Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» (1991) շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսի մօր կերպարը մարմնաւորած իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէ, «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, 2010-ին այցելեց Երեւան եւ ըսաւ, որ Ֆրանսայի մէջ իրեն կը մօտենան անծանօթ հայեր` հետեւեալ բառերը արտասանելով. «Դուք մեր մայրիկն էք»: Այս տարուան 23 սեպտեմբերին «մեր մայրիկը», որ կենդանութեան արդէն անմահացած էր, երկրորդ անգամ անմահացաւ` վերջնականապէս փակելով շատ բան ըսող իր աչքերը:
Այս առիթով միջազգային հեղինակաւոր թերթեր եւ կայքեր գրեցին Քլոտիա Քարտինալէի մասին: Կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Պի.Պի.Սի.
Իտալացի Դերասանուհի Եւ «Ընձառիւծը» Ֆիլմի Աստղ
Քլոտիա Քարտինալէն Մահացաւ 87 Տարեկանին

«Ընձառիւծ», «8,5» եւ «Վարդագոյն յովազ» (Pink Panther) ժապաւէններու թունուզեան ծագումով իտալացի աստղ Քլոտիա Քարտինալէն մահացաւ 87 տարեկանին:
Ան ունեցած է վեց տասնամեակ տեւած ասպարէզ մը` հռչակի հասնելով իտալական շարժապատկերի ոսկեդարուն: Ան գործակցած է այնպիսի մեծ բեմադրիչներու հետ, ինչպիսիք են Ֆետերիքօ Ֆելլինի եւ Լուչինօ Վիսքոնթի:
«Դերասանուհին մահացաւ Ֆրանսայի Նեմուր քաղաքին մէջ, իր զաւակներուն ներկայութեան», ըսաւ անոր գործակալ Լորան Սաւրի:
«Ան մեզի ձգած է ազատ եւ ոգեշնչուած կնոջ ժառանգութիւն` ե՛ւ որպէս կին, ե՛ւ որպէս դերասանուհի», աւելցուց ան:
Ծնած ըլլալով Թունուզ սիկիլիացի ծնողներէ, ապրիլ 1938-ին, Քարտինալէ 16 տարեկանին յաղթեց գեղեցկութեան մրցոյթին, որուն շնորհիւ ան ճանչցուեցաւ «Թունուզի ամէնէն գեղեցիկ իտալուհին»:
Մրցանակին շնորհիւ` Քարտինալէ ներկայ գտնուեցաւ Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին, ուր բեմադրիչներ եւ արտադրիչներ անոր առաջարկեցին ներգրաւուիլ շարժապատկերի արուեստին մէջ:

Աւելի ուշ ան հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ, որ դժկամութեամբ հրաժարած է ուսուցչուհի դառնալու յոյսերէն, ըստ հօրը` «փորձելու շարժապատկեր կոչուած այս բանը»:
Քլոտիայի ասպարէզին սկիզբը նշանաւորուեցաւ դժուարութիւններով:
Դեռահաս տարիքին ան փոքր դերեր կը խաղար, երբ զինք բռնաբարեց իրեն անծանօթ տղամարդ մը: Երբ Քարտինալէ գիտցաւ, որ նկարահանումներու ժամանակ եօթը ամսական յղի է, հովանաւոր մը համոզեց զինք գաղտնի ծննդաբերել Լոնտոնի մէջ: Քանի մը տարի Քլոտիա իր տղան` Փաթրիքը, մարդոց ներկայացուց որպէս կրտսեր եղբայրը:
2017 թուականին դերասանուհին ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթին ըսած էր, որ ինք շարժապատկերի ասպարէզը ընտրած էր, որովհետեւ կ՛ուզէր «ապրուստ մը շահիլ եւ անկախ ըլլալ»:
Քլոտիան նախապէս իր յաջողութիւնը կը վերագրէր փոքր տղուն իրեն պարգեւած ձգտումին:
Նկատի ունենալով, որ Քլոտիա մեծցած էր խօսելով ֆրանսերէն, արաբերէն եւ իր ծնողներուն սիկիլիական բարբառով, անոր առոգանութիւնը անընդունելի էր, շարժապատկերներուն մէջ իտալացի այլ դերասաններու ձայներ կը գործածէին:
Ան հռչակ ունեցաւ 1963 թուականին, երբ նկարահանուեցաւ «Օսքար» մրցանակի արժանացած Ֆելլինիի «8,5» եւ Վիսքոնթիի «Ընձառիւծ» շարժապատկերներուն մէջ:
Նկարահանումներու օրերուն Քարտինալէ կ՛երթեւեկէր Սիկիլիայէն Հռոմ եւ կ՛ըսէր, որ համաձայնած էր շաբաթը անգամ մը մազերը ներկել:
«Վիսքոնթին զիս կ՛ուզէր երկար եւ թուխ մազերով, իսկ Ֆելլինին` շիկահեր», ըսած է Քարտինալէ:
Ան Հոլիվուտի մէջ 1960-ականներուն նկարահանուած է Պլէյք Էտվըրտսի Pink Panther եւ Սերճիօ Լէոնէի Once Upon A Time In the West շարժապատկերներուն մէջ:
Քլոտիա Քարտինալէի խաղընկերներէն եղած են Հենրի Ֆոնտան եւ Չարլզ Պրոնսընը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուելու ընթացքին Քարտինալէ ըսած էր, թէ ձեւացուցած էր, որ դերասան Ռոք Հատսընի հետ յարաբերութիւններ ունի` փորձելով քողարկել անոր միասեռականութիւնը:
«Այդ ժամանակ Ամերիկայի մէջ, եթէ յայտնի էր, որ դուն միասեռական ես, չէիր կրնար աշխատիլ Հոլիվուտի մէջ», ըսած է Քարտինալէ 2017 թուականին Variety-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Դերասան Տէյվիտ Նիվըն Քարտինալէն անուանած է Իտալիոյ «մեծագոյն» գիւտերէն մէկը:
Քննադատները զայն նկատած են «յետպատերազմեան եւրոպական հմայքի մարմնացում»:
Հետագային իր ասպարէզին անդրադառնալով` Քարտինալէ յիշած է. «Լաւագոյն գովասանքը, որ ես երբեւէ ստացած եմ, դերասան Տէյվիտ Նիվընէն էր, երբ նկարահանուած էի Pink Panther շարժապատկերին մէջ: Ան ըսաւ. «Քլոտիա՛, սպակեթիին հետ դուն Իտալիոյ ամէնէն մեծ գիւտն ես»:
70-ականներու սկիզբը, շարժապատկերի արտադրիչ Ֆրանքօ Քրիստալտիէն բաժնուելէ ետք, Քարտինալէ սկսաւ ամբողջ կեանք մը տեւած յարաբերութեան մը` բեմադրիչ Փասկուալէ Սկվիտիերիի հետ, որմէ ան ունեցաւ դուստր մը` Քլոտիա:
Քլոտիա Քարտինալէ դերեր ստանձնած է մինչեւ 80 տարեկանը` 2020 թուականին յայտնուելով շուէտական պատկերասփիւռային «Պոլլէ» հաղորդաշարին մէջ:
2000 թուականին Քարտինալէն անուանուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան` կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով իր պայքարին համար:
2002 թուականին Պերլինի շարժապտկերի փառատօնին անոր շնորհուեցաւ Lifetime achievement մրցանակը:
«Ես ապրած եմ աւելի քան 150 կեանք` մարմնավաճառ, սուրբ, սիրահարուած եւ ամէն տեսակի կին: Հրաշալի է ունենալ փոխուելու այս հնարաւորութիւնը», ըսած է ան:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Ալեսանտրօ Ճուլին զայն անուանեց` «Բոլոր ժամանակներու իտալացի մեծագոյն դերասանուհիներէն մէկը, որ կը մարմնաւորէր իտալական նրբագեղութիւնը»:
Նիւ Եորք Թայմզ
Քլոտիա Քարտինալէն «Իտալիոյ ընկերուհին»,
մահացած է 87 տարեկանին
Քլոտիա Քարտինալէն` 1960-ականներու իտալական շարժապատկերի յառաջատար տիկինն էր, որուն շքեղ գեղեցկութիւնը կը գովաբանէին շարժապատկերի բեմադրիչներ` Լուչինօ Վիսքոնթին, Սերճիօ Լեոնէն եւ Ֆետերիքօ Ֆելլինին, որովհետեւ ան կը ճանչցուէր որպէս Իտալիոյ «երազի աղջիկ»:
Տիկին Քարտինալէն վերջին տարիներուն ապրած է Փարիզէն հարաւ գտնուող Նեմուրի մէջ:
Քարտինալէ նկարահանուած է աւելի քան 150 շարժապատկերներու մէջ, իր վեց տասնամեակ տեւած եւրոպական ասպարէզին ընթացքին: Նոյնպէս նկարահանուած է շարք մը հոլիվուտեան ժապաւէններու մէջ:
Քարտինալէ իտալացի դերասան Մարչելլօ Մաստրոյանիի կանացի իտէալն էր Ֆելինիի «8,5» շարժապատկերին մէջ: Վերներ Հերցոկի «Ֆիցկառալտօ»-ին մէջ հասարակաց տան մը տիրուհին էր, որուն ծախսերը կը հոգար սիրահարը, որ Ամազոնի անտառներուն մէջ օփերայի մեծ սրահ մը կառուցելու տարօրինակ ծրագիր մը ունէր:
«Տիկին Քարտինալէն յաճախ կը դասուէր Սոֆիա Լորենի-Ճինա Լոլոպրիճիտայի հետ` որպէս 1960-ականներու եւ 70-ականներու իտալական սեքս-խորհրդանիշներ, հակառակ քիչ մը աւելի մատչելի պաստառային կերպար մը ունենալուն», հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է իտալացի քննադատ Մասիմօ Պենվենիու:
«Այդ ժամանակուան աստղերը` Անիթա Էկպերկ, Սոֆիա Լորեն, Պրիժիթ Պարտօ եւ Ճէյն Մենսֆիլտ, անոնք, որոնք յայտնի էին որպէս majorette, մարմինով լեցուն կիներ էին: Քլոտիա աւելի նուազ լեցուն էր եւ աւելի շատ մարդամօտ: Ան աւելի իրական էր», նշած է Մասիմօ Պենվենիու:
Սակայն դերասանութիւնը պատանեկութեան տարիներուն անոր նպատակը չէր եւ իր ասպարէզին մէկ մասին ընթացքին ան կը դժուարանար իտալերէն խօսիլ, քանի որ մեծցած էր ֆրանսերէն խօսելով:
Քլոտ Ժոզեֆին Ռոզ Քարտինալէն ծնած է 15 ապրիլ 1938-ին, Թունուզի մէջ, Սիկիլիայէն ներգաղթած Ֆրանչեսքօ Քարտինալէի եւ Եոլանտա Կրեքոյի ընտանիքին մէջ: Ան չորս քոյրերէն աւագն էր, որ մեծցած էր երկրի մայրաքաղաքի սերտ կապուած սիկիլիական համայնքին մէջ: Անոր հայրը ճարտարագէտ էր Թունուզի երկաթուղիի ընկերութեան մէջ, մայրը` տանտիկին:
Քլոտիա 16 տարեկան էր, երբ մասնակցեցաւ գեղեցկութեան մրցոյթի, որ մասամբ կազմակերպած էր մայրը, Թունուզի իտալական դեսպանատան մէջ: Ան թագադրուեցաւ որպէս «Թունուզի ամէնէն գեղեցիկ իտալուհի»:
Անոր մրցանակը Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնի տոմսն էր, եւ զայն բազմիցս լուսանկարած էին իտալական լրատուամիջոցները:
«Այդ իմ լողազգեստիս շնորհիւ էր», աւելի ուշ ըսաւ ան:
Հակառակ անոր որ Քլոտիա արդէն նկարահանուած էր քանի մը շարժապատկերներու մէջ, այդ ժամանակ լրագրողներու հետ հարցազրոյցներու ընթացքին ան ըսած էր, որ չի ձգտիր դառնալ դերասանուհի:
Կարտյըն
Խռպոտ ձայնով, անընդհատ ծխող դերասանուհին
յայտնի էր որպէս շատ անկախ, ազատ ոգիով կին
Շարք մը փոքր դերերէն ետք ան միջազգային ճանաչում ձեռք ձգեց 1963 թուականին, երբ նկարահանուեցաւ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի «8,5» եւ Պըրթ Լանքասթըրի հետ` «Ընձառիւծը» շարժապատկերներուն մէջ, նոյն թուականին:
2013 թուականին «Կարտիըն»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Քարտինալէն համեմատեց բեմադրիչներ Ֆելլինիի եւ Վիսքոնթիի մօտեցումները:
«Ֆելլինի չէր կրնար նկարահանել առանց աղմուկի, իսկ Վիսքոնթի` հակառակը, ինչպէս թատրոնը. մենք չէինք կրնար բառ մը ըսել: Շատ լուրջ էր», ըսաւ ան:

Քարտինալէի աճող հեղինակութիւնը բացաւ դռներ` դէպի հոլիվուտեան արտադրութիւններ:
Քարտինալէի ասպարէզը հարուած ստացաւ 1970-ականներուն, երբ ան բաժնուեցաւ շարժապատկերի արտադրիչ Ֆրանքօ Քրիստալտիէն` շարժապատկերի արտադրիչ Փասկուալէ Սկվիտիերիի հետ ցմահ յարաբերութիւններ սկսելու համար: Անոնց դուստրը եւս կը կոչուէր Քլոտիա:
Քրիստալտին խնդրեց իտալական շարժապատկերի ոլորտի իր ընկերներէն եւ գործընկերներէն` մեկուսացնել Քարտինալէն: Վիսքոնթին ընդառաջելով ընկերոջ խնդրանքին` մերժեց Քլոտիան նկատի առնել իր վերջին` «Անմեղը» շարժապատկերին համար, 1976 թուականին:
«Այդ շատ նուրբ պահ էր: Ես յայտնաբերեցի, որ դրամատան մէջ գումար չունիմ», ըսաւ Քարտինալէն այդ ժամանակահատուածի մասին:
Ֆրանքօ Զեֆիրելլին, ի վերջոյ, օգնութեան հասաւ անոր` զայն ընտրելով 1977 թուականի «Նազովրեցի Յիսուսը» պատկերասփիւռային հաղորդաշարին մէջ:
Այնուհետեւ Քլոտիա շարունակեց աշխատիլ եւրոպացի այլ բեմադրիչներու հետ, ինչպէս` Վերներ Հերցոկի եւ Մարքօ Պելոքիոյի:
Խռպոտ ձայնով, անընդհատ ծխող Քարտինալէն ունէր խիստ անկախ, ազատ ոգիով կնոջ համբաւ, որ անգամ մը անտեսեց Վատիկանի օրէնքները` Հռոմի Պօղոս ԺԱ. պապին հետ հանդիպման ներկայանալով կարճ փէշով:
Ժամանակին մեծ մասը Ֆրանսայի մէջ անցընելով եւ նախագահներ Ֆրանսուա Միթերանի եւ Ժաք Շիրաքի հետ ընկերանալով, Քարտինալէ այս դարու սկիզբը բեմ բարձրացած է արժանանալով գովասանքի` թատերական իր ելոյթներուն համար:
2002 թուականին Պերլինի շարժապատկերի փառատօնին արժանանալով կեանքի նուաճումներու մրցանակի` ան ըսած է, որ դերասանական ասպարէզը հիանալի ասպարէզ եղած է:
«Աշխատած եմ ամէնէն կարեւոր բեմադրիչներու հետ: Անոնք ինծի ամեն բան տուած են: Ես ապրած եմ աւելի քան 150 կեանք` մարմնավաճառ, սուրբ, սիրուհի, ամէն տեսակի կին եւ հրաշալի է ունենալ այս հնարաւորութիւնը փոխելու դուն քեզ», ըսած է ան: