Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Քիմըլ Յաղթական, Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Պարտեա՞լ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ամերիկացի կատակաբան Ճիմի Քիմըլ երեքշաբթի, 23 սեպտեմբերի երեկոյեան փոքր պաստառ վերադարձաւ մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւած պարտադիր լռութենէ ետք: Քիմըլ մէկն է այն կատակաբաններէն, որոնք ամերիկեան տարբեր քաղաքներու պատկերասփիւռի կայաններէ ժողովուրդը կը զուարճացնեն մասնաւորաբար քաղաքական երգիծանքով, ամենասուր, երբեմն ալ չափ ու սահման չճանչցող նետարձակումներով «կը նետահարեն» պետական մարդիկ` ամերիկացի թէ այլ, ցոյց կու տան անոնց ապիկարութիւններն ու իրենց պաշտօնին...

Պահելն Ու Պահպանելը  (Վարանգաթաղի Նահատակներուն)

Պահելն Ու Պահպանելը (Վարանգաթաղի Նահատակներուն)

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսպէս, ամէն անգամ որ մեր նահատակներուն մասին խօսինք, բնականաբար կը վերյիշենք հիներն ու նորերը: Ժամանակի ընթացքին անոնք կը մնան իբրեւ կանթեղ` մեր կեանքին արժէք տալու եւ մեր կամքը զօրացնելու լոյս տարածող: Նիւթականացած, մակերեսային եւ ապազգային մեր օրերուն նահատակ հերոսներուն պատգամը այնքան կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, որ տեղ մը, պահ մը պէտք է մտածենք, որ կեանքը իր արժէքը կ՛ունենայ...

Լռութիւնդ Ծանր Է, Գէո՛րգ

Լռութիւնդ Ծանր Է, Գէո՛րգ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 30-է աւելի երկիրներ այցելած եմ, 100-է աւելի քաղաքներու մէջ երգած եմ, աշխարհի 5 ցամաքամասերուն վրայ հայ երգն ու արուեստը պանծացուցած եմ: Սակայն ոչ մէկ տեղ եղած է այնքա՜ն հոգեհարազատ, այնքա՜ն ի՛մս, ի՛մ ջուրս, ի՛մ հողս, ի՛մ արեւս, որքան ի՛մ Արցախս: ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ 5 տարի է` լուռ ես: Ծանր ու անվերջանալի լռութիւն մը: Շատ չեղա՞ւ: Ճիշդ է` մեր երկարատեւ...

Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով.  Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը

Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով. Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Կեանքի գնով Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին ծառայելու երդումը տուած դաշնակցականը, երբ ստանայ «կանչ»-ը, չի կրնար ձեռնածալ մնալ, չի կրնար երդմնադրուժ ըլլալ, չի կրնար իր սկզբունքներէն շեղիլ եւ չի կրնար չշարունակել Սուրբ Գործը: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը առաջինն էր, որ հնչեցուց «կանչ»-ը` զօրակոչը: Յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր, որ պէտք է ուժերու մէկտեղումով ըլլալ Երկրի...

Արեամբ Քանդակուած Ոգեղէն Յուշարձաններ  (Վարանգաթաղի Հերոսներուն)

Արեամբ Քանդակուած Ոգեղէն Յուշարձաններ (Վարանգաթաղի Հերոսներուն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ո՛վ կրնայ յանդգնիլ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներու միջեւ խտրութիւն դնել, անոնց ճակտին կուսակցական պատկանելիութիւն դրոշմել, այս կամ այն պատրուակով` սեփականացնել անոնց սխրանքն ու զոհողութիւնը կամ մոռացութեան տալ մղուած բազում ճակատամարտերու վեհութիւնն ու կշիռը: Փաստօրէն, 1988-2020 ժամանակաշրջանին հայութեան մարտական բազուկը` շնորհիւ իր ռազմական ունակութեան, անյեղլի կամքին, հայդուկապետերու եւ հրամանատար կազմերու եզակի կարողութեան, բայց մանաւանդ` հերոսածին տղաներու դէպի մահ արշաւելու...

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

ՓԱՌԷՆ Յ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ «Եւ Յիշատակս Ալ Թառամի, Ա՜Հ, Այն Ատեն Ես Կը Մեռնիմ» ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ Անմահանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան «Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին համարին մէջ իրաւամբ ըսած է. «Իսկ աննշան եթէ մնայ երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,                                              եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»: Յիշատա՛կն է, որ մարդը կ՛ապրեցնէ նոյնիսկ իր մահէն ետք: Իսկ այդ յիշատակը կրնայ...

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

ԹԱԼԹՈՍ 2020-ի հոկտեմբեր: Արցախեան երկինքը մթնած էր թշնամիի թնդանօթներէն: Սակայն աւելի ուժգին ձայնի մը ի լուր` գետինը կը դղրդար, դարաւոր ծառերը շուրջպար բռնած էին, ու մթութեան մէջ լռութեան շղթան երկվայրկեանուան մը մէջ կը նօսրանար զիլ ու զօրեղ ձայնին դիմաց... Այդ մթութեան մէջ հնչող ձայնը` խորշակէն ալ ուժգին, կրակէն ալ ջերմ, Գէորգ Հաճեանինն էր: Ան չէր երգեր միայն: Ան կ՛աղօթէր երգով:...

Ծառայութեան Տիպարը  (Աւետիս Կէտիկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ծառայութեան Տիպարը (Աւետիս Կէտիկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ով որ ուզէ ինծի ծառայել, պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն, ուր ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26) Ծառայութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ, իսկ քրիստոնեային կեանքին իմաստ եւ արժէք տուող հաւատքի եւ նուիրումի արտայայտութիւնն է: Ծառայութիւնը հիմքը կը կազմէ Աստուածաշունչին եւ Քրիստոս իր իսկ կենդանի օրինակով ցոյց...

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ 1.- Մինչ Թրամփը իր հերթական զառանցանքով յայտարարում է «եօթ պատերազմներ կանխելու» մասին, Վենեզուելան շրջապատուած է նոյն թրամփեան ԱՄՆ-ի ծովուժի տասնեակ ռազմանաւերով... 2.- Մինչ նոյն Թրամփը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին է յաւակնում, նա պատերազմով է սպառնում Աֆղանիստանին, որպէսզի վերջինս կրկին ԱՄՆ-ին տրամադրի «Պաղրամ» ռազմօդային յենակայանը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ յենակայանից ընդամէնը մէկժամեայ թռիչքով ամերիկեան տարբեր տեսակի «ԷՖ» տիպի օդանաւերը ի զօրու...

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

ԴՄԻՏՐԻ ՌՈԴԻՈՆՈՎ  Հայաստանը նոյեմբերի 1-ից Արարատ լերան պատկերը կը հեռացնի սահմանահատման դրոշմակնիքներից, համապատասխան որոշումն ընդունել է կառավարութիւնը: Մինչդեռ Արարատը համարւում է Հայաստանի ազգային խորհրդանիշը: Այս լեռը պատկերուած է երկրի զինանշանի վրայ, ողջ նախկին ԽՍՀՄ-ում հանրաճանաչ  քոնեաքը կոչւում է նրա պատուին, ֆութպոլային ակումբը կոչւում է այս անունով եւ բայց շատ ու շատ բաներ: Սակայն հայերի համար սրբազան լեռը 1921-ի Մոսկուայի պայմանագրով անցաւ Թուրքիային, ինչը հայերի համար մինչ օրս հանդիսանում է...

Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ      Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզի հինգշաբթի (25 սեպտեմբեր) 5 տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Մեղադրա՞նքը: 2007-ին, նախագահութեան ընտրապայքարի օրերուն, 50 միլիոն եւրօ աջակցութիւն ստացած է Լիպիոյ այդ օրերու նախագահ Մուամմար Քազաֆիէն (որուն պատմութեան ծանօթ է աշխարհը` «Արաբական գարուն»-էն առաջ եւ ետք): Ինչպէս ոեւէ մեղադրեալ, Սարքոզին ալ յայտարարեց, թէ զինք քաղաքական նկատառումներով բանտարկութեան կը դատապարտեն, հաւաստեց, որ մեղադրանքը շինծու է, եւ...

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» (1991) շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսի մօր կերպարը մարմնաւորած իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէ, «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, 2010-ին  այցելեց Երեւան եւ  ըսաւ, որ Ֆրանսայի մէջ իրեն կը մօտենան անծանօթ հայեր` հետեւեալ բառերը արտասանելով. «Դուք մեր մայրիկն էք»: Այս տարուան 23 սեպտեմբերին «մեր մայրիկը», որ կենդանութեան արդէն անմահացած էր, երկրորդ անգամ անմահացաւ` վերջնականապէս...

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը Կը Մերժէ Իսրայէլացի Ներդրողին Հետ Կնքուած Վարձակալութեան Պայմանագրութիւնը

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը Կը Մերժէ Իսրայէլացի Ներդրողին Հետ Կնքուած Վարձակալութեան Պայմանագրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այս վերջին դրուագն է վէճին մէջ «Կովերու պարտէզ»-ը, որ կը կազմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի Հայկական թաղամասին գրեթէ 25 տոկոսը, իսրայէլացի ներդրողին վարձու տալու: 2021-ին հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան պայմանագիր կնքած է իսրայէլացի գործարարին հետ` 98 տարիով վարձակալութեան յանձնելու պատրիարքարանի 11.500 քառակուսի մեթր տարածքը` շքեղ պանդոկ մը կառուցելու նպատակով: Հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներուն` ո՛չ ես, ո՛չ ալ հայ հասարակութիւնը կրցանք...

Ոտնակոխ Տունը

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Սեպտեմբեր 10-ին վաւերագրական ժապաւէններու ծանօթ Écrans du Réel (Իրականութեան պաստառներ) ծրագիրի ծիրին մէջ  ցուցադրուեցաւ Թամարա Ստեփանեանի բեմադրած «Իմ հայկական ուրուականներս» ժապաւէնը (Mes fantômes arméniens 75վ. 2025) (1): Շուրջ 200 հանդիսատեսներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ոչ հայ սինեմասէրներ (cinephile) են, որոնք այժմ կը խմբուին  վերայարուցեալ փոքր, բայց մթնոլորտային «Մեթրոփոլիս սինեմա»-ին շուրջ, որովհետեւ գրեթէ միայն այդտեղ կը ցուցադրուին ոչ շուկայական գործերը: Ժապաւէնը...

Հաղորդագրութիւն

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2025-ին Լիբանանի մէջ ընթացք պիտի առնէ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը»  խորագիրով եռօրեայ միջուսանողական խորհրդաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 5 հոկտեմբեր: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական հետեւեալ 12 միութիւնները` «Զաւարեան» ուսանողական միութիւն (Լիբանան), Լիբանանի երիտասարդական միութիւն,  «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն (Հայաստան), Հայաստանի երիտասարդական միութիւն, Արցախի երիտասարդական միութիւն, «Յովնան Դաւթեան» ուսանողական...

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

ԹԱԼԹՈՍ Տասը տարիներ: Տասը տարիներ անցած են այն օրէն, երբ լուր ստացայ, որ Սարգիս Կիրակոսեան այլեւս ոչ եւս է: Պահ մը թուեցաւ` իբր լեզուն ինք զրկուեցաւ իր ձայնաւորութենէն, կարծես խօսքը   խռովեցաւ ի լուր այս բօթին: Որո՞ւ պիտի պատմէի նոր բանաստեղծութեան մը մասին, որո՞ւ հետ պիտի քննարկէի Վարուժանի վերջին տունը, ա՛լ ո՞վ իր գաղափարներով պիտի հարստացնէր գրութիւններս... Բայց ահա, այսօր, տասը...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Իմ ազնիւ ընթերցող, Վերջին տասնամեակները սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց մանաւանդ` միջինարեւելեան երկիրներու եւ հոն մնայուն բնակութիւն հաստատած մեր հայրենակիցներուն համար, եղան իրապէս տագնապեցնող ու ճակատագրական, երբ հայաշատ գաղութներ` Սուրիան, Իրաքն ու Լիբանանը ենթարկուեցան քաղաքական ու տնտեսական տագնապներու, տեսակաւոր գուպարներու, եւ ուր «Նոր Միջին Արեւելք» եւ կամ «Արաբական գարուն» անուան տակ փչող ազգաքանդ քամիները անդամահատեցին ու տակնուվրայ ըրին վերոյիշեալ...

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ ՄԱԿ-ի կից Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ կազմուած քննիչ յանձնաժողովը հրապարակեց զեկուցագիր մը, որուն մէջ` առանց երկմտանքի, կը նշուի, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմը կը տեղաւորուի ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումներուն մէջ: Եբրայական, պաղեստինեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագիտութեան մասնագէտներուն պնդումները այս անգամ հաստատուեցան ՄԱԿ-ի մակարդակով: Ահաւասիկ` պատմութեան մեծագոյն ոճիրներուն հետ համեմատելի յանցագործութիւն մը: Զեկուցագիրը փաստերու եւ վկայութիւններու...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պուլկարիա Ուխտագնացութիւն ՀՅԴ Հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի Շիրիմին` Մահուան 120-Ամեակին Առիթով Վերջերս ՀՅԴ Պուլկարիոյ կառոյցի անդամներն ու համակիրները` Փլովտիվէն, Վառնայէն, Սոֆիայէն եւ Ռուսէէն,  հաւաքուեցան Սոֆիայի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ՛ նշելու Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ անոր երիտասարդ ընկեր Վռամշապուհ Քենտիրեանի հերոսական մահուան 120-ամեակը: Պուլկարիոյ թեմի հոգեւորականներ  Հրաչ քհնյ. Մուրատեան եւ Տիրայր քհնյ. Հաթաւեան կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք ներկաները արտասանեցին...

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հայաստանի հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանին շնորհուած է հանրային աղողջապահութեան ոլորտին մէջ պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչում։ Այս կոչումին առաջարկը կատարած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեան։ Առաջարկը հաստատուած է եւ վաւերացուած Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի գերագոյն խորհուրդին կողմէ։ Հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչումը շնորհուած է Բժշկական համաշխարհային 3-րդ համագումարի բացումին,  Բժշկական համալսարանին մէջ:...

Page 77 of 1110 1 … 76 77 78 … 1,110

Արխիւներ