Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Լեւոն Շանթի գրականութիւնը ընդհանրապէս անկարելի է հասկնալ եւ տպաւորուիլ` առանց անդին անցնելու գրուածի հեքիաթային անմիջականութենէն, առանց տեսնելու խորհրդանիշները, անկախաբար տուեալ ժամանակէն եւ պատմական անուններէն, քանի որ խորհրդանիշներու ետին գտնուող գաղափարները, ցանկութիւնները մարդն իսկ են, մարդը, որ կար երէկ, կայ այսօր. սէր, փառք, իշխանատենչութիւն: Իշխանատենչութեան հարցը այնքան տիրական է մեր օրերուն նաեւ, որ քիչ մը երեւակայութեամբ կը տեսնենք, որ «Կայսրը»-ի մէջ երեւցող անհոգի եւ աներազ ներքինի Վասիլ Լեկապէնը ամէնուրեք է, որ կը պահէ իշխանութեան լծակները, նոյնիսկ երբ կեանքի բեմին վրայ առաջին դէմքը չէ: Իշխանատենչութիւն, որ կը ձգտի այլ անբաւարարութիւններ եւ դատարկութիւններ բաւարարելու, ինչպէս` կեանք ապրելու կարելիութենէն զրկուած ներքինին:
Հոս կ’ուզեմ զուգահեռ մը ընել քաղաքական-իշխանութիւն, ընդդիմութիւն-փոփոխութիւն երեւոյթի մասին. այսինքն դէմքերը կը փոխուին, նոր անուններ կու գան, համակարգը կը մնայ, système: Այս երեւոյթը զբաղեցուցած իմաստասիրական, փիլիսոփայական եւ գրական-թատերական միտքը: Արեւմուտքի մէջ գրուած գիրքեր եւ թատերական երկեր կան` ստորագրուած մեծ դէմքերու կողմէ, որոնք կ’արծարծեն այս մնայուն հարցը: Յիշենք Ժան-Փոլ Սարթրի գրականութիւնը, իր շատ ժողովրդական երկու թատերախաղերը, «L’engrenage» եւ «Les mains sales», առաջինը չկարողացայ թարգմանել, երկրորդը` «ԱՂՏՈՏ ՁԵՌՔԵՐԸ», քաղաքական խարդաւանանքի մէջ աղտոտող ձեռքերը: Երբ իշխանութիւնը կը փոխուի նորի համար, քննադատելով նախորդը` իշխանութեան ներքին տրամաբանութիւնը ներկայացնող ուժը կու գայ եւ կ’ըսէ, որ հիմա նոյնը պիտի ըլլայ ուղղութիւնը: Այս ըմբռնումով պէտք է դիտել «ՇՂԹԱՅՈՒԱԾ» երկի հանգուցային միտքը. իշխանաւորը կը փոխուի, իշխանութիւնը կը մնայ: Ժան-Փոլ Սարթրի հերոսը, որ ահաբեկած էր ղեկավարը` նոր իշխանութիւն ստեղծելու համար, կը տեսնէ իր արարքին փուճ ըլլալը, երբ յաջորդը կը հետեւի նոյն ուղիին: «ՇՂԹԱՅՈՒԱԾ»-ի հերոսը նոյն վիճակի խորհրդանիշն է:
«ՕՇԻՆ ՊԱՅԼ»-ը, իմ հայեցողութեամբս, ամէնէն աւելի կը պատկերացնէ հայ քաղաքական միտքի դեգերումները` սկսելով վաղ ժամանակներէն: Պէտք է յիշել մեր պատմութեան տխուր պահերը, մրցակցութիւնները, անհասկացողութիւնները, անոնցմէ ամէնէն գլխաւորը, որուն մասին ոչ ոք մտածած է եւ կը մտածէ վէպ կամ թատերական երկ գրել, կը վերաբերի հայոց թագաւորութեան անկման, որուն վերջին թագաւորը գահընկէց եղաւ հայ իշխաններու դիմումով:
Պարզ է, որ մտածողին, իմաստասէրին, գրագէտին, թատերագրին համար մարդկային երազներու, զգացումներու եւ սկզբունքներու կառչելու մղումները կը կրկնուին ժամանակի ընթացքին, բայց իւրաքանչիւր սերունդ կը կարծէ, որ ինք բացառութիւն է: Այս կը յիշեցնէ նաեւ Սիկմունտ Ֆրէօյտի` ըլլալու համար «հայրը սպաննելու» հոգեկան բարդոյթը, որ ե՛ւ անհատական է ե՛ւ հաւաքական, այսինքն կը դրսեւորուի ընկերային կեանքի եւ քաղաքականութեան մէջ:
Եթէ Լեւոն Շանթի գործերու յիշատակութեան մասին խօսքիս ընթացքին գրեթէ չյիշեցի «ԻՆԿԱԾ ԲԵՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ» երկը, պատճառը այն է, որ իմ հայեցողութեամբ, այս երկը ամէնէն աւելի բեմականն է, ամէնէն աւելի նուազ քաղաքական եւ իմաստասիրական խորհրդանիշներ ունեցող, բայց` ամէնէն մարդկայինը, զգայունը եւ անհատապաշտականը: Պարզ. ամէնէն արդիականը կարելի է կոչել, համամարդկայինը, ժամանակակիցը, նաեւ` մեր ազգային սահմաններէն դուրս: Արդարեւ, սէր, վրէժ, փառասիրութիւն, կիրք, ազնուութիւն, ծայրայեղութիւն կ’ագուցուին: Հակառակ անոր որ ժամանակը միջնադարն է, հայկական Կիլիկիան է տեղը, հերոսները հայ են, բայց մարդկային յարաբերութիւններու բարդ հանգոյցը համամարդկային է:
Վերջապէս, ընթացիկ տրամաբանութեամբ եթէ դիտենք Լեւոն Շանթի հերոսները, անոնք թաթխուած են ողբերգութիւններու մէջ, բայց իրենց վերաբերումը այդպէս չէ, քանի որ վեր բարձրանալու, գերանցելու, հասարակ մահկանացուներէն անջատուելու իրենց կամքը կը վկայէ տեսիլքի մը մասին, մարդուն մէջ` մարդը յաղթող: Այս կացութիւնը ինծի կը յիշեցնէ «Ուրիշի համար»-ի ներկայացումէն ետք մամուլով ունեցած արտայայտութիւնս, որ դժգոհութիւն յառաջացուց: Հերոսուհին իր կեանքը կը զոհէ ուրիշի համար: Դերը մեկնաբանուած էր եղերամայրի պէս, ինչ որ անյարիր է Լեւոն Շանթի տիպարին, քանի որ այդ ընտրանքը կը յայտնաբերէր եսէն անդին անցնող ոգի մը, որ զինք վեր կը դասէր մարդոց մեծամասնութենէն:
Գրականութեան եւ ընդհանրապէս արուեստներու պարագային, իսկական արժեւորումը կու գայ, երբ երկը կամ գործը դուրս կու գայ քաղաքի մը, թաղի մը, համայնքի մը շրջանակներէն եւ միջազգային հրապարակ կը հասնի: Նախ ի հարկէ սեփական ժողովուրդը ինք պիտի ճանչնայ իր հոգեկան աշխարհի հայելին ըլլալու կոչուած հեղինակը եւ անոր երկը, եւ ճանաչումը պէտք է ըլլայ նաեւ դուրսը, մարդոց կողմէ, որոնք այս կամ այն ձեւով չեն նախատրամադրուած: Թարգմանուած եւ այլ ժողովուրդներու կողմէ դիտուած երկը նոր դիմագիծ կը ստանայ` սեփականի եւ տեղականի անհարթութիւնները սրբագրելով: Եթէ Լեոն Շանթի թատրոնը թարգմանուէր եւ բեմադրուէր այլ լեզուներով եւ տարբեր երկիրներու մէջ, ան տարբեր հնչեղութիւն կ’ունենար, մենք ալ լսելով այլ կարծիքներ` տարբեր որակ կու տայինք մեր դատումներուն: Ինչ որ կ’ըսեմ, չի վերաբերիր միայն Լեւոն Շանթի, այլ նաեւ` ժամանակակից գրողներու: Մենք երբ կը լսենք, որ դէպքը կը պատահի Հայաստան կամ Կիլիկիա, արդէն յուզական կերպով կանխատրամադրուած կ’ըլլանք: Օտար ընթերցողը կամ հանդիսատեսը զերծ է դատում-գնահատումը շեղեցնող այդ զգացական ազդակէն:
Գրական կամ թատերական երկը պէտք է հասնի զանգուածներու, ոչ միայն` սեփական: Օրինակ, ճափոնցի ժամանակակից գրող Հարուքի Մուրաքամայի նոր գիրքը լոյս տեսած է կէս միլիոն տպաքանակով եւ արդէն կը թարգմանուի տարբեր լեզուներու: Ի՞նչ է կացութիւնը հայերէն երկին եւ հայկական թատրոնին` որպէս տպաքանակ եւ հանդիսատեսի համրանք: Կը յաջողի՞նք մեր նեղ սահմաններէն դուրս գալ: Հարկ է խօսիլ այս հարցերուն մասին, որպէսզի աճին եւ ճանաչում գտնեն հայ գրականութիւնը, թատրոնը եւ արուեստները ընդհանրապէս:
Լեւոն Շանթի մեր գնահատումը եւ արժեւորումը տարբեր կ’ըլլայ, պիտի ըլլար, եթէ տարբեր ժողովուրդներ լսած եւ դատած ըլլային, ինչպէս այդ եղած է եիտիշ լեզուով գրողին, չին գրողին, պիելոռուս Սվեթլանա Ալեքսիեւիչին համար: Այդ պարագային միայն կրնանք խօսիլ գրական եւ թատերական համամարդկային իրաւ արժէքի մասին: Իսկ մեր գրական քննադատութիւնը դեռ չէ ըսած, թէ մեր գրողներու եւ արուեստագէտներու գործին ո՞ր մասը, առարկայական գնահատումով, պիտի դիմանայ ժամանակի վճիռին եւ դառնայ մնայուն արժէք:
Լեւոն Շանթ կ’անջատուի մեր գրական եւ թատերական անդաստանի միջինէն: Բայց այդ անջատումը` միջազգային արժէքներու բաղդատած, մինչեւ ո՞ւր կը հասնի: Ես համեստօրէն չեմ կրնար պատասխանել:
Եզրակացնելու համար կ’ուզեմ ըսել նաեւ հետեւեալը: Ամպագորգոռը կամ երկարապատումը անպայման գեղեցիկ չէ: Պէտք է ձգտիլ պարզին վսեմութեան: Յիշեմ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն կատակերգակներէն Մոլիէրի «Ագահը»-ի տեսարանը, երբ Ագահը, գողութեան կասկածով կ’ըսէ իր ծառային. «Ցոյց տո՛ւր ձեռքերդ: (Ահաւասիկ): Միւսները»: Հինգ բառ եւ ամբողջ կացութիւն մը, ո՛չ բարոյախօսութիւն եւ ո՛չ ալ տպաւորելու մարմաջ:
Գրականութիւն, թատրոն, բեմ, արուեստներ` այս բիւրեղացումով եթէ կը հասնին համամարդկային մակարդակ եւ կը գերանցեն ժամանակը, զաւեշտը կը դառնայ կատակերգութին:
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան
(Շար. 4 եւ վերջ)