Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դասաւանդութիւնն Ու Թատրոնը Իմ Սէրերս Են. Որքա՜ն Մարդոց Կը Հասնիս, Ի՜նչ Ազդեցութիւն Կ՛ունենաս Մարդոց Վրայ Եւ Ի՜նչ Արձագանգ Կը Ստանաս Անոնց Ընդմէջէն», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեան

August 24, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս Պէյրութ կը գտնուի Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօսներէն Անահիտ Արամունի-Քէշիշեանը, որ միաժամանակ բեմադրիչ է ու դերասան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցած է գրականագէտ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր ծաւալած գործունէութեան: Յայտնենք, որ ան հինգշաբթի, 24 օգոստոս 2017-ին, «Պատկեր» կեդրոնին մէջ մենաթատրոն մը պիտի ունենայ իր կեանքի զաւեշտալի ու տխուր երկու կանգառներու`  Հայաստանի եւ Իրանի մասին:

 

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մասին:

ԱՆԱՀԻՏ ԱՐԱՄՈՒՆԻ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանն է Լոս Անճելըսի մէջ: Պետական համալսարաններուն մէջ ամէնէն լաւերէն է, կարեւոր եւ լուրջ համալսարան է: Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը ունի երկու հայագիտական ամպիոն, մէկը լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի, իսկ միւսը` պատմութեան: Ասոնք իրարմէ անջատ ամպիոններ են: Պատմութեան ամպիոնը Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան է,  որովհետեւ 40 տարի ան վարած է այդ ամպիոնը. Հայ կրթական հիմնադրամն է այդ ամպիոնին նեցուկ կանգնողը, իսկ մերը` Գրիգոր Նարեկացի հայագիտութեան անպիոնն է: Երկու ամպիոններն ալ միասին մեծ աշխատանք կը ծաւալեն, երկուքն ալ ամէնէն հին ամպիոններէն են: Պէտք է ըսել, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը հայագիտական առումով աշխարհի ամէնէն կարեւոր ամպիոններէն է, որովհետեւ նախ` այդպիսի համայնքի մէջ է, ուր մեծ թիւով հայութիւն կ՛ապրի, ապա` հայերէն գիրքերու մեծ հաւաքածոյ ունի, բաւական հին ձեռագիրներ ունի եւ բաւական կարեւոր տեղ է հետազօտական աշխատանք տանելու համար:

Այս տարի 21-րդ տարին է, որ կը դասաւանդեմ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, մշակոյթ եւ հասարակութիւն: Մեր ամպիոնի վարիչ հայագէտ Փիթըր Քաուի հետ միասին սկսած ենք 1997-ին, նախապէս Աւետիս Սանճեանն էր վարիչը: Ամպիոնը հիւրընկալ է ոչ հայ անդամներու` հայերէն ուսումնասիրելու համար: Օտար ուսանողները եթէ հայագիտութեամբ հետաքրքրուած են, ուրեմն անպայման շատ լուրջ են, տարբեր է, երբ կենսաբանութեամբ զբաղէին, այդ պարագային կրնար հայրը ըսած  ըլլար, որ պէտք է բժիշկ դառնայ, բայց եթէ հայագիտութիւն պիտի ընէ եւ հայ չէ, կը նշանակէ, որ շատ լուրջ հետաքրքրութիւն ունի հին լեզուներու կամ հայ աշխարհամասի նկատմամբ: Այն ոչ հայերը, որոնք հայագիտութեամբ կը զբաղին, իսկապէս շատ լրջօրէն նուիրուած են եւ շատ հետաքրքրական աշխատանք կը ծաւալեն: Այս պահուն ունինք ամերիկացի, թուրք, ռուս, չին ուսանողներ: Չինը աւարտեց, իսկ անոր ատենախօսութիւնը Սայաթ Նովայի մասին էր:

Ես կը դասաւանդեմ հայերէնով, որ զարգանայ իրենց հայերէնը, բայց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ կը դասաւանդեմ անգլերէնով: Ուսանողները շատ են, մեծ ոգեւորութեամբ դասի կու գան: Շատերու մէջ հիմնովին փոփոխութիւն կը յառաջանայ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան նկատմամբ: Անոնց հետ նաեւ թատրոններ կը կազմակերպեմ. քանի մը տարի առաջ «Սասնայ ծռերը» ներկայացուցինք` քիչ մը վերացական ձեւով: Աղասի Այվազեան, Գուրգէն Խանճեան մեր մեծագոյն գրողները, արձակագիրները եկած, դիտած եւ շատ զարմացած են, որ դերակատարները ուսանողներ են, որոնցմէ մէկը փաստաբան պիտի դառնայ, մէկը` բժիշկ եւ բեմերու վրայ հրաշալի պատկերներ կը ներկայացնեն:

 

«Ա.».- Նոր ծրագիրներ ունի՞ ամպիոնը:

Ա. Ա. Ք.- Նոր ծրագիրներ միշտ ալ կան: Ամէն տարի Փիթր Քաու հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, մեծ մասամբ` Հայաստանէն, բայց նաեւ` սփիւռքի տարբեր վայրերէ, որպէսզի միշտ դասախօսներու զանազանութիւն ըլլայ: Գիտաժողովներ կը կազմակերպէ: Կարեւոր է այն, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը ամբողջ աշխարհի ուսանողութեան դոկտորականի պատրաստուող գիտաժողով կը կազմակերպէ անխափան ամէն տարուան փետրուարին: Աշխարհի բոլոր ծագերէն կը հաւաքուին ուսանողներ, որոնք իրարու կը ծանօթանան, իրարմէ կը սորվին: Այս գործը բաւական կարեւոր եւ բացառիկ բան է:

 

«Ա.».- Այսօր շատեր կը խօսին արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու մասին, դուք իբրեւ հայագիտականի դասախօս` ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

Ա. Ա. Ք.- Այս նիւթին վերաբերեալ երկու թեւ կայ, մէկը կ՛ըսէ, որ վտանգուած է, իսկ միւսը` չէ վտանգուած: Ես կը կարծեմ, որ բոլոր լեզուները վտանգուած են: Հեռաւոր իմաստով կ՛ըսեմ նաեւ, որ հիմա ապահով լեզու չկայ, եթէ այսօր անգլերէնն է, վաղը չինարէնը կ՛ըլլայ, չենք գիտեր: Բայց աշխարհը կ՛երթայ դէպի միալեզուութիւն, երեւի միտումը նկատելի է: Սփիւռքի մէջ հայերէնը միշտ վտանգուած է, որքան ալ Պուրճ Համուտը, Թեհրանը կամ ուրիշ տեղեր կը պահեն, հայերէնը կը մնայ վտանգուած: Այսօր Հայաստանի մէջ վտանգուած չէ արեւելահայերէնը, որքան ալ օտար բառերու կը հանդիպինք: Հայաստանէն դուրս հայերէնը վտանգուած է, Վրաստանէն դուրս վրացերէնը վտանգուած է, Գերմանիայէն դուրս գերմաներէնը վտանգուած է, բնական բան է: Այս վէճը ես շատ լաւ չեմ հասկնար, բնական ընթացք է, բնական է, որ լեզուն վտանգուի իր երկրէն դուրս: Որքան որ տեւած է, կրնայ եւ շատ աւելին տեւել, բայց ի վերջոյ բնական ընթացքը թոյլ պիտի չտայ, որ շարունակուի. խնդիրը միայն արեւմտահայերէնը չէ, խնդիրը սփիւռքի տարածքին հայերէնն է:

 

«Ա.».- Խօսինք ձեր ծաւալած գործունէութեան մասին:

Ա. Ա. Ք.- Ես երկու հիմնական բան կ՛ընեմ, մէկը դասաւանդութիւն, միւսը` թատրոն: Ըսեմ նաեւ, որ Լոս Անճելըսի մէջ իմ սեփական դպրոցս ունեցած եմ «Մաշտոց» անունով, դպրոցի դասերէն դուրս, երեկոյեան ժամերուն, շաբաթ օրերը: Միջին հաշուով, 400-500 աշակերտ ունեցած եմ, սակայն ստիպուեցայ փակել զայն, որովհետեւ չէի ուզեր տալ ուրիշի` գիտակցելով, որ իմ ձեւով պիտի չշարունակէին: Ես բոլորովին նորարարական ձեւով կ՛ընեմ ամէն բան, անկախ եմ: Այնքան անկախ եմ, որ կարելի չէ պատկերացնել: Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը տուած է ինծի այդ անկախութիւնը, ինչ որ կ՛ուզեմ, կ՛ընեմ: Իմ դպրոցը 18 տարի պահպանեցի, յետոյ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ը հրաւիրեց զիս, նաեւ` Կլենտէյլի համայնքային քոլեճը: Երեք բան չկրցայ պահել նոյն ատեն, ուստի գոնէ մէկը պէտք էր յանձնէի եւ 2002-ին ձգեցի դպրոցը: Այս ընթացքին հրատարակած եմ ամսագիր, որ կը կոչուէր «80-ական», յետոյ Իշխան Ճինպաշեանին յանձնեցի զայն: Կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ ուսանողներուս գործերով «Մուտք» անունով թերթով ահագին բան հրատարակած եմ: Ինծի համար հիմնական երկու բաները միշտ ալ կատարած եմ` դասաւանդութիւն եւ թատրոն. անոնց զուգահեռ, նախաձեռնած եմ հրատարակութիւններու, խմբագրական աշխատանքներու: Այս երկուքն ալ սէր են ինծի համար: Այլ խօսքով, գումար տուն տանելու աշխատանք չեն եղած ինծի համար, այլ եղած են սէր: Երկուքին մէջ ալ բաւական յաջողակ եղած եմ, ֆինանսականը նկատի չունիմ, այլ որքա՛ն մարդոց կը հասնիս, ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենաս մարդոց վրայ եւ ի՛նչ արձագանգ կը ստանաս: Տարիներ շարունակ բեմադրած եմ, մէկ-մէկ ալ ես բեմ բարձրացած  ու ներկայացումներ կատարած եմ: Միշտ նորարար ոճով կը մօտենամ: Շատ տեսնուած ու բեմադրուած նիւթ չեմ առներ, եթէ նոր բան պիտի չտամ հանդիսատեսին, չեմ ներկայացներ:

Հայաստանի մէջ ալ բեմադրութիւններ կատարած եմ: Պէյրութ այցելութեանս ալ երկու մենախօսութիւններս միացուցի ու պիտի ներկայացնեմ Իրանի եւ Հայաստանի ինքնակենսագրական պատումներս: Իրական արուեստագէտը ինք շատ չ՛որոշեր, գործը կ՛որոշէ: Երբեմն բանի մը մասին կը մտածեմ, յանկարծ այլ ծրագիր մը տեղէ մը դուրս կու գայ, եւ կը տեսնեմ, որ  անոր տրուեցայ:

 

«Ա.».- Ձեր տպաւորութիւնները` Պէյրութ այցելութենէն:

Ա. Ա. Ք.- Առաջին անգամ է, որ Պէյրութ կ՛այցելեմ: Կը զարմանամ, որ մինչեւ այսօր չեմ եղած հոս: Հոգիով եղած եմ այստեղ, որովհետեւ Պէյրութը մեծ է մեր կեանքին մէջ: Ես Իրան ծնած-մեծցած, ապա` Հայաստան եւ Ամերիկա ապրած, բայց կ՛ըսեմ, որ Պէյրութը բեկումնային է մեր բոլորին կեանքին համար: Ինչ որ Պէյրութ ըրած է… ինչ որ Պէյրութ եղած է… առանց Պէյրութի` մենք այսօր այն սփիւռքը չէինք ըլլար: Տպաւորութիւններով յագեցած եմ շատ: Որքան ալ համայնքը փոքրացեր է, բայց զօրաւորութեան հետքերը տեսանելի են արդէն: Լոս Անճելըսը մէկ միլիոն հայութիւն ունի, բայց այս ամրութիւնը  չունի: Չես զգար, որ հայկական է: Այստեղ երբ տեղ մը կը մտնես, ամբողջութեամբ հայկական ըլլալը կը զգաս: Չէ խառնուած արաբերէնի կամ անգլերէնի հետ: Փոքրիկ Հայաստան է: Հայկազեան համալսարան այցելեցի եւ նորէն տեսայ զօրաւոր, հայերը կը ղեկավարեն հիմնականին մէջ: Ինչ որ կը տեսնեմ, ինծի կը յիշեցնեն 60-ական թուականներու Թեհրանը: Այստեղ հայկականութիւնը ճշմարիտ է, իսկական է: Չեմ զարմանար, որ Պէյրութը առաջնորդող գաղութ է, որովհետեւ սերած է նիկոլ աղբալեաններէն, վրացեաններէն, մուշեղ իշխաններէն, որոնք սերունդներ դաստիարակած են, ուրիշ գաղութներու մէջ իրենց հեռաւոր արձագանգները հասած են միայն: Այս է պատճառը, որ այսքան հրապուրիչ է այս համայնքը:

 

 

Նախորդը

Մենք Հայ Ենք

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.