Ո՛վ կրնայ յանդգնիլ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներու միջեւ խտրութիւն դնել, անոնց ճակտին կուսակցական պատկանելիութիւն դրոշմել, այս կամ այն պատրուակով` սեփականացնել անոնց սխրանքն ու զոհողութիւնը կամ մոռացութեան տալ մղուած բազում ճակատամարտերու վեհութիւնն ու կշիռը:
Փաստօրէն, 1988-2020 ժամանակաշրջանին հայութեան մարտական բազուկը` շնորհիւ իր ռազմական ունակութեան, անյեղլի կամքին, հայդուկապետերու եւ հրամանատար կազմերու եզակի կարողութեան, բայց մանաւանդ` հերոսածին տղաներու դէպի մահ արշաւելու խոր գիտակցութեան, մղեց այնպիսի ճակատամարտեր, որոնք միայն փառքն ու պատիւը հիւսեցին հայ ժողովուրդին:
Աւելի՛ն. այդ հրաշափառ ճակատամարտերու ընթացքին հայութիւնը իր ծոցէն ծնունդ տուաւ այնպիսի հերոսներու, որոնք ոչ միայն քաջաբար կռուեցան թուրք-ազերի հորդաներու դէմ, զարկին ու զարնուեցան, այլ նաեւ համայն մարդկութեան ցոյց տուին սխրանքներու պանծալի դրուագներ, ներուժի, որակի եւ տոկունութեան անհասանելի բարձունքներ:
Եռաբլուրը` սրբազան տղոց յաւերժական հանգստավայրը, գերազանց վկան է վերեւի ըսուածին, ճշմարիտ յարացոյցը` երեսնամեայ մարտնչումներուն, նուիրումին եւ ծով զոհողութեան:
Ճիշդ է, որ ազգային արժանապատուութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ մղուած բոլոր մարտերը յանգեցան Արցախի ազատագրումին եւ պետութիւն կերտելու հին, բայց ոչ շիջած ազգային երազի մը կենսաւորումին, այդուհանդերձ, հայութիւնը չկրցաւ պահել ու պահպանել արեամբ ազատագրուած հայրենիքը, հեռացաւ հողէն, հազարամեայ օճախէն, թուրքին յանձնելով ամբողջութեամբ հայաբոյր երկրամաս մը, ուր քարաշէն կառոյցներն անգամ կ՛արտացոլէին հայ ոգիի մեծութիւնը:
Պահ մը զերծ մնալով` մեր օրերու, ազգի եւ հայոց պետականութեան կեանքին առնչուած քաղաքական պատուհասներէն, գէթ երկիւղածութեամբ յիշենք նահատակ հերոսները, խոնարհինք անոնց սխրանքին ու թողած յիշատակին դիմաց, հայանանք, զգաստանանք եւ շարունակենք անոնց երթը` տիրութիւն ընելու հայրենիքին, թեւ եւ թիկունք ըլլալու հայոց բանակին, հայու տեսակին ու պետականութեան:
Ու հիմա կորուսեալ Արցախի դիմաց կանգնած, ցաւ ի սիրտ, կը փորձենք մենք մեզ համոզել, որ դաժան իրադրութեանց ու քաղաքական պարտադրանքներու դէմ յանդիման, աւելի՛ն. պառակտեալ ազգի մը տխուր պատկերին դիմաց, զգացական երեւոյթ կը նկատուի յիշել նահատակ տղաքը եւ արժեւորել անոնց քաջութիւնը:
Ո՛չ, հազար անգամ ոչ, այդպէս չէ հայոց իրականութիւնը, որ, տուայտանքի մէջ ապրելով հանդերձ, կը փորձէ դուրս ելլել քաոսէն, լծուիլ ինքնարժեւորման եւ ինքնահաստատման` յանուն հայու տեսակին եւ պետականութեան պահպանման:
Այլապէս ալ կը փորձուի խեղճացած ներկայացնել հայութիւնը` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, որ տժգոյն է Արարատի երկնակամարը, թուրքին է վերջնական յաղթանակը, «իրական» են ներկայ Հայաստանը եւ պետական կարգն ու սարքը, յուշ է այլեւս նահատակ տղոց կտակը, ընդունիլ է պէտք ստեղծուած նորովի կացութիւնը, համակերպիլ` իշխանաւորներու նորովի ազգային ըմբռնումներուն եւ քաղաքական ընկալումներուն:
Արդ,
Վերեւի խորապատկերին ընդառաջ լոյսին կու գայ անկրկնելի եւ յախուռն ճակատամարտի մը վեհութիւնը, պարզապէս յիշեցնելու բոլորիս, որ Վարանգաթաղի բարձունքին, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն (2020թ.) աւելի քան քսան սրբազան տղաներ, անհամար թշնամի ուժերու դէմ կռուելով կը նահատակուին` վստահուած պաշտպանական դիրքը չյանձնելու վճռակամութեամբ:
Եթէ երբեք այդ հրաշալի տղոց վստահուած էր բարձունքը, պարզապէս որովհետեւ անոնք` իբրեւ վրիժառուներ, գաղափարական շունչով դաստիարակուած հայորդիներ էին, գոյամարտ տեսած, ազգային արժանապատուութեամբ լիացած մեր օրերու ֆետայիներն էին` գիտակից իրենց առաքելութեան եւ ազգային ուխտին:
Բնութենական ճշմարտութիւն է, որ արծիւները երբ բարձունքներու վրայ իրենց բոյնը շինեն, ատիկա կ՛ընդունին իբրեւ օրրան, ուր ծնունդ պիտի տան իրենց տեսակը պաշտպանող եւ յաւերժացնող սերունդներու:
Վարանգաթաղի բարձունքի տղաները հաւատացած էին, որ պաշտպանելով այդ բուռ մը հողը, նահատակութեան գնով, պաշտպանած պիտի ըլլային Արցախ աշխարհը, Պապիկն ու մամիկը եւ սերունդներ ամբողջ:
Կը պատմուի, որ թուրք-ազերի վոհմակը, տեսնելով բուռ մը տղոց քաջարի մարտերն ու անզիջող կեցուածքը, տասնապատիկ ուժերով յարձակում կը գործէ, պաշարելէ ետք բարձունքը:
Ու տղաքը կը կռուին մինչեւ վերջին փամփուշտը: Աննման տղաները իրենց զուլալ արեան գնով կը փորձեն պահել դիրքը եւ կը նահատակուին բոլորը:
Ճիշդ է, որ արցախեան բանակի յանդուգն տղաներ անհաւասար մարտերէ ետք կը վերագրաւեն բարձունքը` թշնամիին հասցնելով մեծ վնաս ու կորուստ, այդուհանդերձ անոնց ուրախութեան առընթեր իշխող էր ընկերներու նահատակութեան ցաւը: Իրօք, անոնք կը յաջողին փոխադրել սրբազան տղոց անշունչ մարմինները եւ յանձնել Պռոշեանի հողին:
Այո՛, հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ սփիւռքով եթէ երբեք կ՛ուզէ վերականգնիլ, վերահայանալ ու շարունակել իր ազգային երթը, ապա պարտաւոր է ամէն պատեհ առիթի յիշել եւ յիշեցնել, արժեւորել մեր օրերու դիւցազուններու հերոսապատումները, որպէսզի գալիք սերունդներ հպարտութեամբ խոնարհին տղոց շիրիմներուն առջեւ եւ քաջութեամբ ծառայեն իրենց ազգին ու հայրենիքին:
Գէորգին, Մհերին, Քրիստափորին եւ իրենց ընկերներուն յիշատակը յարգել կ՛ենթադրէ` ազգային վառ գիտակցութիւն եւ թշնամի ուժերու դէմ մարտնչելու հայածին վճռակամութիւն:
Անոնք` Վարանգաթաղի բարձունքի տղաքը, տեսած ու ապրած էին Պետոյի, Կարօտի, Տուշմանի, Բեկորի եւ բազում քաջորդիներու հայրենասիրութիւնն ու թուրքին դէմ կռուելու համարձակութիւնը:
Ու իրենց նահատակութեամբ ներշնչման ու հաւատամքի աղբիւր եղան գալիք սերունդներու, որովհետեւ անոնք սլացան դէպի մահ ու դարձան մեր օրերու ոգեղէն յուշարձանները, առասպելատիպ արծիւները: