Յօդուածներ

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Մենք Նախընտրական Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 22 մարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց 6 մայիսի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ցանկը: Բայց մեր անձնական կարծիքով, այդ հանդիսութեան ընթացքին ամէնէն կարեւորը ոչ թէ թեկնածուներու անուանացանկին յայտարարութիւնն էր, այլ ամփոփ գիծերու մէջ կուսակցութեան նախընտրական ուղեցոյցի կամ ծրագիրի նախագիծին ներկայացումն էր: Պէտք է այստեղ կարեւորութեամբ նշուի, որ Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ երկրին սահմանադրական կեանքի բնականոնացումէն ետք,...

Ապրիլեան Պատերազմը Ցոյց Տուաւ, Որ Եթէ Ժամանակին Լսուէր Առողջ Քննադատութիւնը, Շատ Խնդիրներ Այլ Կերպով Կը Լուծուէին. Սպարտակ Սէյրանեան

Ապրիլեան Պատերազմը Ցոյց Տուաւ, Որ Եթէ Ժամանակին Լսուէր Առողջ Քննադատութիւնը, Շատ Խնդիրներ Այլ Կերպով Կը Լուծուէին. Սպարտակ Սէյրանեան

«Մտածել, որ մենք հիմա աւելի լաւ պատրաստուած ենք պատերազմի, քան` երկու տարի առաջ, կամ հասարակութիւնը որակապէս շատ փոխուած է, կը կարծեմ, որ այդ յուզիչ խօսքերէն ու արտայայտութիւններէն պէտք է զերծ մնալ եւ իրական գետնի վրայ պատկերացնել վիճակը», այսպէս արտայայտուեցաւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը` անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն քաղուած դասերուն: «Դասերը, զորս քաղեցինք 2 տարի...

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.-  Ապրիլեան Ախտանիշ

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.- Ապրիլեան Ախտանիշ

Երկու տարի առաջ` 2016թ. ապրիլի 2-ի լոյս գիշերը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետանու, զրահամեքենաների եւ մարտական օդուժի կիրառմամբ ձեռնարկեցին լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ շփման գծի գրեթէ ողջ երկայնքով: Ընդ որում, հակառակորդը կրակը տեղափոխեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքը` հրետակոծութեան ենթարկելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու Պաշտպանութեան բանակի մի շարք զօրամասերի մշտական տեղակայման վայրերը: Ազրպէյճանական յարձակումին զոհեր դարձան նաեւ քաղաքացիական անձինք, այդ թւում` երեխաներ:...

Սուղ Գին Վճարելով

Սուղ Գին Վճարելով

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատրաստ պէտք է ըլլալ որեւէ գին վճարելու: Պատրա՛ստ ենք: Երկու տարի առաջ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, իսկապէս սուղ վճարեցինք պաշտպանելու համար մեր հողը: Հրաշալի տղաք, երիտասարդներ, իրենց անմիջական հրամանատարներուն հետ, իրենց կեանքի գնով կասեցուցին դաւադիր ներխուժումը ու ետ մղեցին նենգ թշնամին: Այսօր ցաւով, բայց հպարտութեամբ կը յիշենք մեր հերոսները, որոնք իրենց քաջագործութեամբ, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ նոր սերունդին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Կինը Եւ Ընտանիքը» Ցուցահանդէս 11 մարտին, Հալէպի բերդին շուրջ, Հալէպի Առեւտուրի պալատի Գործարար կիներու յանձնախումբին կազմակերպած «Կինը եւ ընտանիքը» 10-րդ քառօրեայ ցուցահանդէսը հասաւ իր աւարտին: Յանձնախումբի նախագահ Լինա Աշրաֆիէն յայտնեց, որ նախորդ 4 օրերուն ցուցահանդէսի այցելուներուն թիւը անցաւ 50 հազարը: Ցուցահանդէսը առիթ էր նաեւ իւրաքանչիւր հալէպցի ընտանիքի` այցելելու հին Հալէպի շրջանը եւ Հալէպի բերդը, որոնք հնագիտական...

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Մարտ Ե. –   Զարգանալ` Առանց Զիջելու

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Մարտ Ե. – Զարգանալ` Առանց Զիջելու

Մարտ ամսուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող ամենակարեւոր եղելութիւնները Արցախի նախագահին եւ պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական եւ ներհայկական հանդիպումներն ու այցելութիւններն էին: Գլխաւոր նորութիւնը Արցախի նախագահին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք այցելութիւնն էր, յատկապէս  ելոյթ ունենալը երկրի օրէնսդիր կառոյցին` Քոնկրեսի շէնքին մէջ: Ծերակոյտի անդամներ եւս ելոյթ ունենալով` ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է Արցախի միջազգային ճանաչումին նոր որակ հաղորդել, որովհետեւ...

Ուրացող Պետութիւնը

«Մեծ Աւետիս»-ը Յաջորդով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Քրիստոսի յարութեան հրաշքը տօն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Ամէն տարի, գարնան կիրակիներուն զուգադիպող այդ տօնը կը նշենք մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ: Կ՛երեւի նախնիները տօնական տրամադրութիւնը ա՛լ աւելի բարձրացնելու համար նախապէս պարտադրեր են եօթը շաբաթուան զրկանքներու երկար շրջան մը: Յատկապէս Մեծ պահքի վերջին օրերուն ժողովուրդը առաջնորդեր են դէպի սուգի հոգեբանութիւն: Աստուածաշունչի թարգմանիչ վարդապետները Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը նկարագրեր են`...

Այսպէս Դիմաւորեցինք Գարունը

Այսպէս Դիմաւորեցինք Գարունը

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Գարնան եղանակը թեւակոխելով`  ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Վարժարանին բոլոր յարկերն ու գրասենեակները գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած էին: Դասարաններու մուտքի թէ ներսի պատի թերթերը կը ցոլացնէին գարունը:  Գարնանային աշխուժութիւնը տարածուած էր վարժարանին մէջ ամէնուրեք: Կրթական առօրեային կողքին, վարժարանը ունեցաւ ընկերային առօրեայ մը,  որ  աշակերտներուն փոխանցեց  դաստիարակիչ  այլ մթնոլորտ մը:    Մանկապարտէզի փոքրիկները դաշտ գացին` վայելելու նոր...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ ւ Եւ Որո՛ւն Կը Քուէարկենք

Ս. Մ. Երբ քուէարկելու մասին կը խօսինք, մեր մտածումներն ու յիշողութիւնը պտոյտի չեն ելլեր դէպի հին ժամանակներ կամ միջնադար, երբ իշխանաւորները յաճախ «ի վերուստ տնօրինուած» էակներ էին եւ անոնց ըսածն ու արարքները անվիճելի էին ու անյեղլի: Յետոյ, մարդկային ընկերութիւնը զարգացում ապրեցաւ, քաղաքական միտքի յառաջընթաց տեղի ունեցաւ, իշխանաւորի ու ենթակայի իրաւունքներու-պարտականութիւններու սահմանումներ տեղի ունեցան, այդ բոլորը մարդկութիւնը հասցուցին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ տարազներու, որոնց...

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ներկայութեամբ ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Քարլոս Խէյրալլայի, Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութիւնը ( A.D.A.L. Association des Dentistes Arméniens du Liban)  16 մարտ 2018-ին ընթրիքով մը նշեց  իր արծաթեայ յոբելեանը`  հիմնադրութեան 25-ամեակը: Այս յատուկ առիթով միութեան վարչութիւնը պատուեց լիբանանահայ եօթը երէց ատամնաբուժներ` աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելով յոբելեանը: Արդարեւ, ներկայութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, Լիբանանեան համալսարանի եւ Արաբական համալսարանի ատամնաբուժական...

Համաժողով` Նուիրուած  Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին.   (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

Համաժողով` Նուիրուած Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին. (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  հարիւրամեակի  նշումը կազմակերպող ու համակարգող յանձնախումբը կարելի չեղաւ գործի մղել Հայոց ցեղասպանութեան համազգային յանձնաժողովին համազօր հեղինակութեամբ. թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ: Փաստօրէն, սակայն, այդ թերացումը սրբագրեց Կիլիկիոյ հայրապետ  Արամ Ա. կաթողիկոսը:  Նման յանձնաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը կը բխէր այդ տօնախումբին տալու նոյն հնչեղութիւնը, ինչ որ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին,  որովհետեւ կարեւորութիւնը  տեսանելի է առաջին իսկ անդրադարձին, մանաւանդ երբ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Լեւոն Շանթի գրականութիւնը ընդհանրապէս անկարելի է հասկնալ եւ տպաւորուիլ` առանց անդին անցնելու գրուածի հեքիաթային անմիջականութենէն, առանց տեսնելու խորհրդանիշները, անկախաբար տուեալ ժամանակէն եւ պատմական անուններէն, քանի որ խորհրդանիշներու ետին գտնուող գաղափարները, ցանկութիւնները մարդն իսկ են, մարդը, որ կար երէկ, կայ այսօր. սէր, փառք, իշխանատենչութիւն: Իշխանատենչութեան հարցը այնքան տիրական է մեր օրերուն նաեւ, որ քիչ մը երեւակայութեամբ կը տեսնենք, որ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Բանաձեւերը. Մաս 2

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ       «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ շաբաթ ներկայացուցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` 1993-ին ընդունած չորս բանաձեւերէն երկուքին խեղաթիւրումները Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ այժմ կը ներկայացնեմ մնացած երկուքը: Հատուածներ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 874 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 14 հոկտեմբեր 1993-ին. «Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն` մնայուն եւ արդիւնաւէտ դարձնել հրադադարը, որ հաստատուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան oժանդակութեամբ ձեռնարկուած ուղիղ շփումներու իբրեւ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւններու Խորհրդաժողովը 28-30 մարտ 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով, որուն կը մասնակցէին 35 ներկայացուցիչներ` 16 երկիրներէ (Աւստրալիա, Արժանթին, Ուքրանիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ, Ֆրանսա, Հոլանտա, Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Հայաստան, Արցախ եւ այլուր): Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս...

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ.  Քաթալոնիա` Քաղաքականօրէն Եւ Տնտեսականօրէն Ազդեցիկ Երկրամաս

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիա` Քաղաքականօրէն Եւ Տնտեսականօրէն Ազդեցիկ Երկրամաս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Քաթալան Ազգայնական Եւ Մշակութային Շարժումը Եւ Քաղաքական Կազմակերպութիւններ Սպանիոյ մէջ թագաւորութեան վերականգնումէն ետք, 1874-ին, գահ բարձրացած էր Իզապէլ Բ. թագուհիի որդին` Ալֆոնսօ ԺԲ.: Ան մահացաւ 1885-ին, 28 տարեկանը թեւակոխելէն երկու օր առաջ: Անոր յաջորդեց որդին` Ալֆոնսօ ԺԳ. որ ծնաւ հօր մահէն ետք, 1886-ին եւ ծնած օրէն թագաւոր հռչակուեցաւ: Մայրը` Մարիա Քրիսթինա խնամակալուհի եղաւ մինչեւ 16 տարեկան թեւակոխելը:...

Խմբագրական.  Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ)  Սահմաններ. Միջազգային  Ամրագրման Նախադրեալներ

Խմբագրական. Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ) Սահմաններ. Միջազգային Ամրագրման Նախադրեալներ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երկու տարի անց այսօրուան իրավիճակին մասին որոշ երեւոյթներու ընդգծումներ կարելի է կատարել: Ապրիլեան պատերազմը ըստ էութեան զերօ կէտ վերադարձուց արցախեան բանակցային գործընթացը: Նման յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով եւ իր առջեւ դրած ռազմական առաջադրանքը իրականացնել չկարենալով Պաքուն այս ձեւով նուազ արձանագրեց նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ: Բանակցութիւններու թեման թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Փեթերսպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ ըստ էութեան կազմեցին ոչ թէ...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ընտրական Քրոնիկ. Ապրիլեան Աւանդութեան Տրամաբանական Զարգացումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երկուշաբթի, 26 մարտի կէս գիշերին աւարտեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրացանկերու արձանագրման ժամկէտը: Արձանագրուած են 77 ընտրացանկեր: Մուսթաքպալ հոսանքը առաջին օրէն իսկ յայտարարեց, թէ կը բացառէ միայն Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինքը: Ընտրացանկերու կազմութենէն ետք կարելի է տեսնել, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած հոսանքը հաստատ մնացած է իր կեցուածքին վրայ: Նոյնը, սակայն, կարելի չէ ըսել Փաղանգաւոր կուսակցութեան պարագային, որ շարունակ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհիկութիւնը` Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Գ. Քոլոմպիոյ Ազատական Կուսակցութեան Օրինակը Քոլոմպիոյ քաղաքական համակարգը հիմնուած է երկու կուսակցութիւններու սկզբունքին վրայ. առաջինը Ազատական կուսակցութիւնն է (հակառակ իր անունին` անիկա կը դաւանի ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը եւ անդամակցած է Ընկերվար միջազգայնականին), որ կը նախընտրէ կրօնի անջատումը քաղաքականութենէն (պետութենէն), իսկ երկրորդը Պահպանողական կուսակցութիւնն է, որ պատմութեան ընթացքին թիկունք կանգնած էր կղերականութեան իշխանութեան ու կը ջանար քաղաքականացնել եկեղեցին եւ կրօնականացնել քոլոմպիական...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Դարձեա՞լ Մեկուսացած

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 15 մարտին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին լոյսին տակ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց իր ուրախութիւնը` Կովկասի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական ծրագիրներու քննարկման համար: Այս ծրագիրներէն դարձեալ դուրս կը մնար Հայաստանը` ազրպէյճանական եւ թրքական ճնշումներուն պատճառով: Մինչեւ օրս Պաքու կրցած է մեկուսացնել Հայաստանը կովկասեան տնտեսական եւ ուժանիւթային ծրագիրներէն: Սակայն...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Ներառումի Պահանջով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք...

Page 708 of 1110 1 … 707 708 709 … 1,110

Արխիւներ