Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

Հոկտեմբեր 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՌԷՆ Յ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Եւ Յիշատակս Ալ Թառամի, Ա՜Հ, Այն Ատեն Ես Կը Մեռնիմ»

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

Անմահանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան «Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին համարին մէջ իրաւամբ ըսած է.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,                                             
եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»:

Յիշատա՛կն է, որ մարդը կ՛ապրեցնէ նոյնիսկ իր մահէն ետք: Իսկ այդ յիշատակը կրնայ երկա՜ր շարունակուիլ եւ երբեմն տարիներ, տասնամեակներ ու նոյնիսկ դարեր կ՛անցնին, սակայն յիշատակը կը մնայ ու կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ շատ են օրինակները այն մարդոց, որոնք դարեր առաջ եկած ու անցած են, բայց մենք զանոնք ապրեցուցած ենք մեր մէջ` մի՛շտ արժեւորելով անոնց սխրանքները, ստեղծագործութիւնները, հայրենասիրութիւնը, անձնազոհութիւնն ու հերոսութիւնը, եւ պանծացնելով անոնց օրինակը` պիտի շարունակենք յիշել ու ապրեցնել զանոնք` որպէս անմահանուն հայորդիներ: Կ՛ապրին անոնք, որոնք անջնջելի դրոշմ ձգած են իրենց ետին: Կ՛ապրին անոնք, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին ապրած են նախ ու մանաւանդ իրենց ազգին ու հայրենիքին համար, անոնք, որոնք ամէն ջանք թափած ու շէնացուցած են` իրենց շրջապատը, իրենց համայնքը, եկեղեցին, դպրոցը, միութիւնները. անոնք,  որոնք նպաստած ու օժանդակած են` կարիքաւոր հայորդիներու, անկարներու, անօգնական ընտանիքներու… եւ վերջապէս անոնք, որոնց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնները առատօրէն հոսած են տարբեր երկիրներու ու տարբեր ժամանակներու մէջ, ազգային ու հոգեւոր ջրտուքին ընդմէջէն, յագեցնելով տուեալ կառոյցներուն ծարաւը ու փարատելով անոնց կարեւորագոյն կարիքները:

Հինգ տարի անցաւ Հրայր Սողոմոնեանի եղերական մահուան թուականէն: Հինգ տարուան ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ քիչ մը ամէն տեղ: Անցնող հինգ տարիները կորուստի ու պարտութեան տարիներ եղան հայ ժողովուրդին համար: Թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտերկրի հայութիւնը, յատկապէս` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, երկարամեայ պատերազմներուն պատճառով արհաւիրքի, վախի, զրկանքի ու անապահովութեան օրեր ապրեցան: Հրայր Սողոմոնեան չտեսաւ այս բոլորը: Չիմացաւ` Արցախի կորուստը, հայութեան անարգ պարտութիւնը, հազարաւոր երիտասարդներու նահատակութիւնը, Արցախի հայաթափումը, Սուրիոյ ու Լիբանանի հայկական գաղութներու նօսրացումը եւ բազում դժուարութիւններ ու տագնապներ: Յաճախ հարց կը ծագի` եթէ Հրայրը ըլլար, ի՞նչ պիտի ըլլային իր կեցուածքն ու հակազդեցութիւնը` ի տես այս բոլոր դժբախտութիւններուն: Ողջ աշխարհը գիտէ ու կը վկայէ Հրայր Սողոմոնեանին ազգային բարերարի հանգամանքին մասին: Բարերարի իր տեսակը, սակայն, պէտք չէ սահմանել միմիայն նիւթական օժանդակութեան իմաստով: Ինք ոչ միայն նիւթապէս, այլեւ ու մանաւանդ բարոյապէ՛ս իր նշանակալից ներդրումը ունէր ազգային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ: Իրեն հետ գործակցողները շատ լաւ գիտեն ու կը վկայեն իր անխախտ լաւատեսութեան մասին: Անկախ բոլոր տեսակի դժուարութիւններէն, տագնապներէն կամ ձախողութիւններէն, յոյսը երբեք չկտրող, չյանձնուող, չտկարացող անձնաւորութիւն էր ու իր լաւատեսութիւնը համոզումի վերածած` կրնար յուսադրել, խրախուսել ու ներշնչել ամբողջ շրջապատը եւ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ամէն ինչ վերջացած չէ, ու վերականգնումի հնարաւորութիւնը միշտ առկայ է եւ մեր դիմաց յստակօրէն պատկերուած է: Ա՛յս պիտի ըլլար Հրայր Սողոմոնեանին մօտեցումը` ի տես մեր այսօրուան դժուարին իրադարձութիւններուն: Բոլոր տեսակի դժուարութիւններէն ու անյաղթահարելի պայմաններէն ետք, յո՛յսը կը մնայ միակ կռուանը, որ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի խաղաղ ափեր:

Շատ բան կարելի է գրել Հրայր Սողոմոնեանին մասին: Իր իւրայատուկ անձնաւորութիւնը այնքան արտայայտիչ էր, որ ամբողջ դպրոց մը կը պարփակէր իր մէջ, ուր այնքան ուսանելի նիւթեր կարելի էր գտնել` սերունդներ կերտելու ու դաստիարակելու լայն հնարաւորութիւններով:

Հրայր Սողոմոնեանը թէեւ չկայ, բայց մե՛նք ալ իր նման կը հաւատանք, որ ամէն ինչ վերջացած չէ, նոյնիսկ ի՛նք, Հրա՛յրը մեզի համար վերջացած չէ, այնքան ատեն որ իր յիշատակը վա՛ռ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, երբ իր անձնական օրինակը ուղեցոյց կը դառնայ մեզի` իր շրջապատին ու սերնդակիցներուն:

Հրայր Սողոմոնեանին յիշատակը պիտի չմթագնի, երբ տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր կառոյցներու ու ազգային հաստատութիւններու պատերէն կախուած են արդէն իր անունը կրող բազմաթիւ ցուցանակներ, որոնք կենդանի վկայութիւններն են իր երկարամեայ գործունէութեանց, Հրայր Սողոմոնեանին յիշատակը պիտի չմթագնի, երբ իր անունով հիմնադրամներ գոյանան` ի յաւերժութիւն իր անունին եւ ի փառս իր հարազատներուն:

 

 

 

Նախորդը

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

Յաջորդը

Արեամբ Քանդակուած Ոգեղէն Յուշարձաններ (Վարանգաթաղի Հերոսներուն)

RelatedPosts

Պահելն Ու Պահպանելը  (Վարանգաթաղի Նահատակներուն)
Անդրադարձ

Պահելն Ու Պահպանելը (Վարանգաթաղի Նահատակներուն)

Հոկտեմբեր 4, 2025
Լռութիւնդ Ծանր Է, Գէո՛րգ
Անդրադարձ

Լռութիւնդ Ծանր Է, Գէո՛րգ

Հոկտեմբեր 4, 2025
Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով.  Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը
Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով. Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?