Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԹՈՍ

Տասը տարիներ:

Տասը տարիներ անցած են այն օրէն, երբ լուր ստացայ, որ Սարգիս Կիրակոսեան այլեւս ոչ եւս է: Պահ մը թուեցաւ` իբր լեզուն ինք զրկուեցաւ իր ձայնաւորութենէն, կարծես խօսքը   խռովեցաւ ի լուր այս բօթին:

Որո՞ւ պիտի պատմէի նոր բանաստեղծութեան մը մասին, որո՞ւ հետ պիտի քննարկէի Վարուժանի վերջին տունը, ա՛լ ո՞վ իր գաղափարներով պիտի հարստացնէր գրութիւններս…

Բայց ահա, այսօր, տասը տարի ետք, տակաւին կը զգամ, որ Սարգիս Կիրակոսեանը դեռ մեր մէջ է: Ան կենդանի է` իր միտքով, իր գաղափարով ու սերունդներ դաստիարակող գրիչով:

Սարգիս Կիրակոսեանը երբեք չյաջողեցաւ  դասատու ըլլալ, սակայն իր եզակի տեսակին մէջ  ՈՒՍՈՒՑԻՉ էր, այնպիսին, որոնց քիչ կը հանդիպիս կեանքիդ ընթացքին:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու էր, բայց այդ սահմանումը` դասատու, անարդար կերպով նեղ սահմանում էր իր դերին: Ան սերմնացան էր մտքի դաշտին մէջ:

Ան երբեք չէր ստիպեր սիրել հայերէնը, չէր պարտադրեր կարդալ Մեծարենցն ու Շիրազը: Սակայն իր ոճով կը հմայէր,  իր աչքերուն փայլքը, իր շունչին ջերմութիւնը կը ստիպէին քեզ ապրիլ բանաստեղծութիւնը:

Լեզուն չէր ներկայացներ որպէս կանոններու եւ նշաններու շտեմարան, այլ` որպէս հայրենիք, որպէս ինքնութեան ամենաբիւրեղ տաղաւար:

Երբ ուսումնական շրջանս աւարտեցի, մեր յարաբերութեան ձեւը փոխուեցաւ, աւելիով խորացաւ:

Ամէն առաւօտ, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ, ժամը 11:00-ին սուրճի բաժակի շուրջ ծխախոտ մը կը վառէինք, ժամ մը տեւող հաւատարմագոյն զրոյցներով: Զրոյցներ, ուր լեզուն կը թափառէր քաղաքականութենէն աստուածաբանութիւն, բանաստեղծութենէն փիլիսոփայութիւն, մարդկային դէմքերու խորքերէն մինչեւ մենութեան մտքի գագաթներ:

Կիրակոսեան ոչ միայն բառին նկատմամբ նուիրում սորվեցուց, այլեւ ներքին կարգապահութիւն, պատասխանատուութիւն` անոնց գործածութեան: Անուններ, որոնք ուրիշներու համար սովորական յորջորջանք էին, մեզի համար վերածուեցան սուրբ տիտաններու` Տէրեան, Իսահակեան, Զօհրապ… Իսկ անոնց կողքին, քողարկուած անուն մը մնաց` «Սարգիս Կիրակոսեան»` լուռ, համեստ ու խոնարհ:

10 տարիներ առաջ մահը զինք խլեց իր իսկ ճաշակին համեմատ` լուռ ու արժանապատիւ: Բայց չկրցաւ խլել` խօսքը, միտքը, գաղափարն ու լաւ յիշատակները:

Այսօր, երբ կը գրեմ այս տողերը, կը զգամ, որ նստած է դիմացս` ծխախոտ մը ձեռքին, եւ կը նայի մեղմ ու քննական հայեացքով.

– Կը սխալիս հոն, այդ բառն այդպէս չի գրուիր…

Ես կը ժպտիմ ու կը սրբագրեմ սխալը: Ու կը հասկնամ` ուսուցիչ մը երբեք չի մեռնիր, երբ իր աշակերտը կը շարունակէ խօսիլ իր ձայնով:

Եւ այսպէս, տասը տարիներ անց ան դարձեալ կը վերադառնայ երբեմն յիշողութեան ճակատագրական անդունդէն, երբեմն` գրիչի ծայրին վրայ, երբ բառ մը չեմ գտներ, կամ երբ կ՛ընտրեմ ձայնաբանական դիւրութիւնը` քերականական ճշգրտութեան փոխարէն: Այդ պահերուն կը հասկնամ, թէ ուսուցիչ մը չի սահմանափակուիր դպրոցական տարիներով: Ան ինքզինք կը խնկարկէ մեր կեանքի մէջ աննկատ` մերթ որպէս խղճի խայթ, մերթ` իբրեւ քաջալերող կամք:

Երբ կը հանդիպիմ գիրքի էջի մը մէջ սխալ յատկանիշի մը, կամ երբ կը լսեմ սերունդ մը` օտարաբանութեամբ աղաւաղուած լեզուով խօսող, աչքերուս մէջ կը բոցավառի Սարգիս Կիրակոսեանի ժպիտով զայրոյթ մը, ու կը մտաբերեմ, թէ ի՛նչ ակնածանքով կը խօսէր հայերէնին մասին ու զայն կը պահէր որպէս նշխար, որպէս` սրբութիւն սրբոց:

Վստահ եմ, որ Սարգիսի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր մէջ կը պահէ իրմէ մնացած կայծ մը: Ու այդ կայծն է, որ կ՛ապացուցէ, թէ մարդ երբ ապրի խղճմտանքով ու նուիրումով, կը գերազանցէ մահուան սահմանը:

Սարգիս Կիրակոսեանը մեզի կը թողու ոչ միայն բանաստեղծութիւններ ու գրական էջեր, այլ` կեանքի մը փիլիսոփայութիւնը: Ուր ամէն բառ արժէք ունի: Ուր լեզուն պատիւ է: Ուր ուսուցումը կրնայ վերածուիլ պատարագի:

Այսօր, տասը տարիներ ետք, այս գրութիւնը  յուշագրութիւն մը չէ: Այլ խոստում` շարունակելու խօսիլ ճիշդ, ապրիլ արժանապատիւ եւ պահել մշակոյթն ու լեզուն, որուն համար ան կ՛ըսէր. «Ամէն լեզու մտածում է, բայց հայերէնը` հաւատք»:

Հողը թեթեւ գայ…

 

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 2, 2025
Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…
Անդրադարձ

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

Հոկտեմբեր 2, 2025
Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ
Անդրադարձ

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?