Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ.- Սփիւռքի Չխամրող Ներկայութիւնը
Հայրենիք-սփիւռք ըմբռնումները աղօտելու սկսած են կարծէք հայկական մեր իրականութեան մէջ: Անկախ մեր հայրենիքին հզօրացումը, անոր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները մեզ խթանող երեւոյթներ են անտարակոյս, որոնց համար իր կարելին ի գործ կը դնէ նաեւ սփիւռքը ու կը ներշնչուի այդ ձեռքբերումներով: Սփիւռքը եւս գոյատեւելու եւ մաքառելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի սակայն, որովհետեւ պահանջատիրական պայքար ունի եւ իրմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու, զանոնք պահանջելու առաքելութիւն...




















