Ռ. Ա.
Բեմին վրայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղն է` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Ներկայ է հեղինակը, հանդիպելու` տեսանելի արժէքներու վերածուած իր գրական կերպարներուն հետ:
Արա Արծրունին եկած է Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին մէջ անսպասելին, տարօրինակը, զարմանալին… բեմադրիչին իւրօրինակ մեկնաբանութիւնը տեսնելու:
Պաստառին` ներկայացման ժամանակաշրջանը բնութագրող տողերը, աշխարհի տարբեր լեզուներէն մինչեւ հիէրօկլիֆներ ու սեպագիր արձանագրութիւններ` հանդիսատեսը կը նախապատրաստեն կրոթեսքին, անսպասելիին ու զարմանալիին, աւանգարդային անհեթեթի թատերախաղին, ուր պէտք չէ աւանդական դիպաշար փնտռել, քանի որ տուեալ ուղղութեան թատերախաղերուն մէջ աշխարհը կը ներկայանայ կեանքի օրէնքներուն հանդէպ անիմաստութեան գիտակցումով եւ տրամաբանութենէ զուրկ փաստերով:
Պատրա՞ստ ենք արդեօք ընկալելու` այս պարագային այլաբանութեանը միախառնուած անհեթեթի թատրոնը: Ալպեր Քամիւին, Ժան Փոլ Սարթրին, Էժեն Իոնեսքոյին, Սամուէլ Պեքեթին եւ այսօր` Արա Արծրունիին պէս կեանքը ապրած մարդոց համար անհեթեթութիւնն է կեանքին իրականութիւնը: Ուրեմն պատրաստ ենք ընկալելու այդ իրականութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս կեանքը սահմանուած կանոններու մէջ անգամ անհեթեթութիւններու ունայն շղթայ մըն է: Այստեղ մէկ կանոն կայ, ուր հեղինակ, բեմադրիչ, դերասան, բեմայարդարում, տարազ, դիմայարդարում, լոյս, ձայն, քուլիսային աշխատող… բոլորը արուեստի ներդաշնակ կանոնի մէջ են, բեմադրիչի յստակ տեսլականին մէջ:
Պարզ, այլաբանական, սակայն տարօրինակ բեմայարդարման մէջ կը կայանայ Սեզար կոչեցեալ Շեֆին (Ժան Պեքերեճեան) եւ Ղուկաս կոչեցեալ ծերունիին (Զաւէն Պաաքլինի) երկխօսութիւնը: Դերձաններու եւ ցիցերու դազգահը, որուն առջեւ կ՛աշխատի ծերունին, կարծես աշխարհի եւ տիեզերքի քարտէսն է, մարդկային պատմութեան, գիւտերու, հակասութիւններու, էնթրիկներու եւ որոգայթներու լաբիւրինթոսը: Ռոքոկօ աթոռին բազմած շեֆը` «իսկական բեմադրիչը» Աննիպալին (Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան) կը խոստանայ տուն, հարճեր, տգեղ սպասուհիներ, եթէ վերջինս հրաժարի դռնապան ըլլալու պարզ ցանկութենէն` դառնալով իր քաղաքական «բեմադրութեան» հլու դերակատարը, յայտարարելով. «Եթէ նոյնիսկ ցից մը դնեմ իբրեւ թեկնածու, պիտի ընտրուի…»: Աննիպալ կը խոստովանի. «Ճարպիկ չեմ, ազնուական ալ չեմ, բայց ազնիւ եմ…»: Խոշոր ոսկորը կարծես որկրամոլ վարչակարգի խորհրդանիշն է, որով եւ մարդկութեան «գիտական ցանցը ստեղծող» ծերունին եւ «նոր աշխարհ ստեղծող» շեֆը ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ կ՛օծեն ծագումով պարզ, ազնիւ, հայրենասէր Աննիպալը: Մերօրեայ իրականութեան մէջ առկայ երեւոյթները բեմական տարածութեան եւ ժամանակի մէջ ներկայացուած են այլաբանական նուրբ, երբեմն կոշտ ցինիզմով: Ժամանակային մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու քաոսին մէջ մերթ ընդ մերթ «անթիք» քարոզիչ մունետիկներն ու ժամանակակից բարձրախօսները մէկը միւսը կը փոխարինեն` անհատը մեծարելու, փառաբանելու, աստուածացնելու, ապա կրկին զինքը տապալելու էնթրիկային մոլուցքով: Էնթրիկը բոլոր ժամանակներու մէջ էնթրիկ է, մունետիկներու միջոցով, ոստրէի կամ բարձրախօսի գործածութեամբ: Շատ բան չէ փոխուած: Նոյն գաղափարը կը շեշտուի, երբ Էտի հետախոյզը (Հրայր Գալեմքերեան) իր յայտարարութիւնները կը կարդայ քարէ սալիկներու, ապա բջջային հեռաձայնին վրայ: Կը փոխուին մարդոց հագուստները, սնունդը, կենցաղի ու շրջապատի առարկաները, սակայն մարդկային էութիւնը կը մնայ նոյնը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեանի ներկայացման մէջ անսպասելի տեսարանները կը յաջորդեն իրարու` Ղուկաս ծերունիի ելեկտրականութեան, ապա մգլոտած հաց` փենիսելինի յայտնագործումը, վիրահատական սայլակին պառկած Աննիպալի մուտքը, ոստիկաններու (Յովսէփ Գափլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Կարօ Փանօղլեան) եւ ճղճիմ մարդու (Էթիէն Սէօքիւնեան) հետ փայտէ կմախքներու ցուցարար ամբոխը…
Ուշագրաւ է Տիտի կին շեֆի (Նժդեհ Մկրտիչեան) իւրաքանչիւր մուտքը, ուր չկան կատակերգականի ծայրայեղ, շատ յաճախ կործանիչ հրապոյրները: Ամէն ինչ զուսպ է, չափի մէջ, հետեւաբար աւելի դիպուկ է, առաւել տպաւորիչ, առաւել կատակերգական:
Եւա (Արփի Սողոմոնեան) հպարտ է տարբեր ապօրինի կապերէ ծնած իր բազմաթիւ զաւակներով, սակայն երբ պէտք է, «ազնուական է ու ամօթխած»: Դարձեալ ծանօթ երեւոյթ մը:
Խօսնակուհիին (Ծովիկ Թորիկեան) ձայնը, անծանօթ բամբ ձայնին (Կարօ Քիրիաքօ) առկայութիւնը եւ ցուցարարներուն աղաղակը հանդիսատեսին երեւակայութեան մէջ անսահմանօրէն կ՛ընդլայնեն բեմական տարածութիւնը:
Շարունակ կը լսուին Աննիպալին հայրենասիրական տեսլականը ստուերող կոչեր. «Ընտրապայքարն է կարեւոր, հայրենասիրութիւնը թող սպասէ… Ժողովուրդը յիմարացնելը մեծ վարպետութիւն կ՛ուզէ… Բոլորին տրուած չէ էնթրիկ ստեղծելու տաղանդը… Գահին նստելէն ետք` ի՞նչ արդարութիւն, ի՞նչ ճշմարտութիւն…»: Խօսքեր, որոնց ի պատասխան` կը սկսի վայրագ գոյապայքար «նախանձի եւ անձնասպանութեան… Սիրոյ եւ երազի կապի» փնտռտուքով, «Մահուան ճղճիմութիւնը զգալու, հողին մօտ ըլլալու անհրաժեշտութեամբ…»:
Աննիպալի սկզբունքները տեղի կու տան գայթակղութիւններուն:
Ամբոխի ամպագոռգոռ եւ հակասական աղաղակներու ներքեւ, վիրահատական սեղանին, ապա գահին վրայ կը յայտնուին Աննիպալի եւ Եւայի գրկախառնուած, մեռած մարմինները եւ… «հրաշալի լռութիւն… Այս է Բանը…»:
Այս է մերօրեայ անհեթեթութիւնը: