Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Իմ ազնիւ ընթերցող,

Վերջին տասնամեակները սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց մանաւանդ` միջինարեւելեան երկիրներու եւ հոն մնայուն բնակութիւն հաստատած մեր հայրենակիցներուն համար, եղան իրապէս տագնապեցնող ու ճակատագրական, երբ հայաշատ գաղութներ` Սուրիան, Իրաքն ու Լիբանանը ենթարկուեցան քաղաքական ու տնտեսական տագնապներու, տեսակաւոր գուպարներու, եւ ուր «Նոր Միջին Արեւելք» եւ կամ «Արաբական գարուն» անուան տակ փչող ազգաքանդ քամիները անդամահատեցին ու տակնուվրայ ըրին վերոյիշեալ երկիրները, քանդեցին անոնց քաղաքներն ու գիւղերը, նահատակուեցան ու զոհուեցան հազարաւորներ, եւ անապահովութեան մատնուած քաղաքացիներէն հսկայ զանգուածներ ակամայ դիմեցին գաղթի` մեկնելու դէպի անծանօթ հեռաստաններ, վերջնականօրէն:

Անցնող յիսուն տարիներուն փչող ազգաքանդ քամիին հզօրութիւնը մեծապէս զգացուեցաւ նաեւ մեր ապրած գաղութներու եւ համայնքներու մէջ, երբ տեղի ունեցաւ անհաւատալին, եւ հայաշատ գաղութներ սկսան նօսրանալ յաջորդաբար: Լիբանանահայեր շատ լաւ կը յիշեն 1975 թուականը եւ այդ թուականին հետ կապուած տխուր դէպքերը, որոնց պատճառած վնասներուն իբրեւ հետեւանք` մեծաթիւ հայեր գաղթեցին Լիբանանէն, եւ ակամայ մեծ ցնցում ապրեցաւ մեր փոքր ածուն, եւ ակամայ խեղճացան ազգային կառոյցները: Օրինակ, 1975 թուականին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող 56 հայկական վարժարաններէն այսօր մնացած են հազիւ 12 կամ 13 հատ եւ 28 հազար հայ աշակերտներէն  հազիւ` 4-5 հազար հայ աշակերտ:

Անշուշտ գաղթի կարաւանները իրենց հետ տարին թէ՛ զգալի քանակ եւ թէ՛ որակ… եւ հետզհետէ գաղութէն մեկնող կարաւաններուն հետ  պակսեցան` փորձառու ուսուցիչներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, գրողներ ու մտաւորականներ: Այսօր դժուար թէ գտնուին մարդիկ, որոնք փոխարինեն մեկնածները` ըստ արժանւոյն, ամբողջացնելու համար ստեղծուած բացը: Անշուշտ հոս կայ ուրիշ ցաւալի պարագայ մը եւս, այդ ալ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն ազգային արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած յայտնի  անտարբերութիւնն է, որուն ականատես ենք ազգովին: Որքա՛ն պիտի փափաքէինք, որ անոնք` երիտասարդներ, ստանձնէին գաղութէս ներս պատասխանատու դերեր ու պաշտօններ եւ փոխարինէին գաղութէս ու համայնքէս արտասահման մեկնողները եւ նաեւ ճակատագրի բերումով այս կեանքէն հրաժեշտ առնող ծանօթներն ու հարազատները: Սակայն օրէ օր կը զգանք, որ սկսած է տիրել փոքրիկ սով ու ամայութիւն` ազգային կառոյցներէն ներս, եւ մենք պիտի սկսինք կամաց կամաց մոմով փնտռել` հայ ուսուցիչ, հայ թղթակից, լրագրող, դասախօս կամ խմբագիր: Մինչդեռ երէկ… փոքրիկ Լիբանանն էր, որ արտասահմանի հայ գաղութներուն կը հասցնէր մտաւորականներու փաղանգներ…

Առիթով մը ըսի ու դարձեալ կը կրկնեմ. ժամանակէ մը ի վեր միջինարեւելեան երկիրներու վրայ սկսած, գործադրուած ու պարտադրուած ճնշումները, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային, ուղղակիօրէն պատճառ հանդիսացան, որ մեր համայնքի նորահաս զարգացած խաւը` համալսարանաւարտ երիտասարդները, այլեւս գործ ու ապահովութիւն չգտնելով այս երկրին մէջ, ստիպուին գաղթել առաւելաբար Արեւմուտք` բախտ ու ապագայ որոնելու մտադրութեամբ: Անշուշտ այս պատճառ է, որ կատարուէր սարսափելի բան`  ՈՒՂԵՂՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՀՈՍՔ…

Իսկ ինչո՞ւ մեր զարգացած երիտասարդները պիտի մեկնէին արտասահման, հեռանային իրենց բնակած երկիրներէն, իրենց ընտանեկան տաք օճախներէն, եւ փոքրիկ Լիբանանը չօգտուէր իր երիտասարդութեան տաղանդէն, ուժէն, կարողութենէն կամ աստուածատուր ձիրքերէն: Իսկ Արեւմուտքը սիրով պիտի ընդունէր նման կարողութիւններով օժտուած երիտասարդներ, գրկաբա՜ց եւ ուրախ… քանի որ իրենց համար մեծ բախտաւորութիւն պիտի ըլլար ընդունիլ գիտակից, բանիմաց ու շնորհաշատ խոստմնալի տարրեր, որոնց մէջ` երկրաչափ, ճարտարապետ, բժիշկ, այլեւայլ մասնագէտներ, որոնց ուսման ու մասնագիտական կրթութեանց համար Արեւմուտքը չէ ծախսած նոյնիսկ մէկ լումայ…

Բաց աստի` կայ նաեւ այլ ցաւալի ճշմարտութիւն մը, որուն մասին անդրադառնալ կը խորհիմ այլեւս ճիշդ է եւ տեղին, եթէ նոյնիսկ ուշ ալ չէ: Բոլորիս համար քաջածանօթ է անցնող տասնամեակներու ընթացքին ազգային հաստատութիւններէն ներս աշխատած հայ պաշտօնեաներու նկատմամբ գործադրուած համեստ գնահատականները… կամ նիւթական վարձատրութիւնները: Մենք, մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի մէջ, դժբախտաբար չենք կրցած անհրաժեշտ ճշդութեամբ գնահատել մեր հայ պաշտօնեայ խաւը եւ անոնք յաճախ ալ մնացած են որոշ պատասխանատու անձանց քմահաճոյքին ենթակայ, ինչ որ դժբախտաբար շատ վատ անդրադարձ ձգած է մեր երիտասարդներուն վրայ, որոնք խրտչած են մօտենալու ազգային պաշտօններուն, տեսնելէ ետք տառապող կենդանի վկաները:

Եւ արդարեւ, նման ոչ ախորժելի ու աննպաստ դրութեանց ու պայմաններու ներքեւ երիտասարդներ ինչպէ՞ս խանդավառուէին ու ձգտէին ստանձնել ազգային պաշտօններ, երբ անոնք կը տեսնէին անտեսուած մտաւորականութիւն` յաջ կամ յահեակ… երբեմն նոյնիսկ բարոյալքուած… որոնք յաճախ կ՛ունենային ոչ գոհացուցիչ նիւթական գնահատանք, կենցաղ կամ ապրելակերպ եւ մանաւանդ` աշխատանքային տարիքը ամբողջացնելէ ետք համապատասխան հանգստեան  թոշակ, որպէսզի ենթակայ անձը կամ իր ընտանիքը տարիներու ծառայութենէ ետք չմնային անտէր ու անտիրական… եւ կարենային գէթ ապրիլ ու կարօտ չըլլային ոեւէ մէկուն:

Անշուշտ հոս պէտք է արձանագրենք, որ բացառութիւնները միշտ ալ եղած են յարգելի, ողջունելի եւ ծափահարելի: Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ որոշ ազգային կառոյցներէն ներս տրուած կամ հաստատուած  համեստ  կամ խղճալի ամսականները երբեք ու երբեք պիտի չքաջալերէին նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որպէսզի անոնք սիրով փարէին ազգային գործերուն: Այն, ինչ որ մինչեւ օրս նշմարած ենք եւ հրապարակի վրայ մինչեւ օրս կը տեսնենք նուիրեալ սերունդ մը, այդպիսիք իրապէ՛ս արժանաւոր հայորդիներ են, որոնք ցարդ կը տանին համբերատար աշխատանք` միշտ նուիրումով, զոհողութեամբ, գիտակցութեամբ, մանաւանդ` ծով համբերութեամբ փարած իրենց ստանձնած պարտականութեանց, որոնց մօտ ազգին կամ պատկանած հաւաքականութեան ծառայելու ազնիւ նպատակը կարելի չէ գնահատել լոկ բառերով: Ներկայ ժամանակաշրջանին բառացի գնահատականին պէտք է ուղեկցի նաեւ անհրաժեշտաբար նիւթականը…

Հիմա, թուղթին յանձնելէ ետք միտքերս, անգամ մըն ալ կը բարձրաձայնեմ` ըսելով. ճիշդ է` «Անփոխարինելի մարդ չկայ»… բայց աչքի կարկինը լայն բանալէ ետք կու գամ նաեւ ըսելու, որ կարգին փոխարինող մարդ ալ գրեթէ չկայ…

Արդ, մտածենք, քանի դեռ մարդկային սովը չէ սկսած…

 

 

Նախորդը

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 2, 2025
Սարգիս Կիրակոսեան
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

Հոկտեմբեր 2, 2025
Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ
Անդրադարձ

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?