Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

ՄԱԿ-ի կից Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ կազմուած քննիչ յանձնաժողովը հրապարակեց զեկուցագիր մը, որուն մէջ` առանց երկմտանքի, կը նշուի, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմը կը տեղաւորուի ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումներուն մէջ:

Եբրայական, պաղեստինեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագիտութեան մասնագէտներուն պնդումները այս անգամ հաստատուեցան ՄԱԿ-ի մակարդակով: Ահաւասիկ` պատմութեան մեծագոյն ոճիրներուն հետ համեմատելի յանցագործութիւն մը:

Զեկուցագիրը փաստերու եւ վկայութիւններու վրայ հիմնուելով` կը հաստատէ, որ զանգուածային սպանութիւնները, բնակելի վայրերու, հիւանդանոցներու ու դպրոցներու վրայ կոյր ռմբակոծումները, բնակչութեան պարտադրուած տեղահանութիւնը, մարդասիրական օժանդակութիւններու, սննդանիւթերու եւ բժշկական խնամքի դէմ արգելքները` միասնաբար կը կազմեն ցեղասպանութիւն եզրը սահմանող չորս հիմնական բաղադրիչները: Զեկուցողներուն խօսքով, Իսրայէլի պետական ու ռազմական ղեկավարներու արտայայտութիւններէն եւ գործնական քայլերէն դիւրութեամբ կարելի է կռահել «ցեղասպանական դիտաւորութիւն»-ը:

ՄԱԿ-ին ներկայացուած զեկուցագիրին եզրակացութեան մէջ յստակօրէն արձանագրուած է. «Վերլուծուած բոլոր ապացոյցներուն մէջ, ցեղասպանութեան դիտաւորութենէն բացի, տրամաբանական ոչ մէկ եզրակացութեան կարելի է յանգիլ»:

Կազայի երկինքը սեւ փոշիի եւ կրակէ վարագոյրով ծածկուած է: Մայրերու ճիչը, անչափահասներու արցունքը, արիւնոտ հողը վկա՛յ, որ մարդկային պատմութեան ամենադաժան ոճիրներէն մէկուն` ցեղասպանութեան ականատեսը կը դառնայ ժամանակակից աշխարհը: ՄԱԿ-ի քննիչ յանձնաժողովը քանի մը օր առաջ խիզախօրէն հաստատեց այս ճշմարտութիւնը:

Կոյր ռմբակոծում, սպանութիւն, հիւանդանոցներու ու դպրոցներու քանդում, սով, պաշարում, լալակումած մայրեր, կորսուած մանկութիւն, կորսուած ապագայ, կորսուած հայրենիք… բարբարոսութիւն… աւերակ…

Այսուհանդերձ, ոմանք տակաւին ձեռնածալ կը մնան, ոմանք քաղաքական լեզուագարութեամբ կը զբաղին, իսկ աշխարհի, այսպէս կոչուած, ղեկավարներէն շա՜տ շատեր ատելութիւն, սպառնալիք, մռայլ պատգամներ կը յղեն հէգ, անիրաւուած պաղեստինցի ժողովուրդին հասցէին, երբ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ ցեղասպանութիւնը:

Ոմանք կը փորձեն արդարացնել այս ահաւոր վայրագութիւնները` «ինքնապաշտպանութիւն» բառին ետին թաքնուելով: Բայց ո՞ր ինքնապաշտպանութիւնը կ՛արտօնէ հացի կարօտ մանուկներու սպանութիւնը, ծննդատուներու ռմբակոծումը, սերունդներու փոշիացումը: Ո՞ր արդարութիւնը պիտի յաջողի լռութեան մատնել հազարաւոր մանկական գերեզմաններէն արձակուող ճիչը:

Մեծն Բրիտանիա, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, արաբական պետութիւններ… կը տեսնէք, կը կարդաք, բայց կը խուսափիք ճշմարտութիւնը խոստովանելու: Ձեր զէնքերն են այդ պատերազմը մատակարարողը: Ձեր լռութիւնն է Մեծ Ոճիրը կոծկողը:

Յատկապէս` Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք մինչ օրս կը պաշտպանէին Իսրայէլը միջազգային իրաւունքի «արտասովոր բացառութիւն»` համարելով անոր վայրագութիւնները, այսօր կը գտնուին բարոյական պարտադրանքի առջեւ: Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը տակաւին կը մերժէ ՄԱԿ-ի զեկուցագիրին եզրակացութիւնը: Բրիտանիա կուրօրէն «հաւանական խախտում» արդարացուցիչ բնութագրութիւնը կու տայ իսրայէլեան վայրագութիւններուն:

Անհրաժեշտ է ոչ միայն դատապարտել Կազայի ցեղասպանութիւնը, այլեւ` անմիջապէս կասեցնել: Դժբախտաբար մեծամասնութեամբ կը խուսափին այս պարտականութենէն:

Կազան այսօր դարձած է մարդկային խղճի հայելին: Լռութիւնը մեղսակցութիւն է: Ճշմարտութիւնը որքան բացայայտ, նոյնքան` պարզ. ժողովուրդ մը կը փորձեն ոչնչացնել:

Կազայի կործանումը հատած է մարդկային երեւակայութեան սահմանները: Մարդկութիւնը կրկին անգամ կեցած է ամօթալի իրողութեան առջեւ:

Պատմութիւնը յաճախ կը կրկնէ ինքզինք: Տարբերութիւնը զոհերուն ազգութիւնն է եւ անունը: Կազայի մոխիրներուն մէջ այսօր կը խարանուի մարդկութեան լռութիւնը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 2, 2025
Սարգիս Կիրակոսեան
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

Հոկտեմբեր 2, 2025
Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…
Անդրադարձ

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?