Սմիթսընի Հիմնարկին Յօդուածը` Երեւանի Մասին. «Ինչպէ՞ս Հնագոյն Հրաբուխները Ստեղծեցին Հայաստանի Վարդագոյն Քաղաքը»
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին մօտենալու ընթացքին կրնաս նայիլ վերեւ եւ տեսնել հեռուն բարձրացող Արարատ լեռը, որ իր ստուերը կը ձգէ վարդագոյնի մէջ թաթախուած քաղաքին վրայ: Երեւանը յայտնի դարձած է իբրեւ Հայաստանի վարդագոյն քաղաք` նոյնինքն այդ տեսարանին շնորհիւ: Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն մէկը նկատուող «Սմիթսըն» հիմնարկին կայքէջը: «Ինչպէ՞ս հնագոյն հրաբուխները ստեղծեցին Հայաստանի...

















