Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան վերջին բնակարանին` Ամաղլեպա փողոցին վրայ գտնուող թիւ 18 տան մէջ 5 օգոստոս 2017 թուականին տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնին բացումը` նոր էջ մը բանալով հայ-վրացական մշակութային կապերու տարեգրութեան մէջ:
Յիրաւի այս իրադարձութիւնը պատմական է այն հանգամանքով, որ թիֆլիսահայ գաղութին վերադարձուեցաւ 100-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող Մեծն Թումանեանի տունը, ուր ժամանակին սիրով հիւրընկալուած են` Աղայեանն ու Կոմիտասը, Շիրվանզադէն, Իսահակեանը, Փափազեանը, Մառը, Իաշվիլին, Տաբինծէն, Գրիշաշվիլին, Պրիւսովը եւ ուրիշներ, ուր կազմակերպուած են գրական զրոյցներ, ընթերցումներ, ասուլիսներ, տարագրուած եւ անտիպ երկերու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրուած են հայ, վրացական եւ համաշխարհային գրականութեան նմուշներ:
Վրաստանի անկախացումէն ետք հայկական գաղութէն օտարացած Ամենայն Հայոց բանաստեղծին տան ճակատագիրը օրհասական էր. յատուկ սեփականատիրոջ պատկանող չգործող գրադարանային հատուած եւ ժառանգներուն փոխանցուած կիսափուլ բնակարան:
Թումանեանի տունը իր օրինական սեփականատիրոջ յանձնուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի ջանքերով, որոնց աջակցեցան Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ, ներկայիս Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի համանախագահ Ռուբէն Վարդանեանը: Լրիւ նորոգուած եւ վիրահայոց թեմին նուիրաբերուած տան վերանորոգութիւնը, բարեկարգումը եւ կահաւորումը իրականացաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամներու եւ թեմին միջոցով:
Անճանաչելի դարձած Յովհաննէս Թումանեանի տան բացման արարողութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռի պատուիրակութիւնը, Վրաստանի, Հայաստանի պետական, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, հիւրեր Ռուսիայէն եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն ու շրջաններէն, գաղութի կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիսահայ մտաւորականներ:
Կեդրոնի բացման արարողութիւնը սկսաւ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին ծաղկեպսակի զետեղմամբ եւ վիրահայոց թեմի եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդներուն նախաձեռնութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով:
«Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնին ժապաւէնը կտրեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էդգար Մանուկեանը եւ «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մայր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանը: Հոգեւոր դասին մասնակցութեամբ նոր բացուած կեդրոնին մէջ տնօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ:
«Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնի գործունէութեան եւ ապագայի ուղեցոյցներու մասին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ կեդրոնի տնօրէն Գայեանէ Յովսէփեանը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի ուղերձը կարդաց Մայր Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեանը, ներկայացուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Իուրի Վարդանեանին շնորհաւորագիրները:
Տունը գաղութին վերադարձնելու եւ վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներուն մասին վաւերագրական ժապաւէն ցուցադրուեցաւ:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Լեւոն Անանեանի որդին` «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանը, Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մաղուալա Կոնոշվիլին, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիվի Շահնազարը, ինչպէս նաեւ` վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանը:
Ապա Ամենայն Հայոց բանաստեղծին տունը ազգային նպատակներով ծառայելու առումով շնորհաւորութեան խօսք արտասանեցին բարերարներն ու նուիրատուները:
Մեներգչուհի Աննա Բադալեանին երգը, Լիզա Թորոսեանին եւ Լեւոն Չիդիլեանին ասմունքը, Ժաննա Դաւթեանի տիկնիկային համադրութեամբ, փոխանցեցին այն անմար սէրը, որ ժողովուրդը տածած է իր մեծ բանաստեղծին նկատմամբ:
Ձեռնարկը եզրափակեց վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը` երախտագիտական խօսքեր ուղղելով բոլոր բարեկամներուն, աջակցողներուն, անոնց կատարած ազգանուէր գործին եւ Թումանեանին տունը թիֆլիսահայ գաղութին վերադարձնելուն համար, ինչպէս նաեւ թիֆլիսահայ հանրածանօթ նկարիչներ Մերուժան Շահունեանին եւ Թենկիզ Միկոյեանցին աշխատած նկարներէն նուիրեց:
Ուշագրաւ է այն փաստը, որ հիւրերը նոյնպէս դատարկ ձեռքով չէին եկած: Կեդրոնին բացումը նուէրներով շնորհաւորեցին «Ջահ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, մոսկուայաբնակ Լամարա Աթոյեանը, թիֆլիսաբնակ Մերուժան Շահումեանը, Թենկիզ Միկոյեանցը, Վալիկօ Առաքելեանը եւ ուրիշներ:
Մեծն Թումանեանին տունը նոր բացուած կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի ծաւալէ գրական, գիտական եւ մշակութային գործունէութիւն, սրահներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանին անունը, ուր տեղի պիտի ունենան հայ եւ վրացի գրողներու հանդիպումներ, գիրքերու քննարկումներ: Կեդրոնին մէջ պիտի կառուցուի նաեւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան եւ զարգացման, արուեստի գործիչներու մշակութային կապերու օճախ, մանկական ծաղրանկար, ՀԲԸՄ-ի համալսարանի մասնաճիւղ, վիրահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան թանգարան եւ գրադարան: