Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հրանուշ Յակոբեան Ընդունած Է Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպերճեան Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէնը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 26 յուլիսին հանդիպում ունեցաւ Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպերճեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ Գաւառական ժողովի անդամ Անդրանիկ Պօղոսեանին եւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան եւ վարժարանի հայաստանեան ներկայացուցիչ Ալեքսան Գարատանայեանին հետ:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը` արժեւորելով Սուրիոյ մէջ հայկական գաղութի պահպանութեան ուղղուած անոնց ազգանպաստ գործունէութիւնը: Նախարարը հետաքրքրուեցաւ գաղութի նորութիւններով, դպրոցի աշակերտներուն թիւով, առկայ խնդիրներով եւ դժուարութիւններով: Ան յատկապէս նշեց. «Սուրիոյ հայ դպրոցը պահելով` իրապէս հերոսութիւն կ՛ընէք: Գաղութ պահելը, սերունդ դաստիարակելը շատ կարեւոր է: Հպարտ եմ, որ այսպիսի մարդիկ կան, որ կ՛ապրին հայրենիքն ու ազգը սիրելով եւ անոնց ծառայելով»:
Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերջերս իրեն փոխանցուած` Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած «Երախտագիտութեան մետալ»-ին համար եւ աւելցուց. «Շնորհակալական խօսքերէն աւելի` կ՛ուզեմ հաւաստել, որ այդ պարգեւը խթան պիտի հանդիսանայ, որպէսզի աւելի աշխատանք տանինք: Կրկին կ՛ուզեմ շեշտել, որ պէտք է վերադառնամ Հալէպ` իմ առաքելութիւնս շարունակելու: Ինծի համար թէ՛ ազգային եւ թէ՛ մարդկային պարտականութիւն է դպրոցի դռները բաց պահելը»:
Իրանի Դելիջանն Ու Հայաստանի Դիլջանը Կը Դառնան Քոյր Քաղաքներ
«ԻՌՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Իրանի Դելիջանն ու Հայաստանի Դիլիջանը դարձան քոյր քաղաքներ:
Պայմանագիրը կնքելու նպատակով օգոստոս 14-ին Հայաստան մեկնեցաւ Դելիջան քաղաքի պատուիրակութիւնը: Դելիջանի քաղաքապետ Մեհտի Էսմայիլի յայտնեց, որ գործընթացը նոր էջ մը պիտի բանայ երկու համանուն քաղաքներու յարաբերութիւններուն մէջ. «Երկու քաղաքներուն միջեւ համապատասխան պայմանագիրի ստորագրումը վերջին քանի մը տարիներուն եղած է օրակարգային կէտ: Այս պայմանագիրի իրագործումը կը նպաստէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ընդլայնման», յայտնեց իրանցի քաղաքապետը:
Իրանեան պատուիրակութեան, Դելիջանի քաղաքապետէն բացի, մաս կը կազմէին նաեւ շինարարական հարցերու կեդրոնական նահանգի նահանգապետի տեղակալը, քաղաքի կուսակալը, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եւ քանի մը գործարարներ:
Նշենք, որ յուլիսի 4-5 Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեանը այցելած էր Դելիջան եւ ծանօթացած էր քաղաքի զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական հնարաւորութիւններուն:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Արժէքաւոր Նուէրները` Արժէքաւոր Գիւղին
830 բնակիչ ունեցող Սիւնիքի մարզի Հարժիս գիւղի անուանումը դեռ յստակ ստուգաբանութեան ենթարկուած չէ: Հարժիսի միակ դպրոցի տնօրէն Նորայր Եսայեան կը պատմէ իր մեծ հայրերէն լսած առասպելը, թէ «Հարժիս» անուանումը «արժէք» բառի փոխուած ձեւն է: Իսկ «արժէքաւոր» համարուած է այս տարածքը երկու պատճառով. նախ` 10-րդ դարէն այստեղ գործած է գաղտնուղի մը դէպի Տաթեւի վանք, երկրորդ` տարածքին մէջ եղած են արծաթի պաշարներ:
Օգոստոս 10-ին արժէքաւոր նուէրներով արժէքաւոր գիւղ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Ուսումնական տարուան ընդառաջ, Հարժիսցի բոլոր` 82 երեխաները նուէր ստացան գրենական պիտոյքներ: Երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ բացին նուէր ստացած դպրոցական իրենց ուսապարկերը, որոնց մէջ գտան դպրոցի համար անհրաժեշտ ամէն ինչ` գրչատուփեր, հաշուիչներ, ջրաներկեր, կաւ, գծագրութեան տետրակներ, տետրեր, գրիչներ եւ այլն:
Հարժիսի դպրոցը կը գործէ 1960-ականներէն. այդ օրերէն անիկա չէ վերանորոգուած:
Դպրոցական Գրենական Պիտոյքներ` Իշխանասարցի Երեխաներուն
1988 թուականէն սկսեալ Ազրպէյճանէն գաղթած հայերով բնակեցուած Սիւնիքի մարզի Իշխանասար գիւղը այժմ ունի 250 բնակիչ: Բնակիչները մեծ մասամբ կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Օգոստոս 11-ը` հին հայկական տոմարով Նոր տարուան օրը, զուգադիպեցաւ գիւղին մէջ նուէրներու բաժանման հետ: Այդ օրը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը գիւղի բոլոր երեխաներուն նուիրեց գրենական պիտոյքներ` դպրոցական պայուսակներ, գրչատուփեր, հաշուիչներ, ջրաներկեր, կաւ, գծագրութեան տետրակներ, տետրեր, գրիչներ եւ այլն:
Ծրագիրը իրականացաւ հիմնադրամի Մեծն Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ֆինանսաւորման շնորհիւ: Արդէն տասներորդ տարին է, որ հիմնադրամը Մեծն Բրիտանիոյ տեղական իր մարմինին ֆինանսաւորումով Հայաստանի զանազան մարզերու գիւղերու երեխաներուն կը նուիրէ գրենական պիտոյքներ: Նախորդ տարիներուն անոնք հասան Տաւուշի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի մարզերուն գիւղերը:
Եօթներորդ Վիրաւոր Զինուորը «Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամին Կողմէ Վերանորոգուած Առանձնատուն Ստացաւ
Արցախեան ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Կամօ Դաւթեանը 11 օգոստոսին Արցախի Մարտունի շրջանի Նոր Շէն գիւղին մէջ ստանձնեց իր սեփական բնակարանը, որ վերանորոգուած է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ` «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովում» ծրագիրի ծիրին մէջ: Ձեռնարկին մասնակցած են «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, Մարտունի շրջանի վարչակազմի, ՀՅԴ Մերուժան Մոսիեան կոմիտէի, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի եւ տեղական մամուլի ներկայացուցիչներ:
2003 թուականէն ի վեր «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է Արցախին աջակցելու համար: Իսկ ապրիլ 2016 թուականին, որպէս պատասխան քառօրեայ պատերազմին, հիմնադրամը յատուկ ու արտակարգ արշաւի մը նախաձեռնեց պատերազմին պատճառով տուժած անձերուն օգնելու համար: Այս հրատապ դիմումին շնորհիւ եւ հաւաքուած դրամական միջոցներու եւ կամաւոր անձերու աջակցութեամբ, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը վերանորոգած կամ նոր տուներ գնած է 6 վիրաւոր զինուորներու համար, երեքը Մարտակերտի, երկուքը Հադրութի եւ մէկն ալ` Ասկերանի մէջ:
Հակառակ անոր որ նախաձեռնութիւնը ի սկզբանէ կը միտէր քառօրեայ պատերազմին մասնակցած զինուորներուն աջակցիլ, սակայն հետագային անոր շրջագիծը ընդարձակուած է` ներառելով բնակարանային կարիքներ ունեցող բոլոր այն զինուորները, որոնք վիրաւորուած են մարտի դաշտին վրայ եւ ի վիճակի չեն վերանորոգելու իրենց տուները կամ նոր բնակարաններ գնելու: «Իր կեանքը մեր հայրենիքին համար վտանգած իւրաքանչիւր զինուոր արժանի է ապրիլ արժանապատիւ կեանք, ինչ որ անկարելի է առանց բարեկարգ տան: Արցախի զինուորներուն համար տուներ կառուցելով, վերանորոգելով կամ նոր տուներ գնելով` մենք ոչ միայն կ’աջակցինք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք այս խիզախ անձերուն եւ անոնց ընտանիքներուն, այլ նաեւ կ’օգնենք քայլ առ քայլ վերակառուցելու Արցախը», դիտել տուած է Րաֆֆի Տուտագլեան:
Կամօ Դաւթեանը այս նախաձեռնութեան մէջ ներառուած եօթներորդ զինուորն է եւ արցախեան 90-ական թուականներու ազատամարտի երկրորդ մասնակիցը, որ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ նոր կամ վերանորոգուած տուն ստացած է: Ազատամարտին ընթացքին Կամոն միացած էր Նոր Շէնի ինքնապաշտպանական խումբին եւ խիզախաբար կռուելով` ծանրօրէն վիրաւորուած է մարտերէն մէկու ընթացքին:
Այժմ Կամոն 50 տարեկան է: Բնոյթով աշխատասէր Կամոն մարտի դաշտին վրայ ստացած վէրքերուն պատճառով չի կրնար ֆիզիքական աշխատանք կատարել: Նոր Շէնի մէջ կ’ապրի կնոջ եւ երկու դուստրերուն հետ: Հետեւելով հօր օրինակին` Կամոյի որդին որպէս պայմանագրային սպայ կը ծառայէ Արցախի պաշտպանութեան բանակին մէջ: Մինչեւ վերանորոգումը Կամոյին ընտանիքը կ’ապրէր հին գիւղական տան մէջ, որ ոչ միայն անբարեկարգ վիճակի մէջ էր, այլ նաեւ չունէր բաղնիք եւ խոհանոց: Հետեւաբար, ի յաւելումն ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներուն, հիմնադրամը կառուցած է խոհանոց, բաղնիք եւ միջանցք` ընդլայնելով առանձնատունը յաւելեալ կառոյցի միջոցով:
«Երջանիկ եմ, որ վերջապէս պիտի ունենամ այնպիսի տուն մը, ուր մենք հպարտ պիտի ըլլանք ապրելու: Միակ փափաքս այն է, որ պատերազմի ատեն կռուած բոլոր ընկերներս իրենց գլխուն վերեւ տանիք ունենան եւ ապրին իրենց սեփական տուներուն մէջ», բնակարանը ստանձնելով յայտնած է Կամօ Դաւթեանը:
Հիմնադրամին այս նախաձեռնութիւնը շարունակական բնոյթ ունի:
Ծխախոտը Գետին Նետողը Տուգանքի Պիտի Ենթարկուի Հայաշխարհ Հայաստան
Կառավարութիւնը հաստատեց «Մաքուր Հայաստան» գործողութիւններու ծրագիրն ու միջոցառումներու ժամանակացոյցը:
Նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ծրագիրը իրականացնելու ժամանակ կիրարկել խիստ վարչական կարգադրութիւններ:
«Օրէնքը, որ փոխանցուեցաւ արդարադատութեան նախարարութեան, նուազագոյն տուգանքի չափը կը նախատեսէ 16 հազար դրամ, իսկ մեծ ձեռնարկութիւններու համար անիկա կը հասնի մինչեւ 200-300 հազար դրամի», ըսաւ Լոքեան` աւելցնելով, որ, օրինակ, ծխախոտը գետին նետող քաղաքացին 16 հազար դրամի տուգանքի պիտի ենթարկուի:
Լոքեան նշեց, որ` «Ինչպէս տուգանք կը վճարեն երթեւեկութեան կանոններու խախտման պարագային, այնպէս ալ պիտի տուգանուին միջավայրը աղտոտելնուն համար»:
Նախարարը նաեւ նշեց, որ յաջորդ տարի մօտաւորապէս 10 հազար աղբաման պիտի գնուի:
Հայաստանի Մէջ 12-ամեայ Կրթութիւնը Պարտադիր Պիտի Դառնայ
Հայաստանի մէջ 12-ամեայ կրթութիւնը կը դառնայ պարտադիր:
2017 թուականի սեպտեմբեր 1-էն ուժի մէջ պիտի մտնէ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնսդրական պահանջը: Մինչ այս պարտադիր էր 9-ամեայ կրթութիւնը:
Օգոստոս 10-ին լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Աշոտ Արշակեան ըսած է, որ 12-ամեայ կրթութեան պարտադիր ըլլալը աշխարհի մէջ կայուն զարգացման նպատակներէն է:
Ըստ անոր, հանրակրթութեան մասին օրէնքը սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ պիտի դառնայ պարտադիր, ինչպէս նաեւ` սահմանադրական պահանջ:
Անդրադառնալով 12-ամեայ կրթութեան դժուարութիւններուն` Աշոտ Արշակեան նկատած է, որ հարց ունին իւրաքանչիւր երեխայի կրթութեան իրաւունքի իրացման հետ: «Նախապէս շատ երեխաներ աւարտելով 9-րդ դասարանը` չէին երթար աւագ դպրոց կամ որեւէ արհեստից վարժարան: Հիմա, սեպտեմբեր 1-էն պէտք է պարտադիր յաճախեն կա՛մ աւագ դպրոց, կա՛մ արհեստից, կա՛մ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ», ըսած է ան:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան նախագահը նշած է, որ դպրոցը աւարտելէ ետք հարց կայ կապուած այդ երեխաներուն հիմքը ունենալու, ճշգրտելու եւ կրթութիւնը կազմակերպելու հետ:
«Օրէնքի պահանջ է, որ մինչեւ 2025 թուական պիտի անցնինք համընդհանուր ներառական կրթութեան կազմակերպման, եւ կարիք կայ կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու` կրթութեան իրաւունքի իրացման հետ: Որոշ պարագաներու ծնողներու չգիտակցելու կամ հարցին լուրջ չվերաբերելու պարագային, շատ մը երեխաներ կրնան դուրս մնալ կրթութենէն», ըսած է Արշակեանը:
Կրթական ճարտարագիտութիւններու ազգային կեդրոնի տնօրէն Արտակ Պօղոսեանի հաւաստիացումով, 9-ամեայ կրթութենէն ետք չշարունակողներուն թիւը շատ փոքր է, չնչին է եւ կը կազմէ 0,0 01 %:
«2016 թուականի հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ 9-էն ետք մօտ 98%-ը կը շարունակէ կրթութիւնը: Իսկ այն յայտարարութիւնները, թէ 10%-ը չի շարունակեր, խօսքը կը վերաբերի աւագ դպրոցներուն, այսինքն աւագ դպրոց չեն երթար, բայց կ՛երթան նախնական կամ միջին մասնագիտական կրթական հաստատութիւններ: Այսինքն, ըստ էութեան, պետութիւնը հարց ունի լուծելու 2%-ի հետ, որ կրթութիւնը շարունակեն», ըսած է ան եւ` յստակեցուցած, որ օրէնքը չի պարտադրեր աւագ դպրոց երթալ, կրնան երթալ նաեւ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ:
Ստեփանակերտը Ունեցաւ Իր «Վերնիսաժ»-ը
«Արցախեան արուեստի ֆորում» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Արցախի մայրաքաղաքը ունեցաւ իր սեփական «վերնիսաժ»-ը, ուր կարելի է գտնել արցախցի վարպետներու կողմէ կաւով, փայտով, թելով եւ այլ նիւթերով պատրաստուած կիրառական իրեր եւ գեղեցիկ յուշանուէրներ:
Յայտնենք, որ բացի հմուտ վարպետներու աշխատանքներու վաճառքէն` շաբաթական պարբերականութեամբ «Վերնիսաժ»-ի տարածքին պիտի կազմակերպուին նաեւ կաւագործութեան եւ ձեռագործի բաց դասեր բոլոր փափաքողներուն համար, տեղացի թէ զբօսաշրջիկ:
Նոր Ջուղայի Աշակերտական Պատուիրակութիւնը Հայագիտական Համահայկական 8-րդ Ողիմպիականի Լաւագոյն Խումբը Հանդիսացաւ
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Աղվերանի մէջ տեղի ունեցած Հայագիտական համահայկական 8-րդ ողիմպիականի արդիւնքները ամփոփուեցան չորեքշաբթի, օգոստոս 9-ին: 8-րդ ողիմպիականի լաւագոյն խումբը հանդիսացաւ Նոր Ջուղայի «Քանանեան» աղջկանց եւ «Կատարինեան» մանչերու միջնակարգ դպրոցներու գերազանցիկ աշակերտներէն կազմուած 8 հոգինոց պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգել ողիմպիականի` հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան բաժիններուն մէջ` արժանանալով մէկ առաջին, մէկ երկրորդ եւ երեք 3-րդ կարգի վկայականներու ու մէկ շնորհակալագիրի:
Նոր Ջուղայի աշակերտները յաջողութիւն արձանագրեցին նաեւ սոյն ձեռնարկի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած երգի եւ ասմունքի մրցումներուն` երգի բաժինին մէջ ստանալով պատուոյ գիր, իսկ ասմունքի` շնորհակալագիր:
Հաղորդենք, որ պատուիրակութեան իբրեւ պատասխանատուներ կ՛ընկերակցէին «Քանանեան» դպրոցի ուսուցչուհի Անահիտ Սարհադեանը եւ Կրթական խորհուրդի անդամ Նարբէ Ջարդն Դաւուդը:
Հայաստանի Մրցունակութեան Վարկանիշը Բարելաւուած Է 3 Կէտով
Կառավարութեան նիստին Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան ներկայացուց Համաշխարհային մրցունակութեան վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի դիրքի բարելաւման 2017-2018 թուականներու միջոցառումներու ծրագիրը:
2016-2017 թուականներուն Հայաստան այս աղիւսակին վրայ 4,1 միաւորով կը գրաւէ 79-րդ դիրքը` 138 երկիրներու շարքին: Նախորդ տարուան հետ համեմատած` Հայաստան իր դիրքը բարելաւած է 3 կէտով:
Յայտնենք, որ մրցունակութեան վարկանիշը կը գնահատէ երկիրներու մրցունակութեան ընդհանուր մակարդակները: