Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաժողով` Նուիրուած Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին. (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

April 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  հարիւրամեակի  նշումը կազմակերպող ու համակարգող յանձնախումբը կարելի չեղաւ գործի մղել Հայոց ցեղասպանութեան համազգային յանձնաժողովին համազօր հեղինակութեամբ. թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ: Փաստօրէն, սակայն, այդ թերացումը սրբագրեց Կիլիկիոյ հայրապետ  Արամ Ա. կաթողիկոսը:  Նման յանձնաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը կը բխէր այդ տօնախումբին տալու նոյն հնչեղութիւնը, ինչ որ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին,  որովհետեւ կարեւորութիւնը  տեսանելի է առաջին իսկ անդրադարձին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք  անհրաժեշտութիւնը  մեր նորագոյն պատմութեան ճշգրիտ իրականութիւնը փոխանցելու` առանց անտեղի ժամանակի կորուստի:

Այդպէս չեղաւ դժբախտաբար, եւ ուրեմն անակնկալ մը չէր բնաւ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովուապետը` Արամ Ա. վեհափառը, փաստօրէն ներկայացուցիչը հայոց սփիւռքին, իր շուրջը հաւաքեց իր բոլոր զաւակները` տօնելու, վեր առնելու Հայաստանի անկախութեան ու  հայ պետականութեան վերահաստատման հարիւրամեակը` կատարելով այդ հանդիսութիւններու նուիրուած համաժողովին բացումը  22-24 մարտ 2018-ին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին  մէջ:

Իր շուրջ հաւաքեց հայրենի ու սփիւռքի  պատմաբաններ եւ  մտաւորականներ, որոնք երեք օրուան ընթացքին վերլուծեցին, քննարկեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման նշանակութիւնն ու պատմաքաղաքական ենթահողը, անոր դերը` հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացման ընթացքն ու անոր հետեւանքները, Հայաստանի Հանրապետութեան  դերը` մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան աշխատանքներու հետապնդման մէջ: Մանաւանդ նաեւ անկախութեան գաղափարականի գիտակցութիւնն ու պահպանումը`  թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, առանց մռռնալու Հայ եկեղեցւոյ դերն ու նպաստը` Հայաստանի անկախութեան,  կերտման, պահպանման  ու հզօրացման մէջ:

Ընդարձակ ու ծաւալուն նիւթեր, որոնք երեք օրերու վրայ սահմանափակ ժամանակի մէջ առաւելագոյն չափով ու կարելի ճիգով ներկայացուեցան, եւ ապա  քննարկուեցան` թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտելով: Անվարան կարելի է ըսել, որ համաժողովին բարձրացուած բոլոր հարցերը քննուեցան գիտական փաստարկումներով ու տուեալներով` մանրազնին ուսումնասիրութիւններու  իբրեւ արդիւնք:

Ուրախանալի երեւոյթ էր տեսնել գերակշռող թիւ` հայրենի պատմագէտներուն,  որոնց վերլուծութիւններն ու  մեկնաբանութիւնները  կը հաստատէին պատմութեան այս ժամանակահատուածին  մասին իրենց ուսումնասիրութիւններու  խորութիւնն ու ծաւալը:  Քաջատեղեակ եւ բծախնդրօրէն ուսումնասիրած ըլլալու հանգամանքը կը հաւաստիացնէ նաեւ, որ մօտ է պահը պատմութիւնը վերականգնելու ճշգրիտ արժեւորումներով:

Զգալի էր մայիս 28-ի թեւածող ոգին, որ կրկներգի մը նման կը հնչէր զանազան զեկուցողներու ելոյթներուն մէջ, թէ` մեր ժողովուրդը լքուած իր ճակատագրին, առանձին, կոտորակուած, արիւնաքամ ու սպառած, սակայն համազգային ճիգով  մը ծառացած  Հայաստան ներխուժող թուրք ու թաթար խուժաններուն դէմ եւ ինքզինք գերազանցելով կասեցուցած էր համաթուրանական հորդաները եւ` յարութիւն արած: Հրաշք էր տեղի ունեցածը: Եղեռնէն ճիշդ երեք տարի ետք միայն, տակաւին Եղեռնի վէրքերը բաց` հայ զինուորը դարերու ստրկութեան շղթաները կը փշրէր, ու հայ ժողովուրդը կը ներկայանար աշխարհին հայ պետականութեամբ, որուն առաջին ճանչցողը կ՛ըլլար նոյնինքն պարտուած Թուրքիան: Մայիս 28-ով հայ նոր մարդն էր, որ կը յառնէր իր ազգային-քաղաքական պահանջները հետապնդելու, եւ կը բացուէր մեր նոր ժամանակներու, նոր պայքարի նոր առաւօտը, որ սակայն շատ կարճ տեւեց:  Տակաւին նոր ձեւաւորուող պետական վարչամեքենայի կազմակերպումը չաւարտած եւ Սեւրի դաշնագիրով միացեալ Հայաստանի սահմաններու ճշդումը միջազգայնացնելու աշխատանքին մէջ` Հայաստան կ՛անցնէր պոլշեւիկեան վարչակարգի տակ եւ կը սկսէր ուրիշ  դժուարին ճանապարհ մը:

Համաժողովը անդրադարձաւ  նաեւ մայիս 28-ն արժեւորելու եւ անոր արդար տեղ տալու, պատմութիւնը  վերականգնելու միանգամ ընդմիշտ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան  պարտաւորութեան: Հնչեց նաեւ առաջարկ  թելադրանք մը` նշել մայիս 28-ը որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օր, իսկ սեպտեմբեր 21-ը` վերանկախացման օր:

Ի հարկէ կարելի չէր երեք օրերու ընթացքին  երկուքուկէս տարուան պետականութեան, քաղաքական, միջազգային, շրջանային եւ կազմակերպչական կոթողային աշխատանքներու մասին ուսումնասիրական զեկոյցները սպառել:  Սակայն մեծապէս գնահատուեցաւ  համաժողովի նախաձեռնութեան մտայղացումը իրականացնող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը,  որ Հայ եկեղեցին կը պահէ առաջնորդողի դերակատարութեան մէջ` հովուելով սփիւռքացած զանգուածները հայրենիքի տեսլականով եւ հայ մշակոյթի արժէքներով: Եւ յիրաւի, Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի ոգիով եւ անոր ուղիով առաջնորդուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անցնող հարիւրամեակին մայիս 28-ի ոգիով առաջնորդեց եւ վառ պահեց վտարանդի, գաղթական ու  տարտղնուած հայ ժողովուրդի բեկորները:

Այդ աւանդը ամուր կերպով պահուեցաւ ի հեճուկս քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն`  նսեմացնելու մայիս 28-ի խորհուրդը, մինչեւ այն  օրը, երբ այս անգամ մայիս 28-ով  կերտուած Սարդարապատէն ղօղանջեցին զանգերը անկախութեան: Այս անգամ   եւս  մեր ժողովուրդը հաւաքական կամքով արտայայտեց եւ հաւաքական մտածողութեամբ ձեւաւորեց ազատ, անկախ Հայաստանը` թօթափելով խորհրդային քարացած եւ օտարող վարչաձեւը:  Տասնամեակներով պահուած ու փայփայուած եռագոյն դրօշն ու քայլերգը յանձնուեցան անոր իրաւատիրոջ` ազատ ու անկախ Հայաստանի նոր հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին:

Կրկին անգամ բախտորոշ ու փայլուն իրագործում մըն էր երրորդ հանրապետութեան ստեղծումը, որ այսօր կոչուած է բազմաթիւ հրամայականներու` սրբագրել պատմութեան էջերուն մէջ մեր ժողովուրդը պառակտող, արատաւորող, բաժանարար քաղաքական դէմքերն ու  դէպքերը:  Եւ կրկին անգամ արեւմտահայ ու արեւելահայ  զանգուածները վերածել մէկ քաղաքական մտածողութեան ու մէկ ամբողջութեան` դիմագրաւելու համար նոյնքան վտանգաւոր շրջանային եւ միջազգային  քաղաքական սադրանքներ, որոնք կը սպառնան տակաւ ինքզինք գտնող մեր հայրենիքին:

Մայիս 28-ն հրաշալի նախադրեալ մըն է այս առաջարկին` իր թելադրականութեամբ հաւաքական մտածողութեան, միասնական գործունէութեան եւ աննահանջ ու  յարատեւ պայքարի, յանուն ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան:

Վեհափառ հայրապետը իրաւ ճարտարապետն  էր այս համաժողովի կազմակերպման` մայիս 28-ը վերածելով կիզակէտի` արժեւորելու ոչ միայն անցեալը, այլեւ ներկայ  համակարգը  ի Հայաստան եւ ի սփիւռք` յանձնառու դարձնելով այսօրուան հրամայականներուն:

Իսկ մայիսեան անկախութեան նուիրուած կոթողը` բարձրացած Անթիլիասի մայր տաճարի աջին եւ ապրիլեան եղեռնագործութեան յուշակոթող մատուռը ձախին, երկու  յուշարարներ են, որոնք կը  պատգամեն գալիք սերունդներուն` նայիլ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ անցեալի յանցագործութիւնները վկայելով ներշնչուիլ մայիսեան յուշակոթողի պատգամով` հաւատալով  մեր ժողովուրդին վերապրելու եւ յաղթելու կամքին,  հաւատալով հրաշքի զօրութեան եւ առաջնորդուիլ անոր խորհուրդով` կերտելու մեզ սպասող ամբողջական միացեալ եւ մէկ Հայաստանը:

29 մարտ 2018   

Նախորդը

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.