Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

August 23, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Արամ Քէթէնճեանի «Երկիր ու երկինք» հատորը, բաղկացած` 122 էջերէ, որ կ՛ընդգրկէ բանաստեղծութիւններ, խոհեր, աղօթքներ եւ թարգմանութիւններ: «Երկիր ու երկինք»-ը Քէթէնճեանի չորրորդ ժողովածուն է: Հեղինակը իր սրտաբուխ խօսքերը կը նուիրէ բարին կամեցողներուն ու բարին սերմանողներուն, ողորմածներուն, խաղաղարարներուն եւ ճշմարիտ ընկերներուն:

Յառաջաբանը գրած է Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան: Ան կ՛ըսէ, որ գրքոյկին մէջ ամփոփուած քերթուածները կ՛արտացոլեն հեղինակին ոգեշնչող զգացումները, կրօնական խոր հաւատքը, հայրենասիրական ոգին եւ արուեստի նկատմամբ իր նուրբ ճաշակը:

Անոր տողերը աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած եւ գութ, խաղաղութիւն ու ջերմութիւն կը հայցեն Անկէ ազնուութեան եւ բարութեան ի խնդիր, որպէսզի մեր քայլերը առաջնորդեն մեզի դէպի խաղաղութիւն, անոնք կը հայցեն Տիրոջ օգնութիւնը փրկուելու չարէն, բուժուելու համար մեր մարմնական եւ հոգեկան ախտերէն:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են հեղինակին մտքերն ու խոհերը Հայաստանի նկատմամբ, անոր պաշտամունքը հայրենի բնութեան, վանքերուն, խաչքարերուն, խաչերուն հանդէպ: Քէթէնճեան կատարած է նաեւ փիլիսոփայական խորհրդածութիւններ: Կը փորձէ հասկնալ վատն ու լաւը եւ կը ջանայ վանել չարը եւ սիրել բարին, ինչպէս նաեւ ներել թերացողին:

Քառեակները խորհուրդներ, յորդորներ եւ բարոյախօսութիւններ են, որոնք հեղինակը կը բաշխէ ընթերցողին, մարդկութիւնը դէպի բարին առաջնորդելու հաստատ հաւատքով:

Արամ Քէթէնճեան իրաքահայ համայնքի ակնառու ներկայացուցիչներէն է. իբրեւ սարկաւագ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եկեղեցիին եւ ազգային վարժարանի մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ: Ան  նաեւ տաղանդաւոր նկարիչ է:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.