Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիա` Քաղաքականօրէն Եւ Տնտեսականօրէն Ազդեցիկ Երկրամաս

April 4, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Քաթալան Ազգայնական Եւ Մշակութային Շարժումը Եւ Քաղաքական Կազմակերպութիւններ

Սպանիոյ մէջ թագաւորութեան վերականգնումէն ետք, 1874-ին, գահ բարձրացած էր Իզապէլ Բ. թագուհիի որդին` Ալֆոնսօ ԺԲ.: Ան մահացաւ 1885-ին, 28 տարեկանը թեւակոխելէն երկու օր առաջ: Անոր յաջորդեց որդին` Ալֆոնսօ ԺԳ. որ ծնաւ հօր մահէն ետք, 1886-ին եւ ծնած օրէն թագաւոր հռչակուեցաւ: Մայրը` Մարիա Քրիսթինա խնամակալուհի եղաւ մինչեւ 16 տարեկան թեւակոխելը:

Սպանիա 1898-ին պարտուած դուրս եկած էր Միացեալ Նահանգներու դէմ պատերազմէն եւ կորսնցուցած իր գաղութային կայսրութեան վերջին բեկորները: Պատերազմը Սպանիոյ պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ Էլ Տեսասթրէ (աղէտ): Մտաւորականներու շրջանակին մէջ կազմաւորուած էր այսպիսի կոչուած «98-ի սերունդ»-ը:

Սպանիա 1884-ին գաղութացուց Արեւմտեան Սահարան, իսկ 1912-ին խնամակալութիւն հաստատեց Սպանական (հիւսիսային) Մարոքի վրայ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Թեթուանը: Սպանիա Հասարակածային Կուինէան գաղութացուցած էր 1778-ին. 1827-ին բրիտանացիք գրաւած էին շրջանը, բայց 1844-ին վերահաստատուած էր սպանական գերիշխանութիւնը. անիկա ափրիկեան միակ երկիրն է, ուր սպաներէնը պաշտօնական լեզու է:

Քաթալոնիա Սպանիոյ ճարտարարուեստի կեդրոնը դարձած էր եւ քաղաքականօրէն ու տնտեսականօրէն ամէնէն ազդեցիկ երկրամասը կը նկատուէր: Յատկապէս հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստը մեծապէս զարգացած էր:

Ճարտարարուեստի արագ զարգացման պայմաններուն տակ Քաթալոնիոյ գիւղական շրջանները կը պարպուէին, իսկ քաղաքները անհամեմատօրէն կը խճողուէին: Պարսելոնայի եւ այլ քաղաքներու մէջ բանուորական թաղամասեր կազմաւորուած էին, յաճախ զուրկ կենցաղային տարրական պայմաններէ:

Քաթալոնիոյ մէջ նաեւ ճամբաներ բացուեցան, հեռաձայնի եւ հեռագրական գիծեր հաստատուեցան եւ գրադարաններ հիմնուեցան: Քաթալան ազգայնական շարժումը սկսաւ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ հիմնուեցան:

***

Էնրիք Փրաթ տէ լա Ռիպա

Էնրիք Փրաթ տէ լա Ռիպա ծնած էր 1870-ին, Քասթերթերսոլ (Վալէս Օրիէնթալ, Միջերկրականի ծովահայեաց գօտի): Պարսելոնայի եւ Մատրիտի համալսարաններէն շրջանաւարտ իրաւաբան եւ գրագէտ, ուսանողական տարիներէն քաթալան ազգայնականութեան յարեցաւ եւ 1887-ին Քաթալան ազգայնական խմբակցութեան անդամ եղաւ: Ունիօ Քաթալանիսթա կազմակերպութեան կազմաւորման մէջ մեծ դեր ունեցաւ եւ անոր հռչակագիրը գրեց, իսկ 1891-ին կազմակերպութեան քարտուղարը եղաւ:

Փրաթ տէ լա Ռիպա քաթալան ազգայնականութեան գաղափարախօսը եղաւ եւ «Լա Ռընէյքէնսա» պարբերաթերթին մէջ ազգայնաշունչ բովանդակութեամբ յօդուածներ ստորագրեց:

Փրաթ տէ լա Ռիպա հեղինակն է «Լա Նասիոնալիսթաթ Քաթալանա» (Քաթալան ազգայնականութիւնը) գիրքին, ուր ան կ՛արծարծէ պատմական հարցեր, կը նկարագրէ քաթալան պետական աւանդական հաստատութիւնները, Պորպոններու հարստութեան հաստատումը եւ անոր յաջորդող պատերազմները: Ան յատուկ կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէ իր ժամանակի քաթալան մշակութային զարթօնքը եւ դէմ կ՛արտայայտուի սպանական կեդրոնացեալ պետական դրութեան:

Քաթալան ուսումնասիրութիւններու հաստատութիւնը հիմնուեցաւ 1907-ին եւ Փրաթ տէ լա Ռիպա անոր առաջին նախագահը եղաւ:

Քաթալան հասարակապետութիւնը կազմուեցաւ 1914-ին եւ Փրաթ տէ լա Ռիպա անոր առաջին նախագահը եղաւ: Ան մահացաւ 1917-ին, Պարսելոնայի մէջ:

***

Ֆրանսեսք Քամպօ

Ֆրանսեսք Քամպօ ծնած էր 1876-ին, Վերկէս (Կիրոնա նահանգին մէջ): Վերկէս նշանաւոր է իր Աւագ Հինգշաբթիի մահուան պարով: Մահուան պարը միջնադարուն տարածուած էր Եւրոպայի մէջ, բայց այժմ միայն Վերկէսի մէջ պահպանուած է:

Գլխաւորաբար Քամպոյի ջանքերով 1901-ին Ունիա Քաթալանիսթա եւ Սենթէր Նասիոնալ Քաթալա կազմակերպութիւնները միացան եւ կազմուեցաւ Լիկա Ռեկիոնալիսթա տէ Քաթալունիան: Հիմնադիր անդամներ էին Էնրիք Փրաթ տէ լա Ռիպա, Սեպասթիա Թորրէս, Ալպէրթ Ռուսինիոլ, Պարթոմէօ Ռոպէրթ, Լուիս Տոմէնչ, Ակուսթի Ռիերա, Խուան Վենթոսա եւ Ռամոն տ՛Ապատալ:

Լիկա Ռեկիոնալիսթա տէ Քաթալունիա, ազգայնական, պահպանողական, քրիստոնեայ եւ թագաւորական սկզբունքներով եւ Մեծ Սպանիոյ (Փեր լ՛Էսփանիա Կրան) տեսլականով, Քաթալոնիոյ քաղաքական ամէնէն ազդեցիկ ուժը եղաւ: Կուսակցութեան օրկանը 1899-ին հիմնուած «Լա Վէու տէ Քաթալունիա» թերթը եղաւ:

Ֆրանսեսք Քամպօ առաջին անձերէն եղաւ, որ Քաթալոնիոյ համար ինքնավար կառավարութիւն կը նախատեսէր, բայց հանգրուանային կերպով: Ան քանի մը անգամ երեսփոխան ընտրուեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանին, եւ նախարարական պաշտօններ վարեց:

Քամպօ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1936-1939) ազգայնականներուն միացաւ այն հիմնաւորումով, որ հանրապետականներու յաղթանակի պարագային Սպանիա Խորհրդային Միութեան արբանեակ երկրի պիտի վերածուէր:

Քամպօ հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու: Ան մահացաւ 1947-ին, Արժանթինի մէջ:

***

Նուսենթիսթա մշակութային շարժումը սկսաւ Ի. դարուն սկիզբը, ընդդէմ արդիականութեան, եւ դասականութեան վերադառնալու սկզբունքով: Անոր առաջին ներկայացուցիչները եղան Խոսէփ եպիսկոպոս Թորրաս (1846-1916, գրագէտ), Խուան Ալքովէր (1854-1926, գրագէտ), Ռաֆայէլ Մասօ ի Վալենթի (1880-1935, ճարտարապետ), Խոաքիմ Սունիէր (1874-1956, նկարիչ) եւ Մանուէլ Մարթինէս Հուկուէ (1872-1945, քանդակագործ):

Նուսենթիսթայի հետեւորդները կը գտնէին, որ իբրեւ Սպանիոյ ամէնէն ճարտարարուեստականացած եւ հարուստ շրջանը, Քաթալոնիա սպանական պետութեան կազմին մէջ պէտք է աւելի բարգաւաճի, քաղաքականութեան մէջ աւելի ազդեցիկ պէտք է ըլլայ եւ իր որոշումներուն մէջ` անկախ:

Նուսենթիսթա կ՛առաջադրէր քաթալան աւանդական հաստատութիւններու եւ իրաւունքներու վերականգնում: Շարժման սկզբունքներն էին` պահպանողականութիւն, կաթոլիկութիւն եւ քաթալանականութիւն:

Քաթալոնիա սպանական պետութեան եւ ընկերութեան առաջնորդող ուժը պէտք է ըլլար: «Իտէալ Քաթալոնիան» պէտք էր վերականգնել իբրեւ «իրական Քաթալոնիա»:

Գործնական իմաստով Նուսենթիսթայի հետեւորդները կ՛առաջադրէին. ա) Սպանիան բարեկարգել իրենց սկզբունքներուն համաձայն, բ) քաթալաներէն լեզուն զարգացնել, եւ գ) նեցուկ հանդիսանալ քաթալան լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման:

Նուսենթիսթայի հետեւորդներէն եղան Էօկենի տ՛Օրս (1881-1954, գրագէտ), Խոսէփ Քարնէր (1884-1970, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ), Փոմփէու Ֆապրա (1868-1948, ճարտարագէտ եւ քերականագէտ),  Խոսէփ Փուիկ (1867-1956, ճարտարապետ) եւ Խոսէ Օրթեկա (1883-1955, փիլիսոփայ):

Էօկենի տ՛Օրս 1906-ին «Լա Վէու տէ Քաթալոնիա» թերթին խմբագիրը եղաւ, 1911-ին` Քաթալան ուսումնասիրութիւններու հաստատութեան քարտուղարը: 1923-ին Մատրիտ փոխադրուեցաւ եւ 1927-ին սպանական ակադեմիայի անդամ եղաւ: Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, 1938-ին, ազգայնական գօտիին մէջ, Պուրկոսի Գեղեցիկ արուեստներու կեդրոնին տնօրէնը եղաւ: Հեղինակ է քաթալաներէն եւ սպաներէն լեզուով շարք մը աշխատութիւններու:

***

Սպանիա Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918) չէզոքութիւն պահեց: Սպանական Մարոքի մէջ, Ռիֆի պատերազմը սկսաւ 1920-ին, սպանական բանակներուն եւ պերպէր ցեղախումբերուն միջեւ: Պատերազմը պատճառ դարձաւ հսկայական կորուստներու եւ անհաշիւ գումարներու վատնումի: Աֆրիքանիսթաս (ափրիկեցիներ) անունով ճանչցուած մտածողութեան հետեւորդներ կ՛առաջարկէին սպանական նոր կայսրութիւն մը կազմաւորել Ափրիկէի մէջ: Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւոր ընդդիմադիրներու կողմէ կոչուեցաւ «Ալֆոնսօ էլ Աֆրիքանօ»:

Զօրավար Միկէլ Փրիմօ տէ Ռիվերա

Զօրավար Միկէլ Փրիմօ տէ Ռիվերա 13 սեպտեմբեր 1923-ին Պարսելոնայի մէջ պետական հարուած կազմակերպելով տիրացաւ իշխանութեան եւ ցրուեց խորհրդարանը: Սեպտեմբեր 15-ին թագաւորը զինք վարչապետ նշանակեց:

Փրիմօ տէ Ռիվերա ստիպողական վիճակ հռչակեց, սահմանադրութիւնը առկախեց եւ նահանգներուն մէջ զինուորական կառավարիչներ նշանակեց: Անջատողականները չէզոքացնելու առաջադրանքով Պասք երկրամասին եւ Քաթալոնիոյ մէջ հալածանքներ սկսան:

Փրիմօ տէ Ռիվերա, Ռիֆի մէջ սպանական բանակներուն հսկայական կորուստներուն ի տես որոշեց վերջ տալ գաղութային քաղաքականութեան եւ քաշել սպանական զօրքերը: Բայց երբ մարոքցիք 1925-ին յարձակման անցան ֆրանսական զօրքերուն վրայ, ան Ափրիկէ մեկնելով ղեկավարեց կռիւները: Ֆրանսական եւ սպանական զօրքերը 1927-ին նուաճեցին Ռիֆի ցեղախումբերը:

Երկրին տնտեսութիւնը վերականգնելու առաջադրանքով Փրիմօ տէ Ռիվերա առաջին հերթին ձեռնարկեց ճամբաներու կառուցման: 1924-ին բացուեցաւ Պարսելոնայի մեթրոն: Տուէրօ եւ Էպրօ գետերուն վրայ ամբարտակներ կառուցուեցան եւ առաջին անգամ ըլլալով գիւղական կարգ մը շրջաններու ելեկտրականութիւն տրուեցաւ:

Քաթալաններուն դէմ հալածանքներ սկսան եւ քաթալաներէնը օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ: Քաթալան մշակութային վերելքը սանձելու համար կտրուկ քայլեր առնուեցան: Եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակ քաթալաներէնի օգտագործումը արգիլուեցաւ: Քաթալան սարտանա շուրջպարը նոյնպէս արգիլուեցաւ:

Փրիմօ տէ Ռիվերայի նշանաբանն էր` «Պետութիւն, կրօն, թագաւորութիւն». իր նեցուկը կը հանդիսանային բանակը եւ եկեղեցին: Ան ծանր տուրքեր դրաւ, երկրին տնտեսութիւնը տկարացաւ եւ դժգոհութիւնները սաստկացան: Սենտիքայական, անիշխանական եւ ընկերվարական շարժումները զօրացան եւ խռովութիւններ սկսան. ծայր առին քաղաքական ահաբեկումներ:

Ընդդիմութեան գլխաւոր կեդրոնը Քաթալոնիան էր, ուր խառնակութիւնները անպակաս էին, իսկ բանուորները օրական ութ ժամուան աշխատանքի համար պայքար կը մղէին:

Սպանիոյ մէջ 1929-ին հունձքը տկար եղաւ եւ գիւղական շրջաններուն մէջ թշուառութիւնը ծայր աստիճանի հասաւ: Թագաւորը եւ բանակը հեռացան Փրիմօ տէ Ռիվերային, եւ անոնց նեցուկը կորսնցնելէ ետք ան հրաժարեցաւ 28 յունուար 1928-ին:

***

Ասսիօ Քաթալանա կուսակցութիւնը հիմնուած էր 1922-ին, հանրապետական, քաթալան ազգայնական եւ ընկերվարական ազատական սկզբունքներով: Իսկ Քաթալան ընկերվարական միութիւնը հիմնուեցաւ 1923-ին:

Ֆրանսեսք Մասիա

Ֆրանսեսք Մասիա, ծնած` 1859-ին, Պարսելոնայի նահանգի ծովափնեայ Վիլանովա ի լա Կելթրու քաղաքը, սպանական բանակի գնդապետ էր: Պարսելոնայի մէջ քաթալան լեզուով լոյս տեսնող «Քուքութ» պարբերաթերթին մէջ ստորագրած յօդուածի մը համար 1905-ին դատապարտուեցաւ եւ բանակէն արձակուեցաւ: Իսկ «Քուքութ» 1905 դեկտեմբերէն մինչեւ 1906 ապրիլ, վեց ամիսով փակուեցաւ:

«Քուքութ»-ի փակման պայմաններուն տակ քաթալան քաղաքական կուսակցութիւններ 1906-ին միացան եւ կազմեցին Քաթալան համերաշխութիւնը (Սոլիթարիթաթ Քաթալանա):

Ֆրանսեսք Մասիա քաթալան համերաշխութեան ցանկէն 1907-ին` Պարսելոնայէն եւ 1923-ին ալ Լէս Պորկէս Պլանքէսէն (Լէիտա նահանգ) երեսփոխան ընտրուեցաւ:

Մասիա 1922-ին հիմնեց Էսթաթ Քաթալա կուսակցութիւնը: Ան հետեւողական պայքար մղեց Փրիմօ տէ Ռիվերայի եւ թագաւորութեան դէմ:

Էսթաթ Քաթալա զինուորական բաժանմունքներ ունեցաւ Էքսերսիթ Քաթալա (քաթալան բանակ) անունով, որուն հրամանատարը Մասիան էր: Կազմակերպուեցաւ նաեւ Կերմանտաթ Քաթալանա տէ լա Պանտերա Նեկրա (Սուրբ Քաթալան եղբայրութիւն սեւ դրօշակի) յատուկ ջոկատը:

Պարսելոնայի Ֆրանսեսք Մասիայի անուան հրապարակը

Երբ Փրիմօ տէ Ռիվերա արգիլեց քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, Էսթաթ Քաթալա անցաւ ընդյատակեայ գործունէութեան: Ֆրանսեսք Մասիա հալածուելով Սպանիայէն հեռացաւ եւ ֆրանսական Քաթալոնիոյ Փրաթս տէ Մոլլօ աւանը ապաստանեցաւ, ուր բռնուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ: 1927 մարտին ան Պրիւքսէլ անցաւ, իսկ 1930 ապրիլին Սպանիա վերադարձաւ: Շատ չանցած կրկին աքսորուեցաւ եւ 1931-ի փետրուարին վերադարձաւ:

Ֆրանսեսք Մասիա 14 ապրիլ 1931-ին, Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւորի հրաժարումէն ետք, եւ Մատրիտի մէջ սպանական երկրորդ հանրապետութեան հռչակումէն քանի մը ժամ առաջ Պարսելոնայի մէջ Իպերիական դաշնակցութեան կազմէն ներս Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակեց:

Երեք օր ետք, 17 ապրիլին, հանրապետական կառավարութիւնը երեք նախարարներ ուղարկեց Պարսելոնա, որոնք բանակցութեան մէջ մտան Մասիայի հետ: Մասիա ընդառաջեց: Քաթալան հանրապետութիւնը ջնջուած հռչակուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ ինքնավար մարմիններու կազմաւորումով:

Կեներալեթաթ տէ Քաթալունիա (քաթալան կառավարութիւնը), որ 18-րդ դարու սկիզբը ջնջուած էր արքայական Նուէվա Փլաթա հրովարտակով, վերահաստատուեցաւ: Մասիա դարձաւ քաթալան կառավարութեան ղեկավարը:

Ֆրանսեսք Մասիայի յուշարձանը Պարսելոնայի մէջ

Ֆրանսեսք Մասիա մահացաւ 25 դեկտեմբեր 1933-ին, Պարսելոնայի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1968)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.