30-է աւելի երկիրներ այցելած եմ, 100-է աւելի քաղաքներու մէջ երգած եմ, աշխարհի 5 ցամաքամասերուն վրայ հայ երգն ու արուեստը պանծացուցած եմ:
Սակայն ոչ մէկ տեղ եղած է այնքա՜ն հոգեհարազատ, այնքա՜ն ի՛մս, ի՛մ ջուրս, ի՛մ հողս, ի՛մ արեւս, որքան ի՛մ Արցախս:
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
5 տարի է` լուռ ես: Ծանր ու անվերջանալի լռութիւն մը:
Շատ չեղա՞ւ:
Ճիշդ է` մեր երկարատեւ ընկերութեան ընթացքին երբեմն եղած են լռութեան փուլեր, սակայն երբեք` այսքան երկար: Այդ փուլերն ալ շատ անակնկալ կերպով աւարտած են` առանց դոյզն իսկ խանգարելու մեր մտերմութիւնը:
Այս անգամ տարբեր էր սակայն, այս անգամուան լռութիւնը ուրիշ բան կը յուշէ, որքան ալ փորձեմ ուրանալ:
Դժուար է ընդունիլ, համոզուիլ ու հաշտուիլ այն մտքին հետ, որ այլեւս պիտի չգրես, ձայնային պատգամներ պիտի չյղես, երկուստեք գէթ կարճ հանդիպում մը յաջողցնելու փորձ պիտի չընենք, աշխարհ մը թնդացնող եւ սրտի խորեր թափանցող ձայնդ յանկարծ պիտի չլեցնէ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, Հայաստանի մէջ անպայման տեղ մը դիմացս պիտի չյայտնուիս` քեզի յատուկ ջերմութեամբ բարեւելու եւ լիբանանեան առօրեային մասին բազում հարցումներ ուղղելու, պատասխանելու Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան վերաբերող իմ մեծաթիւ հարցումներուս: Ինչպէ՞ս համոզուիլ, որ հաճելի, հարազատ ու խանդավառ ներկայութիւնդ անգտանելի պիտի ըլլայ այլեւս, դուն` անհասանելի…
Հաւատայ, Գէո՛րգ, 5 տարիները բաւարար չեղան բացակայութեանդ հետ հաշտուելու եւ ընդունելու ֆիզիքական առյաւէտ հեռացումդ: 5 տարի է` կը սպասեմ այն պահուան, երբ տեղէ մը ձայն պիտի հանես, պիտի երեւիս անպայման, իսկ ես պիտի այպանեմ քեզ, որ այսքան երկար ատենէ լուռ ես: Բայց ի՞նչ իրաւունքով այպանեմ: Ի վերջոյ, լոկ կարօտը չէ ներաշխարհիս այս փոթորիկին պատճառը, այլ` բացակայութեամբդ կեանքիս մէջ փորագրած հսկայ դատարկութիւնն ու մանաւանդ յանցաւորի զգացումը, որ ծնունդ առած օրէն ոչ միայն չի թեթեւնար, այլ նաեւ կը զօրանայ, կը խորանայ ու ամէնօրեայ ահազանգի կը վերածուի: Քու լռութեանդ յանցանքը քու ուսերուդ չէ, այլ` իմ, մեր…
Վերջին անգամ հանդիպեցանք Արցախի ջինջ երկինքին տակ, քու սիրած ու պաշտած Արցախիդ, որուն ամէն մէկ քարն ու հողի իւրաքանչիւր հատիկը թանկագին էին քեզի համար: Որքա՜ն ուրախութեամբ կը խօսէիր Արցախի մասին, երիտասարդ կեանքերու զոհաբերութեամբ ազատագրուած այդ երկիրը կը փառաբանէիր ամէնուրեք ու առյաւէտ, մնայուն ճիգի մէջ էիր զայն քեզի ընկերացողներուն ներկայացնելու գեղեցկագոյն ու պայծառագոյն կերպով, հպարտութեան աղբիւրդ էր Արցախը, որ նաեւ դարձաւ քեզ վերջին գրկողը, քու վերջին շունչիդ, խօսքիդ, նայուածքիդ, մտածումիդ, զգացումիդ ու սրտի բաբախումիդ վկան:
Չեմ գիտեր` բարեբախտութի՞ւն, թէ՞ ճակատագիրի հեգնանք էր, որ Արցախ վերջին այցելութիւնս քեզի հետ էր: Բարեբախտութիւն վստահաբար, բախտաւորութիւն` անկասկած, որ քեզի նման անձ մը կ՛առաջնորդէր մեզ դէպի Արցախի լեռներն ու հովիտները, արտօնուած տարածքներն ու արգիլուած շրջանները: Քեզմէ աւելի ոչ ոք պիտի կարենար խօսքով ու երգով մեր հոգիին խորերը ամրօրէն փորագրել Արցախի նկատմամբ մաքուր սէրն ու անոր անզուգական արժէքը: Արցախի փողոցներու տերեւները աւլող մամիկէն, իշուկին վրայ իր թոռներուն ուտելիք փոխադրող պապիկէն, խանութպաններէն մինչեւ հողագործներ, մտաւորականներէն մինչեւ պարզ բանուորներ, դարաւոր եկեղեցիներուն դռները բացողներէն մինչեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, սահմանին կանգնած պարզ զինուորներէն մինչեւ բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքական վերլուծում կատարող վարորդներէն մինչեւ քաղաքական գործիչներ, պետութեան ծառայողներէն մինչեւ պետական անձնաւորութիւններ իրենց յատուկ տեղը ունէին քու մօտդ: Իւրաքանչիւրին կը մօտենայիր նոյն յարգանքով ու ակնածանքով, նոյն սիրով ու գուրգուրանքով, նոյնքան ժամանակ ու ուշադրութիւն կը տրամադրէիր իւրաքանչիւրին, որովհետեւ, ինչպէս դուն կ՛ըսէիր, ամէն մէկը իր աշխատանքով, քրտինքով, ջանքով ու հաւատարմութեամբ կը պահէ արծուեբոյն Արցախը: Որքա՜ն լաւ գիտէիր ազատագրուած այդ հողին արժէքը, անիկա լոկ զբօսաշրջային վայր մը չէր քեզի համար, այլ` սրբավայր մը իսկական, որուն բագինին նուիրաբերեցիր քու ամէնէն թանկագինդ…
– Գրէ՛ Նորա, արձանագրէ պատմածներս, յիշատակներդ, տպաւորութիւններդ, մեր այցելած վայրերը` մէկիկ մէկիկ…
– Միտքս է, Գէո՛րգ, իսկ եթէ մոռնամ, դուն կաս, իսկոյն կը հարցնեմ…
– Բայց դուն գրէ…
Օրին այդ պատասխանդ մեծ իմաստ չունեցաւ ինծի համար, կարծես չէի երեւակայեր կեանք մը, ուր դուն չկաս…
«Մեծ պատիւ է բանակի եւ խրամատի զինուորներուն հետ շփում ունենալ, որովհետեւ եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ»: Այս խօսքդ վերածեցիր նշանաբանի, անոր հաւատացիր մեծապէս եւ հաւատարիմ մնացիր մինչեւ վերջին շունչդ` ոչ միայն խօսքով ու երգով, այլ նաեւ գործով եւս կանգնելով զինուորին կողքին: Իսկ քեզմէ տարբեր բան անկարելի է ակնկալել, արդարեւ, դուն այն ՀԱՅ-ն ես, որ խօսքերդ ընդհանրապէս գործի վերածած ես: Քու անմահ երգովդ կամաւորաբար գտնուած ես ոչ միայն խրամատներուն մէջ, զինուորներու ճաշասեղաններուն ետին, այլ հոն, ուր առաջարկուած է ըլլաս, երգես, հայ երգն ու արուեստը պանծացնես` եկեղեցիներէն մինչեւ դպրոցներ, միութենական ձեռնարկներէն մինչեւ պետական նախաձեռնութիւններ, մեծին ու փոքրին հետ հաւասարապէս` միշտ ալ խտրութիւն չդնելով մարդոց միջեւ: Խօսքդ գործի վերածեցիր նաեւ 2020-ի պատերազմին, երբ բազում անգամներ կրկնած ու երգած այս տողերը`
«Ով կամաւոր է գրւում, այն օրից հերոս է նա,
Իր ազգի ազնիւ կռւում ամենամեծ յոյսն է նա,
Սիրայօժար, մահն աչքերին է գնում:
Առիւծի պէս է կռւում»-ը վերածեցիր գործի, հերոսացար քու նահատակութեամբդ, կռուեցար մինչեւ վերջին շունչդ, ճանկեցիր քու պաշտած Արցախի հողը ու հոգիդ յանձնեցիր Արցախի սէգ լեռներուն:
Նահատակութեանդ վեհութեան դիմաց բառերը կը նահանջեն, մտածումները կը դառնան անիմաստ, բացակայութիւնդ կը խոցէ սիրտս, լռութիւնդ կը տանջէ հոգիս ու քու պաշտած Արցախիդ կորուստէն ետք ապրիլ շարունակելու կարողութիւնս կը չարչրկէ խիղճս…
2023-ին եկայ քեզի այցի Պռօշեանի Զօրաց պանթէոն, ի զուր փնտռեցի քեզ, կային նկարդ` աչքերուս մէջ ուղիղ նայող, շիրիմդ` ծաղիկներով ծածկուած, բայց հոն չէիր դուն, չէիր կրնար ըլլալ ու պիտի չըլլաս: Կը հաւատամ ու համոզուած եմ, որ հոգիդ մնաց Արցախի ջինջ երկինքին տակ, վեհ սարերու գագաթին եւ մեծաթիւ հերոսներու արեամբ ոռոգուած հողին կառչած:
Յաճախ երգեցիր. «Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս»:
Իսկ այսօր ես քեզի հարց կու տամ. «Գէո՛րգ, մեր Արցախէն խապրիկ մը չունի՞ս»: