Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Եւ Պերթրանտ Ռասըլ

Օգոստոս 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղղիա

Օգոստոս է եւ` կանխահաս աշուն: Թզենիի եւ որթատունկի շուքին նստած ենք: Մսկոտ Էլպիս եւ Մակարուհի կը տրտնջան: Էլպիս որթի տերեւներ հաւաքեց իր պոլսական «եալանչի»-ին համար:

Մակարուհին սուրճ բերաւ` թուզի քաղցրաւենիքով: Արմենակին ալեհաւաքը այդ բոլորը կը գնահատէ, բայց միշտ բաց կ’ըլլայ դէպի հեռուներ: Եթէ Կիլիկիոյ իշխան ըլլար, Քոլոմպոսէն առաջ Ամերիկա կը հասնէր:

Որսորդը իր կապարճը կը բանայ, անզուգական Կեդրոնականցին գրպանէն կը հանէ անակնկալներ: Չզարմացայ, երբ յանկարծ թղթիկ մը հանեց, եւ`

– Մակա՛րս, գիտնական եւ իմաստասէր Պերթրանտ Ռասըլին անունը շատ կը լսէինք, երբ մեր Ցեղասպանութեան հարցով ժողովի կը մասնակցէր: Յետոյ մոռցանք: Չգիտցանք, որ իմաստուն էր: Իմաստուններով չենք զբաղիր, կը սիրենք աղմուկ եւ աղմկարարներ:

– Արմենա՛կ, իմաստութիւնը խաղաղութեան մէջ կը ծնի: Ի՞նչ ընենք, մենք հոն չենք հասած,- ըսի:

– Իմաստութիւնը մարդու ճամբան կը լուսաւորէ: Չե՞ս կարծեր, որ այդ լոյսը չունենալով է, որ մենք ծուռիկ-մուռիկ ճամբաներով կ’երթանք, կամ մեզ կը տանին:

Էլպիս, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր, միջամտեց.

– Ի՞նչ կ’ըսէ այդ Ռասըլդ:

– Կը լսենք,- ըսինք Մակարուհին եւ ես:

Արմենակ հանդիսաւորութեամբ կարդաց. «Յաճախ կ’ըսուի, որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, այլ միայն` անձնական կարծիքներ եւ դատումներ. այնպէս որ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստուած է իր աշխարհը տեսնելու իր կերպին մէջ, իր յատուկ մասնայատկութիւններով, ճաշակներով, նախապաշարումներով, որ գոյութիւն չունի ճշմարտութեան արտաքին թագաւորութիւն մը, որուն մէջ վերջապէս ընդունուած պիտի ըլլայինք, համբերատարութեամբ, կարգապահութեամբ, այլ միայն իմ ճշմարտութիւնս, քու ճշմարտութիւնդ, այն, որ է մեզմէ իւրաքանչիւրին ճշմարտութիւնը»*:

Կանգ առաւ եւ աւելցուց.

– Ինչո՞ւ ոմանք կը կարծեն, որ վերջին խօսքը իրենց կը պատկանի, չեն հանդուրժեր այլ կարծիք, ուրկէ` կագ ու կռիւ, այր ու կնոջ պէս, եղած-չեղածի համար:

– Աշխարհ այսպէս է, այսպէս պիտի երթայ,- փիլիսոփայեցի: – Այդ ճշմարտութեան թագաւորութիւնը անդենականի մէջ է, հաշուեփակէն ետք:

– Ճի՛շդ,- ըսաւ Արմենակ:

– Ի՞նչ ճիշդ,- հարցուցի:

– Չափի գիտակցութիւնը, որ հայու մարզաձեւ չէ:

– Չեմ հետեւիր:

Արմենակ լրջացած շարունակեց.

– Հիմա լսէ՛ այս իմաստունը. «Կը խորհիմ, որ մենք կրնանք պատկերացնել աշխարհը, որքան ալ անկատար ըլլայ այդ պատկերացումը: Եւ կը խորհիմ, որ իմաստասէրին պարտականութիւնն է ըլլալ կարելի չափով քիչ ձեւազեղծող հայելի մը:  Բայց նաեւ իր պարտականութիւնն է գիտնալ, որ այդ ձեւազեղծումները անխուսափելի են մեր բնութեամբ իսկ: Անոնցմէ հիմնականը այն է, որ մենք աշխարհը կը նկատենք հոս-ի եւ հիմա-ի տեսանկիւնէն, ո՛չ այն մեծ անկողմնակալութեան, որ տիեզերական աստուածութեան հաւատացողները կը վերագրէին աստուածութեան: Նման անկողմնակալութիւն անհնար է մեզի համար, բայց կրնանք փորձել անոր մօտենալ: Այդ ճամբան ցոյց տալ` իմաստասէրին գերագոյն պարտականութիւնն է»:

– Արտակա՛րգ,- ըսի:

– Օր մը մեր «էսթեպլիշմընթ»-ը ժամանակ կը գտնէ՞ եւ ականջը կը բանա՞յ լսելու, որպէսզի փորձէ հոս-էն եւ հիմա-էն հեռանալ, մտածել, որ տիեզերական ճշմարտութիւնը չունի, համեստանայ եւ ընդունի, որ անփոխարինելի չէ,- եզրակացուց բարեմիտ Արմենակ:

25 յուլիս 2017

* Պերթրանտ Ռասըլ (1872-1970), «Գաղափարներուս պատմութիւնը» (1959)։

Նախորդը

Քեսապի Ոսկի Աշունը

Յաջորդը

«Յառաջիկայ Տարուան Համար Կը Նախատեսենք «Iphone»-ներու Եւ «I-Pad»-ներու Ուղղագրիչ Պատրաստել»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?