոգեւոր եւ մշակութային փառատօնին կողմէ կը հիւրընկալուի: «Ֆրեսքօ» փառատօնին ընդառաջ, ծրագիրի ծիրին մէջ ցուցադրուած են նախորդ տարիներու մրցանակակիր ժապաւէնները: Այս միջազգային իրադարձութեան նպատակն է հոգեւոր եւ...

Հայաստանի Օդակայաններու Ճամբորդներուն Հոսքը 28 Առ Հարիւր Աճած Է

Հայաստանի Օդակայաններու Ճամբորդներուն Հոսքը 28 Առ Հարիւր Աճած Է

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հայաստանի երկու օդակայաններու ճամբորդներուն հոսքը յունուար-յուլիս 2017 թուականին կազմած է 1.373.856 մարդ, որ 28 առ հարիւրով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեանի, յուլիս 2017 թուականին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ճամբորդներու հոսքը կազմած է 270.751 մարդ` 19 առ հարիւր գերազանցելով նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը: Յունուար-յուլիս...

Page 784 of 1110 1 … 783 784 785 … 1,110

Արխիւներ