ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս վերջին դրուագն է վէճին մէջ «Կովերու պարտէզ»-ը, որ կը կազմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի Հայկական թաղամասին գրեթէ 25 տոկոսը, իսրայէլացի ներդրողին վարձու տալու:
2021-ին հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան պայմանագիր կնքած է իսրայէլացի գործարարին հետ` 98 տարիով վարձակալութեան յանձնելու պատրիարքարանի 11.500 քառակուսի մեթր տարածքը` շքեղ պանդոկ մը կառուցելու նպատակով:
Հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներուն` ո՛չ ես, ո՛չ ալ հայ հասարակութիւնը կրցանք տեսնել պայմանագիրին պատճէնը: Չենք տեսած նաեւ պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ վարձակալութեան վաւերականութիւնը վիճարկող երկու դատական դիմումներուն պատճէնները: Աւելի՛ն. հայ համայնքի փաստաբանները պատրաստած են 184 էջերէ բաղկացած փաստահաւաք զեկոյց մը, որ նոյնպէս գաղտնի պահուած է: Չունինք նաեւ իսրայէլացի ներդրողին կողմէ տեղւոյն հայ համայնքին դէմ ներկայացուած հակընդդէմ հայցին պատճէնը:
Կարեւոր է գիտնալ պայմանագիրին պայմանները: Պատրիարքը ճիշդ ի՞նչ համաձայնած է տալ իսրայէլացի ներդրողին: Ի՞նչ փոխհատուցում խոստացած է իսրայէլացի ներդրողը պատրիարքարանին վարձակալութեան դիմաց: Արդեօք պայմանագիրը կ՛արտօնէ՞ միակողմանի չեղարկում, թէ՞ դադրեցումը կը պահանջէ երկուստեք համաձայնութիւն: Ի՞նչ խախտումներու մէջ կը մեղադրուէին իսրայէլացի ներդրողն ու հայոց պատրիարքարանը բարձրացուած դատերուն մէջ:
Այս կարեւոր փաստաթուղթերը գաղտնի պահելու առումով ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ կողմերը այս վէճը կը նկատեն անձնական հարց: Բայց եւ այնպէս, պատրիարքարանին ունեցուածքը կը հետաքրքրէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, եւ ոչ թէ` միայն պատրիարքարանը կամ տեղւոյն համայնքը: Դարեր շարունակ աշխարհի տարբեր ծագերէն հայ ուխտաւորներ կատարած են առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնք կարելիութիւն տուած են պատրիարքարանին ձեռք ձգել այդ ունեցուածքներէն շատեր:
Դատերուն բովանդակութիւնը գաղտնի պահելը անիմաստ է: Որեւէ դիմում դատարան ներկայացնելով` պաշտպանողը կը ստանայ անոր պատճէնը: Հետեւաբար թէ՛ հայ մեղադրողները, եւ թէ՛ իսրայէլացի պաշտպանեալ կողմը գիտեն դատական հայցերուն բովանդակութեան մասին: Անտեղեակ են միայն աշխարհասփիւռ հայերը:
Աւելի՛ն. նկատի ունենալով Արեւելեան Երուսաղէմի վիճարկուող քաղաքական կարգավիճակը` այս վարձակալութիւնը կարեւոր է միջազգային հանրութեան, որուն մէջ` պաղեստինցիներուն, արաբական կառավարութիւններուն, Իսրայէլի պետութեան եւ բոլոր հայերուն, մասնաւորաբար` Երուսաղէմի նօսրացող հայ համայնքին համար: Զարմանալի չէ, որ Պաղեստինի իշխանութիւնը բողոքի խիստ նամակ յղած էր հայոց պատրիարքարանին` պատրիարքարանի սեփականութեան մէկ հսկայ հատուածը իսրայէլացի ներդրողի վերահսկողութեան տակ դնելու որոշման վերաբերեալ:
Երուսաղէմի պատմական պահապան Յորդանանի թագաւորը եւ Պաղեստինի ազգային ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն` մեղադրելով պատրիարքը, միաժամանակ կասեցնելով արքեպիսկոպոս Մանուկեանի ճանաչումը` իբրեւ Երուսաղէմի, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ եկեղեցւոյ պատրիարք: Պաղեստինի ինքնավարութեան ներկայացուցիչը նոյնիսկ խոստացած էր վճարել վարձակալութեան պայմանագիրը չեղարկելու պարագային նախատեսուած տուգանքը:
2021 թուականի պայմանագիրը ստորագրած են` պատրիարքը, պատրիարքարանի գլխաւոր լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիբեանը եւ պատրիարքարանի կալուածքներու տեսուչ Պարետ ծ. վրդ. Երէցեանը: Վէճի բռնկումէն ետք պատրիարքը Պարետ ծ. վարդապետը դարձուց քաւութեան նոխազ եւ կարգալոյծ ըրաւ զայն` մեղադրելով խաբէութեան մէջ: Անհաւատալի է` պատրիարքը կը պնդէր, որ պայմանագիրը ստորագրած է առանց զայն կարդալու: Եթէ ան չստորագրէր, միւս երկու ստորագրութիւնները ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենային: Պատրիարքը ինչպէ՞ս կրնայ 98 տարուան վարձակալութեան պայմանագիր կնքել պատրիարքարանի տարածքին 25 տոկոսին վերաբերեալ` առանց նախապէս զայն կարդալու կամ առնելու իրաւական կարծիքը իր փաստաբաններուն, որոնք, ըստ լուրերուն, ներկայ եղած են: Աւելի՛ն. նման երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրի կնքումը` առանց Ընդհանուր ժողովի հաստատման, խախտում է պատրիարքարանի կանոնադրութեան: 2021 թուականին պատրիարքարանի միաբանութեան 17 անդամները, որոնք կը կազմեն անոր գերագոյն մարմինին մեծամասնութիւնը, երկու յայտարարութիւն հրապարակեցին վարձակալութեան դէմ` պնդելով, որ պատրիարքը լիազօրութիւններ չունէր զայն ստորագրելու:
Վերջին ամիսներուն իսրայէլացի ներդրողը եւ հայոց պատրիարքարանը քանի մը անգամ հանդիպած են 2021 թուականի պայմանագիրը վերատեսութեան ենթարկելու համար` առաջարկելով կրճատել վարձակալութեան պայմանները, օրինակ` տարածքը 11.500 քառակուսի մեթրէն նուազեցնել մինչեւ 7200 քառակուսի մեթրի: Տեղւոյն համայնքը դէմ եղած է առաջարկուող վերատեսութեան` վախնալով, որ անոր համաձայն գտնուելով` պիտի վաւերացնէ 2021 թուականի սկզբնական վարձակալութեան պայմանագիրը:
Նախորդ շաբաթ 20 ականաւոր իսրայէլացի գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ հրատապ յայտարարութիւն տարածեցին` աջակցելով Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին եւ մերժելով «Կովերու պարտէզ»-ի վարձակալութեան պայմանագիրը:
Վերջապէս, պատրիարքարանի Ընդհանուր ժողովի 28 անդամները` աշխարհի տարբեր ծագերէն, 24 սեպտեմբերին համախմբուեցան Երուսաղէմի մէջ` առաջարկուող վերատեսութեան ենթարկուած վարձակալութեան պայմանագիրի վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշում որդեգրելու նպատակով:
Երկար քննարկումներէ ետք Ընդհանուր ժողովի անդամներուն ճնշող մեծամասնութիւնը որոշեց.
1) Եղբայրութեան անդամներուն կողմէ հոկտեմբեր 2021-ին եւ 15 նոյեմբեր 2021-ին գործարքը դատապարտող յայտարարութիւնները կը մնան ուժի մէջ եւ պարտաւորեցնող են:
2) 2021 թուականի յուլիս 8-ին ստորագրուած «Կովերու պարտէզ»-ի 2021 թուականի վարձակալութեան պայմանագիրը կը նկատուի անօրինական, հակականոնագրային եւ անվաւեր` Ընդհանուր ժողովի հաստատման բացակայութեան պատճառով:
3) Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս կը մերժէ թէ՛ յաւելուածը, թէ՛ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հաշտութեան համաձայնագիրը:
4) Ստեղծուած է հինգ հոգեւորականներէ կազմուած յանձնաժողով, որ պատրիարքարանի իրաւաբանի հետ պիտի շարունակէ հետապնդել իսրայէլացի ներդրող «Xana Gardens» ընկերութեան դէմ ներկայացուած չեղարկման հայցը:
Կը մնայ տեսնել, թէ ի՛նչ որոշում պիտի տայ իսրայէլեան դատարանը պատրիարքին կողմէ 2021 թուականին ստորագրուած վարձակալութեան պայմանագիրի օրինականութեան վերաբերեալ: