Յ. ՊԱԼԵԱՆ
hagop bՀամաշխարհային կրթական եւ դաստիարակչական ոլորտի մասին կը խօսին եւ կը գրեն շատեր. մեծ, կազմակերպուած եւ զարգացած երկիրները ունին ուսումնասիրական կեդրոններ, վարկեր կը ստանան, համագումարներ կը կայացնեն, տեսութիւններ կը մշակեն, գիրքեր լոյս կ՛ընծայեն:
Անոնցմէ կ՛օգտուին փոքր երկիրները` գիտնալով հանդերձ, որ մեծ երկիրները նկատի ունին իրենց ժողովուրդը, որ կը գտնուի աշխարհագրական տուեալ գօտիի մը մէջ, կ՛ապրի տնտեսական իւրայատուկ պայմաններու մէջ, կը կռթնի իր պատմութեան եւ անցեալի փորձին: Երբ «կ՛օգտուինք» ուրիշներու գիտութենէն եւ փորձէն` որոնելով պատշաճեցումներ, յաճախ կը տարուինք անգիտանալու մեր կացութիւնը, նորութիւն կը կապկենք:
Այլ խօսքով, հռչակաւոր համալսարաններու մեծ գիտնականներու մանկավարժական տեսութիւնները ներածելով որպէս նորութիւն եւ իմաստութիւն, զանոնք գործադրելով հայկական կրթական մարզի մէջ` անպայման ծառայութիւն չենք մատուցեր մեր ժողովուրդին, հայ դպրոցին եւ հայ սերունդին: Ոչ թէ մեծ գիտնական մանկավարժներու տեսութիւնները սխալ են, այլ մեր պայմանները, պատմութիւնը եւ մշակութային ենթահողը տարբեր են: Տարբեր են նոյնիսկ Հայաստանը եւ սփիւռք(ներ)ը, երկրորդը` նաեւ ներքնապէս:
Ամերիկեան կամ ֆրանսական համալսարանի մեծանուն տնօրէնը հայ դպրոցի կրթական պատասխանատու նշանակելով` անպայման չենք երաշխաւորեր հայ նոր սերունդի որպէս այդպիսին պատրաստութիւնը, քանի որ ապագայակերտ ըմբռնումները բնականաբար տարբեր կ՛ըլլան: ԺԶ. դարու իմաստուններէն ֆրանսացի Ֆրանսուա Ռապըլէի (1494-1553) մանկավարժութիւնը կը պատգամէր «լաւ լեցուն գլուխ»-ով մարդ պատրաստել, իսկ նոյն դարու ուրիշ իմաստուն մը` Միշէլ տը Մոնթէյն (1533-1592) կը թելադրէր «լաւ պատրաստուած գլուխով» մարդ պատրաստել:
Հայ դպրոցի պատասխանատուն պէտք է պատասխանէ այն պարզ հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ գլուխով մարդ» պիտի պատրաստէ հայ դպրոցը, Հայաստան, եւ մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի մէջ, գէթ հոն, ուր հայ մարդիկ հաւատքով եւ հեռանկարի մը ծառայելու համար դպրոց(ներ) ստեղծած են, կամ հայ ծնողներ, երբ իրենց զաւակները կը բերէին կամ հիմա ալ ոմանք կը բերեն հայկական վարժարան, ի՞նչ կ՛ակնկալեն, «ինչպիսի՞ գլուխ»-ով զաւակի մը պատրաստութիւնը կը սպասեն: Հոն, ուր հայ դպրոց չկայ, կամ նոյնիսկ երբ կայ, եւ հայ տղան հայ դպրոցի մէջ չի գտնուիր, «ինչպիսի՞ գլուխով» պիտի պատրաստուի: «Ինչպիսի՞ գլուխով հայ սերունդ» պիտի ունենայ ազգը:
Հայ մարդը այսօր ի՞նչ պիտի ակնկալէ իր զաւակի կրթութիւն-ուսումէն, երբ զայն կը յանձնէ դպրոցի մը, երբ դպրոցի ընտրութիւն կը կատարէ. Ռապըլէի «լեցուն գլո՞ւխ»-ով թէ՞ Մոնթէյնի «լաւ պատրաստուած գլուխ»-ով իր զաւակը: «Հայկական ուսումնական ծրագրում» մը, եթէ նման առաջադրանք մը կարելի է, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ինչպէ՞ս պիտի մշակուի, ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ, ո՞ր առաջադրանքներով: Այդ «ծրագրում»-ը պիտի ըլլայ աշխարհագրական-տեղակա՞ն, հատուածակա՞ն, յարանուանակա՞ն: Լաւագոյն ծրագրումն անգամ հող չի գտներ, եթէ հայ ծնողք պատրաստուած եւ շահագրգռուած չեն անով: Աւելի ճիշդ` ի՞նչ են ակնկալութիւնները հայ ծնողքին: Այդ ծրագրումը հարկատու պիտի ըլլայ ծնողներու անմիջական յաջողութեան ձեռքբերմա՞ն, թէ՞ միաժամանակ հայ ազգային հեռանկարի մը հետապնդման, ինքնութեան եւ քաղաքական:
Ի՞նչ են պատճառները ցարդ բացակայ համազգային եւ համապարփակ առաջադրանք ծրագրումի մը: Նման ծրագրում կարելի՞ է:
Մեծն Սոկրատ կ՛ըսէր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները: Բայց եթէ չփորձենք պատասխաններու մասին առնուազն մտածել, առաջարկել, տեղքայլի ճահճացումը կը շարունակուի, ազգի լինելութեան տեսակէտէ` ոչ դրական հետեւանքներով: Իսկ կրթական հարցը ազգին համար էական է եւ ծանրակշիռ սխալ է զայն հպատակեցնել տեղական, տեղայնական, ջոջական հետաքրքրութիւններու եւ փառասիրութիւններու` մէկդի դնելով անոր գաղափարական եւ մասնագիտական հրամայականները:
Քանիցս Հայաստանի մը ահազանգ հնչեցուցին, որ համալսարանի մուտքի քննութիւններուն հայերէնի յստակ անկում կ՛արձանագրուէր: Օտար լեզուներու իւրացման համար աշակերտ եւ մանաւանդ ծնողք կանգ չեն առներ զոհողութիւններու առջեւ: Այս միտումը դրսեւորուեցաւ օտար վարժարաններու ստեղծումով: Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայկական բազմաթիւ վարժարաններ փակուեցան: Միւսները քայլ կը պահեն ծնողներու «գործնական» ակնկալութիւններուն հետ, հայերէնը երկրորդ կամ երրորդ լեզուի մակարդակին կ՛ուսուցուի ընդհանրապէս եւ հայերէնով աւանդուող առարկաները կ՛անհետանան, ինչ որ մեծապէս կ՛ազդէ հայերէնի որպէս կենդանի լեզու իւրացման: Իսկ գործնական եւ գործնապաշտ հայ ծնողները իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարանի խնամքին: Սփիւռք(ներ)ի պարագային` մեծամասնութիւն են անոնք:
Քանի մը անգամ խօսած եւ գրած եմ այն մասին, որ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ, ուր հայերէնը դեռ կեանքի լեզու է, նոյնիսկ երբ նահանջողներ կան, հայկական դպրոցներու ամավերջի տեղեկագիրները կը բարձրախօսեն այն մասին, որ իրենց շրջանաւարտները այս կամ այն կարեւոր տոկոսով յաջողած են պետական կամ համալսարանական մուտքի քննութիւններուն: Երբեք չիմացայ, որ այդ տեղեկագիրներուն մէջ յիշուի, թէ այդ շրջանաւարտներու այս կամ այն տոկոսը հայերէն էջ մը ընդունելիի սահմաններուն մէջ կը գրէ:
Հայկական վարժարանի գնահատման չափանիշը կը մոռցուի:
Միջինարեւելեան գօտիէն դուրս, հակառակ զոհողութիւններու եւ քարոզչութեան, հայերէնը կեանքի լեզու չէ, բակը եւ տունը հայերէնը անմիջական հաղորդակցական լեզու չէ: Համայնքի հայկական վարժարանի տնօրէնուհին, որ անցեալին գործած էր տեղական պետական վարժարանի մէջ, զրոյցի մը ընթացքին, երբ կը խօսուէր հայ դպրոցի նպատակի մասին, մեքենագրուած քանի մը էջ ցոյց տալով` ըսաւ, որ հայ դպրոցին նպատակը տեղական պաշտօնական ծրագիրն է, գրուած` այդ էջերուն մէջ: Հայկական դպրոց յաճախող տղաքը պէտք է յաջողին` իւրացնելով պետական ծրագիրը, բայց անոր համար կարիք չկայ հայ դպրոցի, որ հիմնուած է, որուն համար հայը զոհողութիւն կ՛ընէ` ազգային նպատակի մը ձգտելով:
Համաշխարհայնացման ճնշումը բացած է դուռը օտարումի, որուն դէմ յաջողութեամբ պայքարելու համար ոչ թէ օտար լեզուներու ուսուցումը պէտք է մերժել, այլ` հայերէնի ուսուցումը իրականացնել յատուկ մանկավարժութեամբ, կրթական յառաջատուական ծրագրի մը հիման վրայ, եւ իրապէս որակաւոր անձնակազմով: Այս վերջին պարագան յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ: Հայերէնի ուսուցիչը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտ, բոլոր միւս նիւթերը աւանդողներէն աւելի պատրաստութիւն եւ որակ պէտք է ունենայ, նաեւ` համապատասխան վարձատրութիւն: Հայերէնի եւ հայերէնով աւանդուող առարկաներու ուսուցիչները բոլոր միւսներէն աւելի պէտք է վարձատրուին, եթէ կ՛ուզենք, որ անոնք յաջողին եւ իր իրաւ առաքելութեան մէջ յաջողի հայ դպրոցը: Այս ըմբռնումը աւելի կարեւոր է, քան` նախանձ շարժող գեղեցիկ շէնքը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ծրագրումին, մանկավարժութեան սահմանման, համապատասխան դասագիրքերու պատրաստութեան, պետական մակարդակով նախաձեռնութիւն պէտք է, որուն համար հարկ է հաստատել Հայաստան-սփիւռք ոչ ձեւական, այլ խորքային համագործակցութիւն` առանց տուրք տալու կրթութեան չառնչուող նախասիրութիւններու: Եթէ արեւմտահայերէնին համար կ՛ըսուի, որ ան վտանգուած լեզու է, նոյն վտանգին ընդառաջ կրնայ երթալ նաեւ արեւելահայերէնը, նոյնիսկ` Հայաստանի մէջ:
Ժողովներ գումարուեցան հայերէններու եւ անոնց մերձեցման հարցերով: Ծրագրումի եւ մանկավարժութեան հարցերը օրակարգ չեղան: Անհատական եւ մասնակի նախաձեռնութիւններ եղան եւ կան, որոնք ոչ մէկ հաւանականութիւն ունին «համազգային» կեցուածք դառնալու:
Այս ընդհանրացման հունով մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ հայերէնի վերականգնման եւ միացման հարցը օրակարգ դարձնել: Յաճախ յիշեցուցած եմ հրեաներու պարագան, որոնք յանդգնութեամբ եւ գիտակից կամքով միացուցին եւ վերականգնեցին իրենց լեզուն` կարենալ ստեղծելու համար ներազգային միութիւն: Այնքա՜ն կը սիրենք հրեաներու կարողութիւններուն եւ ուժին մասին խօսիլ: Ինչո՞ւ չենք խօսիր նաեւ լեզուի հարցի մասին:
Երբեմն մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ ինչպէ՞ս պիտի միաւորուինք երկու հայերէնով, երկու ուղղագրութեամբ, թաքնուելով հռետորութեան ետին, ըսելով, որ անոնք մեր հարստութիւնն են:
Ինչպէ՞ս հայ ծնողները պիտի ներառուին հայերէնի ուսուցման եւ հայկական մանկավարժական ծրագրումի մէջ` քաջ կերպով գիտնալով, որ առանց անոնց` հայկական որակին շուրջ կը սեղմուի օտարումի օղակը:
Եւ ինչպէ՞ս պիտի միաւորուինք, երբ հայերէնը այլեւս կը դադրի ըլլալէ «աշխարհի չորս ծագերուն» այն տունը` «ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ», ինչպէս կ՛ըսէ օտարագիր եւ օտարաբարբառ չեղած հայ բանաստեղծը: Յիշե՛լ Մուշեղ Իշխանը:
3 ապրիլ 2017, Նուազի-լը-Կրան