Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջիկայ Տարուան Համար Կը Նախատեսենք «Iphone»-ներու Եւ «I-Pad»-ներու Ուղղագրիչ Պատրաստել»

August 23, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նոր Յառաջ»-ին Հարցազրոյցը «Նայիրի» Կայքի Թուայնացած Բառարանները Պատրաստած Եւ Հայերէն Ուղղագրութեան Ստուգիչի Համահեղինակ Սէրուժ Ուրիշեանի Հետ

Վարեց` ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Սէրուժ Ուրիշեան ծնած է Լիբանան եւ երեք տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա: Յաճախած է Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ, ապա Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարանները: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Կլենտէյլի քոլեճին մէջ: Մասնագիտութեամբ համակարգիչի ճարտարագէտ է: Մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է: Անոր հետաքրքրութիւններէն մէկը լեզուաբանութիւնն է, յատկապէս` հայերէնի եւ լատիներէնի ուսումնասիրութիւնը:

Ուրիշեան աշխատած է «NASA»ի «Jet Propulsion Laboratory» (JPL), «Oracle Corporation», «Integrien» եւ «eHarmony» ընկերութիւններուն համար: Շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ «Պըրքլի» համալսարանէն, ուր ան 2004-ին ստացած է պսակաւոր գիտութեանց վկայականը (Bachelor of science)` մասնագիտանալով ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան եւ համակարգիչի գիտութեան մարզերուն մէջ:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ձեր մէջ ինչպէ՞ս ծագած է բառարաններու նկատմամբ այդքան մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Բառապաշարս հարստացնելու համար նկատեցի, որ բառարաններու պէտք ունիմ: Բնականաբար խօսքը ելեկտրոնային բառարաններուն կը վերաբերի, քանի որ միւս լեզուները այդ ձեւը կ՛օգտագործեն: 2004-ին սկսայ այդ գործով զբաղիլ: Նախ` ինծի համար, բայց յետոյ մտածեցի, որ կարելի է տարածել այդ աշխատանքը, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ անկէ: Մեծածաւալ բառարանները ընտրեցի` կատարեալ գործի հեռանկարով:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».-  Առաջին անգամ ո՞ր բառարանը տեղադրեցիք կայքին վրայ:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի բառարանով սկսայ եւ գրեթէ վեց տարի միակն էր կայքին վրայ` վրան փոքրիկ ուղղագրիչով մը: Առաջին անձը, որ հետս կապ հաստատեց Ֆրանսայէն, Ֆիլիփ Փիլիպոսեանն էր: Յետոյ` 2008-ին, մտադրեցի անվճար ուղղագրիչ մը ստեղծել հիմնականին մէջ «Firefox» եւ «OpenOffice» համակարգերուն համար: Այն ատեն ալ բնագէտ, ուսողագէտ եւ ծրագրաւորող Հարօ Մհերեանը կապուեցաւ հետս` ըսելով, որ զինք ալ կը հետաքրքրէ այդ աշխատանքը, եւ համագործակցութեան առաջարկ ներկայացուց: Այնուհետեւ տուեալներու փոխանակում ըրինք, եւ այսպիսով աշխատանքը ծաւալեցաւ: 2010-ին «Նայիրի»-ի առաջին տարբերակը հրապարակեցինք` անցնելով զանազան փուլերէ: Բառարաններու բառապաշարը ընդարձակուելով` աւելի ամբողջական դարձաւ, անշուշտ` միշտ թարմացուած տարբերակով:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ընդհանրապէս բառարան մը կայքի վրայ տեղադրելը որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Կռանեանի բառարանի պարագային, այդ ամբողջ համակարգը թուայնացնելը եւ բուն կաղապարը ստեղծելը շուրջ մէկ տարի տեւեց: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան (www.hamazkayin.com) հովանաւորութեամբ, առաջին տարին Մեսրոպ Կ. Գույումճեանի (շուրջ 1000 էջնոց) անգլերէն-հայերէն ընդարձակ բառարանը թուայնացուցինք, իսկ երկրորդ տարին դարձեալ Գույումճեանի` այս անգամ հայերէն-անգլերէն բառարանը կայքին վրայ տեղադրեցինք: Միաժամանակ, Ֆրանսայի «Մաշտոց» (www.dictionnaires-machtotz.org) բառարաններու կաճառը հրատարակիչէն արտօնութիւն առաւ, եւ մենք կրցանք Գրիգոր Շահինեանի հայերէն-ֆրանսերէն գործնական բառարանն ալ թուայնացնել: Յետոյ մտածեցի, որ փոխանակ տառ առ տառ թուայնացնելու` մարդոց 95 առ հարիւրին սպասումներուն գոհացում տալ պատկերահանուած բառարաններու միջոցով: Այս գործողութիւնը քանի մը ամիս տեւեց եւ այդ համակարգով աշխատելով` կարճ ժամանակուան ընթացքին 5 բառարանէն հասանք 102 բառարանի: Այսօր «Նայիրի»-ի կայքին վրայ 102 բառարան կայ` մօտաւորապէս 100 հազար էջերով:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Այսօր բոլոր բառարանները կայքին վրայ տեղադրուա՞ծ են:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Գրեթէ կարեւոր բոլոր բառարանները հոն են: Կը պակսին որոշ գրաբարեան, երկլեզու եւ մասնագիտական բառարաններ: Ընդհանուր առմամբ, կ՛ենթադրեմ, որ հայերէնի շուրջ 750 բառարան գոյութիւն ունեցած է` տարբեր չափերու եւ տարբեր նպատակներու համար, ներառեալ` հանրագիտարանը: Հայաստանի մէջ շատ մը մասնագիտական բառարաններ տպուած են զանազան թեմաներու շուրջ` փիլիսոփայական, ուսողութեան, հայերէնագիտական, լեզուաբանական եւ այլն: Բայց այդ 750-ին մէկ երրորդը կարեւոր բառարաններ են, որոնք ունին իրենց ընթերցողները:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ո՞ր կազմակերպութիւնները ձեր աշխատանքին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեցին:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Սկիզբը պատկերահանուած բառարանները Համազգայինի աջակցութեամբ տեղադրուեցան: Իսկ վերջին երեք տարիներուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը մօտաւորապէս 50 բառարանի տեղադրման ծախսերը հովանաւորեց:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ներկայիս կրկին բառարաններու վրայ կ՛աշխատի՞ք:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Այսօր ուղղագրիչները հանրամատչելի, անվճար դարձնելու ծրագիրներ մշակած ենք: Այսինքն, առանց դրամ ներմուծելու, կարելի է քոտերը բանալ: Այդ ըրած ենք նաեւ ապագայի հեռանկարով, որպէսզի գալիք սերունդները կարենան դիւրութեամբ համակարգերը յարմարցնել հետագայի համակարգչային հարթակներուն: Ըսեմ, որ այս ծրագիրներուն միջուկը կարելի է դարձեալ գործածել, օրինակ` խաղեր կազմելու, լեզուաբանական հետազօտութիւն կատարելու եւ այլն:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Հիմա ո՞ր ծրագիրները պատրաստ են:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Սա պահուս ուղղագրիչը արդէն անվճար հասանելի է «Firefox»-ի, «OpenOffice»-ի, Email-ի եւ «Microsoft»-ի` «word»-ի եւ «outlook»-ի, միա՛յն «windows» համակարգին համար: Ընթացիկ տարուան մէջ կ՛ուզենք թողարկել «google chrome»-ի համար հայերէնի ուղղագրիչը: Ի դէպ, ուղղագրիչը երկու տարբերակ ունի. երբ կ՛ուզենք ներբեռնել կամ տեղադրել, պէտք է ուղղագրութեան եւ լեզուի ընտրութիւնը կատարենք` դասական թէ աբեղեանական, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն: Յառաջիկայ տարուան համար կը նախատեսենք «Iphone»-ներու եւ «I-pad»-ներու համար ուղղագրիչ պատրաստել: Միաժամանակ «Android» համակարգին համար ալ ուղղագրիչը յարմարցնելու ծրագիր ունինք: Կայ նաեւ արեւմտահայերէնի «texte opus»-ի ծրագիրը:

Գրեթէ կարեւոր բոլոր համակարգերը եւ հեռաձայններու 99 տոկոսը հասանելի են:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ուղղագրիչը, բացի ուղղագրութենէն, արդեօք քերականական սրբագրութիւններ ալ կ՛ընէ՞:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Ո՛չ ամբողջական ձեւով: Օրինակ` հոլովումի սխալները կը սրբագրէ:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Հայաստանեան կարգ մը համակարգեր ալ նմանատիպ ծրագիրներու վրայ կ՛աշխատին: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք երեւոյթը:

ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ.- Բարեբախտաբար, «Dijilib»-ը, որ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ն է, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ գրաբարեան որոշ բնագիրներ թուայնացուցած է, եւ մենք անվճար կրնանք օգտագործել զանոնք, ինչ որ դրական երեւոյթ մըն է:

 

 

 

Նախորդը

Կեդրոնականցին Եւ Պերթրանտ Ռասըլ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.