Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դանդաղ Քայլերով, Բայց Գիւղը Կը Ծաղկի. Քաշունիքի Գիւղապետ

Մայիս 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանը կը գտնուի Քաշունիք գիւղը: Քաշունիք համայնքը կ՛ընդգրկէ 3 գիւղ` Քաշունիք, Վերին Քաշունիք եւ Մորաջուր: Քաշունիք համայնքի սահմանային գօտիով կը հոսի Հագարի գետը: Համայնքը հարթավայրային է, ունի 2593.9 հեկտար տարածք, որմէ 1277.2 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան, 1184.9 հեկտարը անտառային հողեր են: Բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Կը ցանեն ցորեն, գարի, հաճար: Գիւղին աշխարհագրական դիրքը եւ բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են շարք մը պտուղներ` ծիրան, դեղձ, նուռ, թութ, արքայանարինջ, տանձ, աճեցնելու համար:

Բնակչութեան թիւը 70 է` 23 տուն: Ինչպէս կը նշէ 2011 թուականէն Քաշունիքի գիւղապետ Լեւոն Մովսիսեանը, վերաբնակեցուելէն ետք,1990-ական թուականներու վերջերը, գիւղին բնակչութիւնը աւելի շատ էր: «Դպրոցի նախկին շէնքին մէջ աշակերտները երեք հերթով դասի կը յաճախէին, աւելի քան 80 աշակերտ ունէր դպրոցը», նշած է Լեւոն Մովսիսեանը եւ` աւելցուցած, որ հետագային ներքին գաղթի եւ արտագաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը նուազած է:

Իսկ վերջին 10 տարիներուն, ըստ գիւղապետին,  գիւղէն հեռացող չէ եղած: «Այժմ բնակողներէն ոչ մէկը երթալու միտք ունի: Պատրաստ ենք նոր ընտանիքներ ընդունելու. 3 տուն ունինք, ուր կրնանք մարդ տեղաւորել: Երիտասարդներ կան, որոնք այստեղ  ծնած, մեծցած ու ամուսնացած են: Ճիշդ է` դանդաղ քայլերով, բայց գիւղը կը ծաղկի»,  ըսած է երիտասարդ գիւղապետը:

Գիւղը 2007 թուականէն ելեկտրականութիւն ունի, ապահովուած է նաեւ խմելու ջուրով: Ըստ գիւղապետին, թէ՛ շրջվարչակազմի աջակցութեամբ, թէ՛ գիւղացիներու ջանքերով ամէն տարի որոշ աշխատանք կը կատարեն գիւղին մէջ` ապրելու պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ: Սակայն ներկայիս լուծման կարօտ կը մնան համացանցի կապի բացակայութեան, դէպի գիւղ տանող ճանապարհի վերանորոգման, դպրոց խմելու ջուր հասցնելու խնդիրները: «Գիւղին մէջ խմելու ջուր կայ, բայց դպրոցը չունի. աշակերտները խմելու ջուրը իրենց հետ շիշերով կը բերեն, իսկ այստեղ մայիսէն ջերմաստիճանը 30 աստիճանէն բարձր կ՛ըլլայ», նշած է Լեւոն Մովսիսեանը` յոյս յայտնելով, որ խնդիրները շուտով կը լուծուին:

 

 

 

Նախորդը

Խաղալիք Նաւու Մը Աշխարհին Շուրջ Ճամբորդութիւնը

Յաջորդը

Մերօրեայ Անհեթեթութիւն

RelatedPosts

Ցնցումը Պիտի Չտանի Ընդարմացումի
Անդրադարձ

Ցնցումը Պիտի Չտանի Ընդարմացումի

Հոկտեմբեր 3, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ազգային Միասնականութիւնը Կարելի Է

Հոկտեմբեր 3, 2023
Լիբանանեան Համատարած  Զօրակցութիւն` Հայ Ժողովուրդին
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ծանրագոյն Ողբերգութիւն

Հոկտեմբեր 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In