Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Գ. – Գաղափարով Սնանող Յանդգնութիւն

August 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 օգոստոս 1886-ին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գրաւուեցաւ օսմանեան կայսերական ամենամեծ դրամատունը` Պանք Օթոմանը:

Այդ դրամատան մէջ կը կեդրոնանային ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան մեծահարուստներու, այլեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու դրամագլուխները: Կայսրութեան տնտեսական այս կեդրոնին գրաւումը մեծ յանդգնութիւն կը պահանջէր, ազատագրական պայքարի շունչով ու յեղափոխութեան գաղափարով սնանած յանդգնութիւն:

Հայ յեղափոխականները ըմբռնած էին, որ Եւրոպան առաւելաբար իր տնտեսական շահերէն թելադրուած կը գործէր, իսկ արդարութեան պահանջը լսելի դարձնելու համար այդ շահերը վտանգել, ցնցել պէտք էր, որպէսզի ցասումը լսելի դառնար, ու մեր ժողովուրդը ենթարկուողի, ստրկական կացութեան յարմարողի, իրավիճակէն դուրս գար:

Եթէ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն մէկ կողմէ Զարթօնքի սերունդը գաղափարական յեղաշրջման ռահվիրան կը հանդիսանար ու դարերու ստրկութենէն դուրս բերել կը փորձէր հայ ժողովուրդը` իր գրիչով, իր խօսքով ու կրթադաստիարակչական գործով, միւս կողմէ` հայ յեղափոխական շարժումը կեանքի կը կոչէր ազատագրական զինեալ պայքարը ու անոր շնորհիւ`  սիւնիներ ու գարոներ կը յանդգնէին հարուածել թշնամիին ամէնէն զգայուն կեդրոնները` փշրելով ստրկութեան ու ստրկամտութեան շղթաները:

Պանք Օթոմանի գործողութիւնը համիտեան կամ քրտական ջարդերուն ի տես ընդվզած հայուն վրէժխնդրական ոգիին ցասումը չէր բառին պարզ իմաստով, այլ յեղափոխական ոգիի զարթնումին կոչն էր` ուղղուած բռնատէրերուն եւ եւրոպական անտարբեր  աշխարհին:

Օսմանեան կայսրութեան բռնակալները իրենց յարիր ոճով` ջարդի, տեղահանութեան սպառնալիքներով պիտի հակադարձէին հայ յեղափոխականներուն, իսկ մեր ժողովուրդի խիստ պահպանողական, կացութիւններուն միանգամընդմիշտ յարմարող մէկ հատուածը, ցաւօք, պիտի շարունակէր կորաքամակ շրջիլ ու գլուխ խոնարհեցնել բռնակալներուն դիմաց:

Յեղափոխութեան ծաւալող ալիքը, սակայն, պիտի վերականգնէր հայուն արժանապատուութիւնն ու զայն պիտի առաջնորդէր դէպի անկախութիւն:

Պանք Օթոմանի յանդուգն գործողութիւնը կազմակերպողներն ու գործադրողները ընտրեցին այդ ճամբան` մեծ արժէքներու առաջնորդող դժուար ու յաճախ չծափահարուող ճամբան:

Այդ ճամբուն ընտրութիւնը յանդգնութիւն կը պահանջէր… յանդգնութիւն, որուն այս օրերուն եւս ականատեսը կ՛ըլլանք թշնամիին հետ մեր ժողովուրդի առճակատման մէջ:

Յանդգնութիւնը, սակայն, կը պահանջուի նաեւ  ներազգային մեր կեանքի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ: Յանդգնութիւն` կացութիւններ շրջող աշխատանքներու ձեռնարկելու, յանդգնութիւն` պարտադրուած իրավիճակներէն դուրս գալու, յանդգնութիւն` համեստ ու ժամանակաւոր արդիւնքներով չբաւարարուելու:

Նախորդը

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան Հրապարակին Պիտի Մօտենա՞յ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Չխեղաթիւրել Ցաւոտ Իրականութիւնը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.