Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հնդկաստանի Դերակատարութեան Հզօրացումը

August 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը: Ան յայտնեց, որ իր երկրի դաշնակիցներէն, մասնաւորաբար Հնդկաստանէն կ՛ակնկալէ իր նոր ռազմավարութեան աջակցիլ եւ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնել ամերիկեանին համահունչ: Ան նաեւ ընդգծեց. «Փաքիստան շատ պիտի օգտուի Աֆղանիստանի մէջ մեզի հետ գործակցելով, սակայն շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ շարունակէ ոճրագործներուն եւ ահաբեկիչներուն ապաստան տալ»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետ Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին նշեց, որ Հնդկաստան պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման կարեւոր գործընկեր մը:

Իրեն ուղղուած զգուշացումին կողքին շրջանին մէջ իր հակառակորդին` Հնդկաստանի դերակատարութեան հզօրացման յայտարարումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական ցանցերը հարուածելու ամերիկեան զինեալ ուժերու լիազօրութեան ընդլայնումը եւ անոր մէջ փաքիստանեան հողերուն վրայ գործողութիւններու նախադէպերուն ուրուականը պարունակող «շատ արագ վրէժ լուծելու» եւ «արագ պատերազմներ շղթայազերծելու» գաղափարներու ներառման նշումը չի կրնար չմտահոգել Փաքիստանը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան յարաբերութիւններու նոր տարազը նաեւ մտահոգիչ է վերջինիս հետ սահմանային վէճեր ունեցող Չինաստանի համար: Համաշխարհային մակարդակի վրայ «առաջին ջութակահար»-ի դեր ստանձնելու ախորժակներ ունեցող Փեքինը դժուար, թէ հաշտ աչքով դիտէ իր քիթին տակ ընթացող այդ ախորժակի իրականացումը ականահարող, զինք «պաշարող» եւ «զսպող» ամերիկեան քայլը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան մերձեցումը կրնայ առաջնորդել Չինաստան-Փաքիստան մերձեցումի մը կամ անոր փորձին, որ սակայն պիտի մնայ խիստ սահմանափակ` նկատի ունենալով Իսլամապատի մէջ Ուաշինկթընի ունեցած ազդեցութիւնը եւ արագ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու կարողութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 131-րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Եւ Վարագ Գեթսեմանեան Ներկայացուցին «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի Կերպարը Պատմագրութեան Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Մէջ» Նիւթը

Յաջորդը

Գերմանիան Կ՛ուզէ Խոչընդոտել Թուրքիոյ` Եւրոպական Ներդրումային Դրամատունէն Վարկ Ստանալու Հոլովոյթը

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.