Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւններու Խորհրդաժողովը
28-30 մարտ 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով, որուն կը մասնակցէին 35 ներկայացուցիչներ` 16 երկիրներէ (Աւստրալիա, Արժանթին, Ուքրանիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ, Ֆրանսա, Հոլանտա, Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Հայաստան, Արցախ եւ այլուր):
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանը:
Եռօրեայ խորհրդաժողովի մասնակիցները նախ զեկուցեցին անցնող երկու տարիներուն իրենց պատկան միութեան գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ապա ունկնդրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութեան զեկոյցը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քննարկում` «Հանրային կապի հարցը ՀՅԴ երիտասարդական դաշտին մէջ», «ՀՅԴ Երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական աշխատանքները», «Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ», «Պատանեկան ճամբարներ», «Դաստիարակչական նիւթեր» եւ այլ հարցերու շուրջ: Մանրամասնօրէն քննարկուեցան ՀՅԴ երիտասարդականին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, եւ առաջարկներ ներկայացուեցան լուծումներու ու հետագայ կատարելիքներու վերաբերեալ:
Մարտ 29-ին խորհրդաժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ, որ խօսեցաւ «Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական իրավիճակն ու ՀՅԴ դերն ու կատարելիքները» նիւթին մասին եւ պատասխանեց երիտասարդներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Առանձին զեկոյցներով ՀՅԴ Բիւրոյի Հանրային կապի գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանը ներկայացուց «ՀՅԴ հանրային կապի ռազմավարութեան հիմնադրոյթները», իսկ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը` «Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ» թեմաները:
Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Աւարտին խորհրդաժողովի մասնակիցները որդեգրեցին ստորեւ ներկայացուած յայտարարութիւնը:
– Լսելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վերաբերեալ համապարփակ զեկոյց,
– Քննարկելով հայրենիքի եւ սփիւռքի երիտասարդութեան առջեւ ծառացած ազգային, կրթական եւ ընկերային խնդիրները,
– Քննարկելով ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները,
– Անդրադառնալով միութիւններու կազմակերպական կարողականութիւններու շարունակական զարգացման ու արդիականացման խնդիրներուն,
– Արձանագրելով արտաքին-յարաբերական ոլորտին մէջ ՀՅԴ երիտասարդականին ձեռք բերած յաջողութիւնները,
– Քննարկելով միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող պատանեկան ճամբարներուն հարցերը,
– Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով ՀՅԴ երիտասարդականին ընելիքներուն,
Կը յայտարարենք`
– Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու երիտասարդութեան կրթական, ընկերային եւ քաղաքական խնդիրները կը շարունակեն անհանգստացնող մնալ` պատճառ դառնալով երիտասարդներու կրթական մակարդակի ոչ բաւարար ըլլալուն, ընկերային դժուարութիւններուն, աշխատաշուկայի անհամաչափութեան եւ քաղաքական կարելիութիւններու անհաւասարութեան, որոնք պետութեան բացթողումն են: Ուստի այս խնդիրները կը շարունակեն մնալ ՀՅԴ երիտասարդականի սեւեռուն ուշադրութեան կեդրոնը:
– Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը ՀՅԴ երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական աշխատանքներուն քաղաքական հիմնական առաջնահերթութիւններէն է:
– Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով ՀՅԴ երիտասարդականը պէտք է կազմակերպէ ձեռնարկներ` թէ՛ տեղական, թէ՛ համահայկական մակարդակներու վրայ:
– Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան առաւելագոյն արդիւնաւորման իմաստով, երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս ՀՅԴ երիտասարդականը ունին իրենց ուրոյն յանձնառութիւնը:
– Անհրաժեշտ է սփիւռքի համայնքներուն մէջ բարձրացնել հայ երիտասարդութեան համայնքային, կազմակերպական եւ քաղաքական ներգրաւուածութեան մակարդակը:
– Կարեւոր կը նկատուի միութիւններու աշխատանքներու պատշաճ լուսաբանումը` հանրային կապերու ժամանակակից գործիքակազմի լայն կիրառմամբ:
– Սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն կազմակերպութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ իրականացուող պատանեկան ճամբարները կը գնահատուին դրական ու պէտք է շարունակուին` այդ եւ այլ ուղիներով նպաստելով հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, փոխճանաչողութեան բարձրացման` երիտասարդական-պատանեկան հարթութեան վրայ:
ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները` յառաջիկայ երկու տարուան համար նախանշելով ՀՅԴ երիտասարդականի կազմակերպական եւ քաղաքական հիմնական կատարելիքները:
Յարգանք` Ապրիլեան Պատերազմի Նահատակներուն
2 ապրիլի կանուխ առաւօտէն Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը կ’եռար այցելուներով, որոնց մէջ էին` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներուն հարազատները, զինուորականներ, ուսանողներ, դպրոցականներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, Հայաստանի բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեանն ու բարձրաստիճան սպաներ: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը սահմանի պաշտպանութեան համար զոհած եւ թշնամիին սանձազերծած յարձակումին հակազդած հերոսներուն, որոնցմէ ինը թաղուած են Եռաբլուրի մէջ:
***
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ապրիլեան պատերազմը մեծ դաս եւ փորձառութիւն կը նկատէ հայկական բանակին համար:
Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Եռաբլուր պանթէոն այցելած զօրավար Յակոբեանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ ապրիլեան պատերազմին յաջորդած երկու տարիներուն բաւականին մեծ աշխատանք տարուած է պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրները վերացնելու ուղղութեամբ:
«Հակառակորդը այդպիսի ռազմական գործողութիւն այլեւս ի վիճակի չէ իրականացնելու, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ատիկա բաւարար է: Պատերազմը այնպիսի երեւոյթ է, որ հակառակորդը անընդհատ նոր ձեւեր ու մեթոտներ կը փնտռէ գերակայութիւն ձեռք բերելու համար, եւ մենք աշխատանքներ կը տանինք այդ ուղղութեամբ», նշեց Յակոբեանը:
Հարցումին` թէ հայկական զինուած ուժերը ե՞րբ պիտի վերադարձնեն Լելէ Թեփէ բարձունքը, Մովսէս Յակոբեանը պատասխանեց` «Երբ ատոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ»:
***
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը այս առիթով հաստատեց, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք անհրաժեշտ եզրակացութիւններ կատարուած են, դասեր քաղուած են, եւ հսկայ աշխատանք տարուած է հայկական զինեալ ուժերուն մարտունակութիւնը աւելի բարձրացնելու, սահմանագիծը աւելի ամուր դարձնելու համար:
«Արմէնփրես»-ին հետ իր զրոյցին ընթացքին Դաւիթ Բաբայեանը ընդգծած է հայկական հզօր բանակ ունենալու կարգաւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար: «Այն խաղաղութիւնը, որ գոյութիւն ունի, տեղ մը պարտադրանքի արդիւնք է, որովհետեւ Ազրպէյճանի նման յարձակողապաշտ պետութիւն մը ուրիշ լեզուով չի հասկնար: Միջազգային հանրութիւնն ալ պէտք է այս ամէնը նկատի առնէ եւ այնպէս ընէ, որ խաղաղութիւնը ոչ թէ պարտադրանքի արդիւնք ըլլայ, այլ` համոզումի, որովհետեւ երկիր մը, որ էութեամբ ահաբեկչական է եւ այդ ահաբեկչական քաղաքականութիւնը կը վարէ նոյնիսկ իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ, բնական է, որ խաղաղութիւնը որպէս գերագոյն արժէք պիտի չդաւանի», մանրամասնեց Բաբայեանը:
Դաւիթ Բաբայեանը շատ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք սերտ համագործակցութիւնն ու այդ եռամիասնութեան ամրապնդումը: Անոր կարծիքով, միջազգային հանրութիւնը շահագրգռուած է մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով, սակայն, եթէ յարձակումի քաղաքականութիւնը շարունակուի, միջազգային հանրութեան արձագանգը կրնայ ուշանալ, եթէ մենք ուժեղ չըլլանք:
«Արժանթինի Հայկական Հաստատութիւններ» Կազմակերպութեան Նախագահը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը վերջերս ընդունեց «Արժանթինի հայկական հաստատութիւններ» կազմակերպութեան նախագահ, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց ազգային գործիչին` Արժանթինի հայ համայնքի պահպանման եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդմանն ուղղուած հայանպաստ գործունէութիւնը, պատշաճ ուշադրութիւնը` լեզուին եւ ինքնութեան պահպանութեան հարցերը:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը ներկայացուց մէկ տարի առաջ Արժանթինի հայ համայնքի ութ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արժանթինի հայկական հաստատութիւններ» կազմակերպութեան իրականացուցած աշխատանքները, խօսեցաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Քննարկուեցան Արժանթինի մէջ 2018 թուականին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100, Երեւանի 2800, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 10-ամեակներու յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման հարցերը:
«Արժանթինի հայկական հաստատութիւններ» կազմակերպութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց` աշխուժացնելու համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ, յոբելենական օրերուն մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, ֆլեշմոպեր կազմակերպելու:
Հայաստան Կը Մշակէ Զբօսաշրջային Երկիր Դառնալու Լուրջ Ծրագիր
Զօրաց քարերու եւ Խոր Վիրապի տարածքները պիտի վերածուին զբօսաշրջային կեդրոններու: Հայաստանի մէջ պիտի բարեկարգուին զբօսաշրջական վայրերը եւ պիտի կառուցուին նոր կեդրոններ:
Համաշխարհային դրամատան եւ կառավարութեան միջեւ կնքուած վարկային համաձայնագրով կը նախատեսուի Արարատի, Կոտայքի, Լոռիի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Շիրակի մարզերուն մէջ զբօսաշրջային զարգացման ռազմավարութեան եւ տեղական տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիր իրականացնել, ինչ որ պիտի նպաստէ պատմական մշակութային, հոգեւոր եւ ճարտարապետական յուշարձաններու շրջակայքը զբօսաշրջային գօտիներու եւ սպասարկման կառոյցներու ստեղծման, տարածքային ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ զարգացման:
Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Գառնիի մէջ կը նախատեսուի` Քարերու սիմֆոնիա բնական յուշարձանին յարող տարածքի բարեկարգում եւ դէպի յուշարձան տանող ճանապարհի վերակառուցում, Գիւմրիի մէջ «Կումայրի» պատմական մշակութային արգելոցային գօտիի բարեկարգում, Սիւնիքի մէջ` Զօրաց քարեր բնական յուշարձանին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում, դէպի Տաթեւ վանական համալիր տանող ճանապարհի վերակառուցում, իսկ Արարատի մէջ` Խոր Վիրապ վանական համալիրին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում:
Ասիական զարգացման դրամատան աջակցութեամբ կը նախատեսուի կեանքի կոչել «Երկրորդական քաղաքներու մէջ` իբրեւ աճի բեւեռ, առաջնահերթ հարցերու լուծման ծրագիրը», մասնաւորապէս Վանաձորի, Ծաղկաձորի, Սեւանի, Ջերմուկի մէջ պիտի իրականացուի քաղաքային միջավայրի, զբօսաշրջային եւ հանգստեան վայրերու բարեկարգման, ճանապարհներու վերականգնման, պատմական մշակութային կառոյցներու պահպանման եւ բարելաւման գործընթացը:
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան Գումարեց Տարեկան Իր Ընդհանուր Ժողովը
28 մարտին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ակադեմիայի 2017 թուականի գիտական եւ կազմակերպական գործունէութեան հիմնական արդիւնքներուն նուիրուած տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ եղաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեանը ներկայացուց ակադեմիայի գիտական գործունէութեան կարեւորագոյն եւ կիրառական արդիւնքները, անդրադարձաւ` հաշուետու տարուան միջազգային համագործակցութեան ուղղութեամբ ակադեմիային կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն, միջազգային գիտական կառոյցներու մէջ ակադեմիայի ներգրաւուածութեան եւ միջազգային գիտաժողովներուն մասնակցութեան, գիտական հետազօտական աշխատանքներուն:
Ռադիկ Մարտիրոսեանը ներկայացուց նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական աշխատանքներու տարեկան ֆինանսաւորման վերաբերեալ ցուցանիշները: Ան խօսեցաւ նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կողմէ երիտասարդ գիտական գործիչներու պատրաստման ու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ համալսարանական համակարգի համագործակցութեան արդիւնքներուն մասին:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 2017 թուականի գիտական կազմակերպական գործունէութեան մասին զեկուցեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս-քարտուղար, թղթակից անդամ Հրանդ Մաթէոսեանը:
Ժողովին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ Պաւել Աւետիսեանը ներկայացուց «Քաղաքական կրթութիւններու եւ ժամանակներու խաչմերուկին մէջ. Հայաստանը` ըստ նորայայտ հնագիտական տուեալներու» գիտական զեկուցումը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ գիտնականներու հետ իր հանդիպումներն ու ակադեմիայի տարեկան ժողովներուն աւանդաբար մասնակցութիւնը ոչ միայն յարգանքի դրսեւորում է գիտնականներու նկատմամբ, այլեւ գիտական հանրոյթի հարցերէն, գործունէութեան, գիտութեան վիճակին ծանօթանալու եւս մէկ եւ շատ լաւ կարելիութիւն է: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ գիտնականներու հետ պարբերաբար տեղի ունեցող հանդիպումները, իր կարծիքով, նոյն կերպով պիտի շարունակուին, որովհետեւ պետութեան պահանջները եւ ակնկալիքները հայ գիտնականներէն շատ մեծ են: