Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

April 5, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

«Կինը Եւ Ընտանիքը» Ցուցահանդէս

11 մարտին, Հալէպի բերդին շուրջ, Հալէպի Առեւտուրի պալատի Գործարար կիներու յանձնախումբին կազմակերպած «Կինը եւ ընտանիքը» 10-րդ քառօրեայ ցուցահանդէսը հասաւ իր աւարտին:

Յանձնախումբի նախագահ Լինա Աշրաֆիէն յայտնեց, որ նախորդ 4 օրերուն ցուցահանդէսի այցելուներուն թիւը անցաւ 50 հազարը: Ցուցահանդէսը առիթ էր նաեւ իւրաքանչիւր հալէպցի ընտանիքի` այցելելու հին Հալէպի շրջանը եւ Հալէպի բերդը, որոնք հնագիտական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնեն եւ տարիներու ընթացքին դարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշներ:

Յանձնախումբի անդամ Հուրի Քէօշկէրեանը յայտնեց, որ ցուցահանդէսը յարմարագոյն առիթն էր սուրիացի կիներու տաղանդն ու կարողութիւնը յայտնաբերելու: Ան անդրադարձաւ ցուցահանդէսին կողքին կազմակերպուած այլ աշխատանքներու, ինչպէս` փոքրերու յատուկ անվճար տաղաւարի մը գոյութեան, ուր այցելեցին աւելի քան չորս հազար մանուկներ եւ` նահատակներու ընտանիքներու պարգեւատրման:

Նշենք, որ «Կինը եւ ընտանիքը» 10-րդ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 հալէպահայ գործարար կիներ, ինչպէս նաեւ` ՍՕԽ-ի  ձեռարուեստի եւ աշխատանոցի յանձնախումբերը, որոնք ստանձնեցին «Նախշատուն» անունը կրող տաղաւար մը, իսկ «Փեթակ» խոհանոցը ներկայացաւ իր առանձին տաղաւարով:

Ցուցահանդէսի աւարտին կազմակերպիչ մարմինը յատուկ գնահատագիրներով պարգեւատրեց մասնակիցները:

«Առնօ Բաբաջանեան» Խումբին Համերգը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, 18 մարտին, Հալէպի «Զ. Գաբրիէլեան» սրահին մէջ համերգով մը ելոյթ ունեցաւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Առնօ Բաբաջանեան» խումբը:

Օրուան բեմավար Կասիա Պետիրեան-Սթամպուլեան հայերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ գիտելիքներ փոխանցեց երգարուեստին եւ երգահաններու մասին` ամբողջական պատկեր մը տալով համերգի երգացանկին մասին:

Նայիրի Պարսումեանը արաբերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ մարդկային հոգին ազնուացնող երաժշտութեան արժէքին:

Յայտագիրը կը բովանդակէր դասական, հայրենասիրական, ժողովրդական երգեր` հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Աւարտին Շահան արք. Սարգիսեանը ելոյթ ունենալով` բարձր գնահատեց երգչախումբին կատարումը, նաեւ գնահատեց խմբավարին աշխատանքը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Նոր Հիւպատոսին Հետ

Կազմակերպութեամբ Լիբանան-ամերիկեան գործակցութեան խորհրդատու մարմինին, 18 մարտին, Պեւըրլի Հիլզի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիի, առիթ ընծայելու համար, որ ան ծանօթանայ շրջանի ներկայացուցչական դէմքերուն:

Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ու ժողովականութեան ողջոյնը` բարի երթ մաղթելով անոր իր առաքելութեան մէջ:

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի` «Իմ Հայրս` Այր Քաջութեան Եւ Աննկունութեան. Վերապրող Մը` Ստալինեան Քուլակէն» Հատորին Գինեձօնը

1 մարտին Կլենտէյլի «Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոն»-ի «Իսահակ եւ Ժանեթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ մտաւորական ու Հայ դատի սպասարկու դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի՝ «Իմ հայրս` այր քաջութեան եւ աննկունութեան. վերապրող մը` ստալինեան քուլակէն» գիրքին գինեձօնը:

Օրուան հանդիսավար, «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը ողջունեց հատորին հրատարակութիւնը եւ գնահատանքով անդրադարձաւ հեղինակի վաստակին:

Գիրքին ներկայացումը կատարեց դոկտ. Շաքէ Քաֆթարեանը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ հարազատ պատկեր մը տուաւ բովանդակութեան ու անկէ բխող պատգամներուն մասին: Հատորը հեղինակին հօր` Բաղդիկ Մինասեանի կեանքին պատմութիւնն է, կեանք մը, որ նուիրուած է ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան, անցած է դառն փուլերէ, մասնաւորաբար` ստալինեան հալածանքներու պատճառով:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ դրուատիքով եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ գիրքին եւ հեղինակին մասին` մասնաւորաբար կանգ առնելով «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի անոր օրերէն ի վեր Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութեանց ու ինքնուրոյն գրականութիւն մշակելու արժանիքին վրայ:

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանը խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, ապա անդրադարձաւ հատորին պատրաստութեան մղում տուող պայմաններուն, ինչպէս նաեւ` պատանութեան շրջանին իր ապրած յուզումներուն մասին:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Ան գնահատալից խօսքերով շնորհաւորեց դոկտ. Փիրումեանը եւ նշեց, որ հատորը արտայայտութիւնն է հօրը անձին, վաստակին ու աւանդին հանդէպ հեղինակին երախտագիտական զգացումներուն, լուսարձակի տակ կը բերէ անոր կեանքի ցարդ թաքուն մնացած կարգ մը ծալքերը: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ հատորը ցոյց կու տայ, որ Բաղդիկ Մինասեանն ու սերնդակիցները ինչպիսի՛ հաւատարմութեամբ եւ իրենց կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի ճամբով լծուած են հայրենիքի ծառայութեան, հալածանքներ կրած` իրենց ազգային ուղեգիծին համար, սակայն չեն կորսնցուցած լաւատեսութիւնը եւ անժամանցելի պատգամներ հաղորդած են իրենց զաւակներուն ու յաջորդ սերունդներուն: Այս բոլորը ներշնչումի աղբիւր եղած են հեղինակին համար:

 

Աւստրալիա

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի Տօնախմբութիւնները

1918-ին հիմնուած Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որուն նախագահը եւ գործադիր տնօրէնն է վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանը, տօնախմբելու համար իր հարիւրամեայ ծառայութիւնը աշխարհասփիւռ հայ գաղութներու մէջ եւ իրականացնելու հարիւրամեակի 20 միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւը, կը կազմակերպէ համաշխարհային տօնախմբութիւններ` 2017-2018 տարեշրջանի ընթացքին, որուն առաջինը կայացաւ Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ, 21 հոկտեմբեր 2017-ին:

Երկրորդ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Սիտնի, Աւստրալիա, 15-18 մարտին: 100-ամեակի հանգանակութեան իր բերած բաժինով Աւստրալիոյ Աւետարանչականը որոշեց ստանձնել Արցախի չորս մանկապարտէզներուն` Ստեփանակերտի «Յակոբ եւ Լիտիա Պաղտիկեան», Շուշիի «Յակոբ Կարապետ Պիլեզիքեան», Մարտակերտի վեր. դոկտ. «Մովսէս Ճանպազեան» եւ Ասկերանի մանկապարտէզներու վերանորոգումը: Ձեռնարկները տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Արցախի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի:

Սիտնիի մէջ 100-ամեակի տօնակատարութիւնները սկսան 15 մարտին, «Հոյց» պատկերասրահին մէջ, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ: 16 մարտին կայացաւ մշակութային, գեղարուեստական երեկոյ մը` «Քոնքուրս» թատերասրահին մէջ, ուր հանդէս եկան հայ եւ օտարազգի արուեստագէտներ:

Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեակի փառաբանութեան պաշտամունքը տեղի ունեցաւ 18 մարտին, Սիտնիի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Սարգիսեանի:

Փորագիր յուշանուէր մը յանձնուեցաւ «Էն. Էս տապլեու»-ի նախարարապետ Կլատիս Պերեճիքլեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրայատուկ պարգեւին համար, նաեւ  շնորհաւորեց Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` իր մատուցած 100-ամեայ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ կազմակերպութիւնը յարատեւէ իր գործունէութիւններով:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ երկրորդ հարիւրամեակի տեսլականին: Եւրասիայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանը խօսեցաւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ համայն աշխարհի հայ աւետարանական եկեղեցիներու առաքելութեան մասին:

Սիտնիի «Միրամար կարտընզ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Տարագճեանը ներկայացուց աւետարանչականին պատմականը եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան ռահվիրաներուն` շեշտելով, որ մեր պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ այս ժառանգութեան եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը յղեց օրուան պատգամը` հաստատելով, որ ընկերակցութիւնը կը շարունակէ իր բարեսիրական ուղեւորութիւնը:

Երեկոյի ընթացքին կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղած կոնդակը` ընկերակցութեան նախկին գործադիր տնօրէն, հանգուցեալ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանին` անոր հաւատարիմ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ` 18 տարի առաջ Աւստրալիոյ մէջ աւետարանչական ընկերակցութեան մասնաճիւղ մը բանալու անոր մտայղացման համար:

Վեր. դոկտ. Եումշաճըգեանը Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անունով յուշանուէրներ յանձնեց բարերարներուն, նուիրատուներուն, հիւրերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին, որ իր կարգին բարձր գնահատեց ընկերակցութեան Արցախի մէջ կատարած աշխատանքները եւ յատկապէս ա՛յն գործը, որ կը կատարէ Արցախի երեխաներու բարօրութեան համար:

 

Քուէյթ

Արամ Խաչատուրեանի Անուան Պետական Լարային Քառեակին Ելոյթը

Վերջերս, Հայաստանի դեսպանութեան հրաւէրով, Քուէյթի գլխաւոր համերգային «Ապտուլ Հուսէյն» սրահին մէջ մենահամերգով հանդէս եկաւ հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանին անունը կրող պետական լարային քառեակը:

Իր բացման խօսքին մէջ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Մ. Բադէեանը նշեց, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող եւ պետականութեան տարբեր ձեւաչափեր ապրած մեր երկիրը այս տարի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը նշէ իր 100-ամեակը: Ան նկատել տուաւ, որ յոբելեանին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքը կը սկսի համերգային ձեռնարկով` ներկայացնելով մեր հարուստ մշակութային ժառանգութենէն պատառիկ մը: Ան իր համոզումը յայտնեց, որ մշակութային երկխօսութիւնը ժողովուրդներու փոխըմբռնման լաւագոյն հարթակն է:

Լարային քառեակի անդամներ` Մ. Մարգարեանը, Հ. Վարդանեանը, Ա. Թալալեանը եւ Վ. Հովէեանը մեկնաբանեցին Պեթհովենի, Վ. Մանուկեանի, Կոմիտասի, Ա. Պիացոլայի եւ Ռ. Ալթունեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:

Համերգի աւարտին դեսպան Մ. Բադէեանը կազմակերպական աջակցութեան համար եւ ի նշան հետագայ համագործակցութեան` երախտագիտական յուշատախտակ փոխանցեց Քուէյթի մշակոյթի եւ նամակատան ազգային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարութեան` ի դէմս դոկտ. Պատըրի:

Այնուհետեւ դեսպանն ու դոկտ. Պատըրը շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ յուշատախտակ յանձնեցին Ա. Խաչատուրեանի անուան պետական լարային քառեակի գեղարուեստական ղեկավար Վաչէ Հովէեանին:

 

Ուքրանիա

Հայկական Մշակոյթի Թանգարանի Բացում

21 փետրուարին «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը Ռերիխի անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահի բացման արարողութիւնը:

Գրադարանը երկար ժամանակ համագործակցած է հայ համայնքին հետ. առ այդ, ընդունուած է հայկական մշակոյթին, գրականութեան ու արուեստին նուիրուած սրահ բանալ:

Քիեւի Հայ համայնքի կիներու միութեան եւ գրադարանի ներկայացուցիչներուն համատեղ ջանքերով հաւաքուած են մեծ թիւով գիրքեր, նկարներ եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներ:

Նշենք, որ այժմ Ուքրանիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով հայ համայնք մը. հոն կան նաեւ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ կը գործեն հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւններ:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Մարտ Ե. – Զարգանալ` Առանց Զիջելու

Յաջորդը

Սուղ Գին Վճարելով

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.