Կեանքի գնով Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին ծառայելու երդումը տուած դաշնակցականը, երբ ստանայ «կանչ»-ը, չի կրնար ձեռնածալ մնալ, չի կրնար երդմնադրուժ ըլլալ, չի կրնար իր սկզբունքներէն շեղիլ եւ չի կրնար չշարունակել Սուրբ Գործը:
Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը առաջինն էր, որ հնչեցուց «կանչ»-ը` զօրակոչը: Յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր, որ պէտք է ուժերու մէկտեղումով ըլլալ Երկրի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր զինուած ուժերուն եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողքին, եւ այդպէս ալ եղաւ:
ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակի հիմունքներով առաջնորդուող «Կամաւորական շարժում»-ը համախմբեց կամաւորները, որոնք պատրաստ էին մասնակից դառնալու հայրենիքի պաշտպանութեան թէժ, արիւնալի եւ անորոշ մարտերուն: Գացին` իրենց ետին ձգելով աթոռն ու փառքը, պաշտօններն ու համբաւը, կինն ու զաւակները, գործերն ու երազները, կեանքի հաճոյքները:
«Մեր տղաք»-ը հասան Մարտակերտ, անցան Թարթառ գետի աջ ափէն, 800 մեթր բարձրութեան վրայ դէմ յանդիման կանգնեցան թշնամիներուն եւ իրենց արեան կաթիլներով 6 հոկտեմբեր 2020-ին վերստին ազատագրեցին Վարանգաթաղը` ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքը: ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»-ի 24 կամաւորներ կեանքի գինը վճարեցին ազգին, հայրենիքին` հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին:
Այսօր չկան «Մեր տղաքը», գացին եւ միացան մհերներուն եւ վիգէններուն, դրոներուն եւ սերոբներուն, դումաններուն եւ արամներուն: Չկան, եւ բարձունքն ալ գրաւուած է, Արցախը մերը չէ: Չկան, եւ մենք` ողբերգական օրերու վկաներս, հինգ տարիներէ ի վեր անկար ենք, ընդունինք կամ ոչ, կացութիւն փոխելու կամ կացութիւններուն դէմ յանդիման կանգնելու: Անցնող հինգ տարիներուն միջազգային խաղերն ու պայմանները, արտաքին ճակատումի մէջ գտնուող ուժերու անհաւասարակշռութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւններու ապիկարութիւնն ու յանձնուողականութիւնը եւ առհասարակ մեր ժողովուրդի անտարբերութիւնը մեզ հեռացուց մեր տեսլականէն:
Վարանգաթաղի տղաքը փոքր Հայաստան էին, հայրենիքէն ու սփիւռքէն հաւաքուած երիտասարդներ ու երէցներ` արուեստագէտներ ու արհեստաւորներ, հողագործներ ու մասնագէտներ, բոլորը քով-քովի էին: Բոլորը համախմբողը Դաշնակցութիւնն էր, իսկ բոլորին մէկ ու անփոխարինելի առաքելութիւնը` հայրենիքի պաշտպանութիւնը:
Անոնք ազատագրեցին բարձունքը, որովհետեւ կամքն ու հաւատքը ունէին, որովհետեւ մահուան գիրկը նետուելու պատրաստ էին, բայց անցնող հինգ տարիներուն ամէն ինչ կը կատարուի` սպաննելու հայու տեսակը, քանդելու ազգը, ոտնակոխելու արժէքները եւ քայքայելու միակամութիւնը:
Անոնք գացին, որովհետեւ համոզուած էին, որ ազգը թիկունքը պահած է, հայութիւնը մէկ բռունցք է եւ միեւնոյն նպատակներուն կը ծառայէ, բայց դժբախտաբար պատկերը նոյնը չէր: Գացին եւ նահատակութեամբ մարտի դաշտի կրակոցներէն առաւել վտանգաւոր աղմուկներն ու խշրտոցները չլսեցին:
Այո՛, Արցախի 44-օրեայ պատերազմը նուազ վտանգաւոր էր յետպատերազմեան փուլի իրողութիւններէն, որովհետեւ այսօր ազգը իր էութենէն պարպելու ճիգ գոյութիւն ունի: Մարտի դաշտի վրայ յաղթանակ եւ պարտութիւն գոյութիւն ունի. ուժեղը կը յաղթէ, մինչ տկարը նոր մարտերու կը պատրաստուի, այնքան ատեն որ ունի մարտունակութիւնն ու պայքարելու կամքը:
Բայց այսօր մենք ոչ միայն ծիլերը կորսնցուցած ենք, այլ կոճղերը կորսնցնելէ ու պտուղները հողին յանձնելէ ետք, հինգ տարիներէ ի վեր մէկ առ մէկ կը կորսնցնենք մեր արմատները, որպէսզի երբեք ծաղկելու առիթ չունենանք: Ֆիզիքական կորուստէն ետք, այսօր մենք առաւել կործանարար կացութեան մէջ ենք, հոգեմտաւոր կորուստներու դիմաց ենք: Հայու տեսակը վտանգուած է, եւ ներկայիս թշնամիները Հայաստանի մէջ կամակատարներու ձեռամբ հայութիւնը հայկականութենէ կը պարպեն, պատմութենէն կը հեռացնեն, Դատէն կ՛անջատեն: Այս ընթացքով կը վերածուինք անդիմագիծ հաւաքականութեան մը, որուն համար հիմնականը ուտել-խմել, դրամ շահիլ, պտտիլ ու քնանալն է: Այսօրուան, այսպէս կոչուած, կրթական համակարգին հիմքը անկրթութիւնն է, ապազգայնացումն է:
18 նոյեմբեր 2023-ին, Հրազդանի մէջ ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի յիշատակին յուշատախտակի բացման առիթով, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի արտասանած խօսքը պէտք է վերածուի ուղենիշի. «Մենք կը գիտակցինք, որ պէտք է նորէն սկսիլ, նորէն ազատագրել, նորէն կռուիլ, եւ մեր մէջ վրէժն ու անոր հուրը բոցկլտան: Մենք մեր ատամները սեղմած` կը պահենք եւ միակ յոյսը, որով կրնանք ապրիլ, ոտքի կանգնիլ, այն է, որ պայքարը շուտով պիտի սկսի, եւ մենք կրկին հայոց լեռներէն դէպի տափաստաններ քշենք թշնամին: Այդ յոյսն է, որ այսօր մեզի կարելի կը դարձնէ ոտքի վրայ մնալ»:
Վարանգաթաղի մեր տղաքը եւ արցախեան բոլոր պատերազմներուն մասնակից նահատակները մեզմէ, ի մասնաւորի` իրենց գաղափարի ընկերներէն, մէկ բան կը պահանջեն. շարունակել սուրբ գործը: Բոլոր նահատակներն ալ ուրիշ բան չեն ուզեր, որովհետեւ Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ այդպէս կազմաւորուած են, այդպէս դաստիարակուած են: Որքան ալ պատկերը սեւ ըլլայ, մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու, յանձնուելու, տկարանալու եւ ամէնէն կարեւորը` նոյնանալու:
Յարգա՛նք Վարանգաթաղի հերոսներուն, որոնց անունները ամէն տեղ պէտք է արձանագրուին: Յարգա՛նք Մհեր Յարութիւնեանին (հրամանատար), Դանիէլ Թովմասեանին, Արշակ Մելիքեանին, Նարեկ Սահակեանին, Քրիստափոր Արթինին, Գէորգ Հաճեանին, Աբրահամ Բարնջեանին, Վիգէն Մուրադեանին, Տաւրոս Աբրահամեանին, Մանուկ Մարգարեանին, Յովհաննես Պետրոսեանին, Երուանդ Թադեւոսեանին, Մանուկ Թորոսեանին, Գոռ Սարգսեանին, Արման Խաչատրեանին, Կարէն Բադալեանին, Ալբերտ Խառատեանին, Արայիկ Մկրտչեանին, Սուրեն Յովսեփեանին, Ալիկ Մկրտչեանին, Սուրեն Վանցեանին, Արկադի Իսրայէլեանին, Տիգրան Ասատրեանին եւ Արկադի Միսկարեանին, որոնց նահատակութեամբ քրիստաոր միքայէլեաններու, ռոստոմներու եւ սիմոն զաւարեաններու գործը նոր կեանք ստացաւ:
Յոյսը պէտք չէ կորսուի, լոյսը պէտք չէ մարի, պայքարի ոգին պէտք չէ մեռնի, վրիժառու, հայրենասէր, խիզախ ու Հայկի ժառանգորդ հայու սիրտը պէտք է միշտ բաբախէ…
Վարանգաթաղի բարձունքին վերստին Արցախի դրօշը պիտի ծածանի: Ես կը հաւատամ…