Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Երզնկայի Հայկական Սուրբ Տրդատ Վանական Համալիրը Սեփականաշնորհուած Է

August 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այժմեան Թուրքիոյ Էրզինճան (պատմական հայկական Երզնկա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տիհապեր» լրատուական կայքը:

Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը կը յայտնէ, որ պետութիւնը եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը տրամադրած է 16 գիւղացիներու: «Այժմ եկեղեցի երթալու, աղօթելու համար ոչ թէ պետութենէն, այլ սեփականատէրերէն պէտք է արտօնութիւն ստանանք», կ՛ըսէ Տաղճը:

Էրզինճանի Քամահ շրջանի Տողանքէօյ (Թորթան) գիւղին մէջ գտնուող վանական համալիրը 2005-ին «Տողանքէօյի եկեղեցի» անունով ներառուած էր պահպանուող յատուկ տարածքներու ցանկին մէջ, սակայն անկէ ետք Սուրբ Տրդատը գանձախոյզներու յարձակումներուն թիրախ դարձած էր:

23 մայիս 2017-ին վանական համալիրը պաշտօնապէս սեփականութեան տրուած էր երեք գիւղացիներու` Եուսուֆ Տիւնտարին, Մեհմետ Տիւնտարին եւ Ռըզա Տեմիրպաշին: Վերջիններուս մահէն ետք Սուրբ Տրդատը, դարձած է անոնց 16 ժառանգորդներուն սեփականութիւնը:

Փաստին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն կատարած Ազիզ Տաղճը յիշեցուցած է, որ եկեղեցին չի կրնար  ոեւէ անհատի սեփականութիւն դառնալ: Եկեղեցական հիմնադրամներու մասին օրէնքին համաձայն, եկեղեցին փոքրամասնութիւններուն պէտք է պատկանի: «Եթէ հայերը որեւէ միութիւն կամ կառոյց հիմնեն, այն ատեն կրնան ձեռք բերել եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը: Եթէ միայն մէկ հայ մնայ ու ան ալ մեռնի, այդ պարագային այդ մարդիկը կրնան սեփականաշնորհել եկեղեցին: Բայց, ինչպէս կը տեսնենք, մենք` հայերս, այստեղ ենք, իսկ եկեղեցին ուրիշներուն տրուած է», կը յայտնէ Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները ենթակայ են պատրիարքարանին, հետեւաբար անոնք չեն կրնար սեփականաշնորհուիլ ոեւէ մէկուն: Իսկ սեփականաշնորհուելու պարագային, կը խախտուին Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրին եւ Լոզանի դաշնագիրին սկզբունքները:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

Յաջորդը

Հայերէնի Եւ Հայեցի Կրթութեան Հարցով Մանկավարժական Մտահոգութիւններ

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.