Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Նիկոլով Գարուն Չի Գար

May 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գարո՜ւն է, գարո՛ւն է, ուշացա՜ծ գարուն:

Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ:

Արեւ է. այստեղ` «Հիւսիսում այս հեռաւոր», ծառերը սկսած են դալարիլ: Բաց գոյնով փոքրիկ տերեւներ սկսած են լեցնել ամբողջ ձմեռը մերկ մնացած ճիւղերն ու ճիւղիկները: Գրեթէ թափանցիկ են այդ տերեւները, եւ արեւուն ճառագայթները կարծես անոնց մէջէն կ՛անցնին:

Նիկոլը` վարչապետ:

Կայ խանդավառութիւն մը, որ համացանցի ճամբով կ՛անցնի բոլոր իրական ու երեւակայական սահմանները, կը յաղթահարէ բոլոր ֆիզիքական ու հոգեկան կաշկանդումներն ու կը տարածուի աշխարհով մէկ, կը հասնի ամէնուրեք, բոլո՛ր հայերուն, կամ` գրեթէ բոլոր հայերուն:

Փաշինեան կը դառնայ Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետը` փոխարինելով առաջին վարչապետը, որ այդ պաշտօնը վարեց վեց օր միայն:

Ձեռքի փոքր սարքերուն` խելախօսներուն եւ տեղեկադիրներուն վրայ, այլեւ համակարգիչներու թէ հեռուստացոյցներու պաստառներուն վրայ կը հետեւինք ժողովուրդի ցնծութեան պոռթկումի դրսեւորումներուն: Երիտասարդութեա՛ն ցնծութեան: Կը հետեւինք նոր երգերուն, որոնք կը ցայտեն իրարու ետեւէ, կը ցնծացնեն յեղափոխութիւնը:

Յեղափոխութի՞ւնը, թէ՞ «յեղափոխութիւնը», քանի որ բոլոր վերապահութիւնները չեն անհետացած:

Պատմական օրեր կ՛ապրինք, կասկած չկայ:

2018 ապրիլ-մայիսեան այս մեծ պոռթկումը նկատուեցաւ շարունակութիւնը 1965 ապրիլի համաժողովրդային ցասման` Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ եւ 1988 փետրուարի ընդվզումին` արցախեան շարժումի առաջին օրերուն: Անկատար մնացեր էին անոնք, եւ «սիրոյ յեղափոխութիւնը» եկաւ ոչ թէ զանոնք աւարտելու, այլ` շարունակելու, ինչպէս իրաւամբ դիտել կու տար մեր մտաւորական ընկերը` Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, «Օրակարգից դուրս» յայտագրին վրայ իրեն հետ կատարուած զրոյցին ընթացքին:

Այո՛, յեղափոխութիւնները իմաստ ունենալէ կը դադրին, եթէ աւարտին, աւարտուած նկատուին:

Մայիս 8-ին Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուեցաւ վարչապետ:

Յեղափոխութիւնը, սակայն, եթէ չէ՛ «յեղափոխութիւն», պիտի շարունակուի: Փոփոխութիւնը մէկ վարչապետը ուրիշով մը փոխարինելու նպատակ չունէր: Անձ մը փոխել չէր ուզուածը: Զանգուածներուն պահանջածը:

Շա՜տ, շա՛տ բան կայ փոխուելիք:

Իսկ այդ շատը մեզմէ՛ կը սկսի: Իւրաքանչիւրէ՛ս: Ամէն մէկ հայէ:

Եթէ Հանրապետութեան հրապարակը վարչապետի ընտրութեան օրը սպիտակ ներկուեցաւ` հոն հաւաքուած բազմութեան ընտրած շապիկներու գոյնով, մաքրութիւն ու անաղարտութիւն խորհրդանշելու համար, մաքրումի այդ գործընթացը պիտի սկսի ամէն մէկուս հոգիէն ներս` դուրս վանելով պարտուողականութեան, անզօրութեան, յուսահատութեան եւ հիասթափութեան ամէն զգացում, ստորակայութեան ու գերակայութեան ամէն բարդոյթ, սեփական ուժերուն հանդէպ անվստահութեան ու օտարին հանդէպ ստրկամտութեան ամէն մոլութիւն:

Յեղափոխութիւնը ամէնէն առաջ մե՛ր մէջ պիտի կատարուի: Մեր` հայրենի հողին վրայ ըլլանք թէ այդ հողէն դուրս:

Պիտի փոխուինք, յեղա՛փոխուինք, որպէսզի կարենանք տէ՛ր ըլլալ մեր երկրին, որ երկի՛ր ըլլայ ան, պիտի փոխուինք տէր ըլլալու համար ապրելու մեր իրաւունքին, որպէսզի վայելենք մարդավարի ապրելու մեր իրաւունքը:

Պիտի փոխուինք մանաւանդ դուրս գալու համար ի վերջոյ աւերակներուն տակէն` մեր գլխուն փլած կայսրութեան աւերակներուն տակէն: Կայսրութիւններո՛ւ աւերակներուն, 70 տարուան թէ 600 տարուան ստրկութեան աւերներուն տակէն:

Շա՛տ երկար կրեցինք այդ աւերներուն հետեւանքները: Թշնամիին դէմ պայքարելու տեղ իրարո՛ւ դէմ պայքարեցանք, երկիր պաշտպանելու տեղ երկիր ծախեցինք ու հեռացանք, հարիւր փոքր Հայաստաններ ստեղծեցինք` մէկ հզօր ու բարգաւաճ հայրենիք պահելու փոխարէն: Հազար տարի, գրեթէ հազար տարի ետք միայն մեր հողը, անոր վերջին մնացորդացը կոչուեցաւ դարձեալ Հայաստան, Հանրապետութիւն Հայաստանի:

Եւ հիմա, հիմա՛ միայն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերէն հարի՛ւր տարի ետք է ահա, որ կը յաւակնինք սիրո՛յ յեղափոխութիւնը յանդգնիլ:

Յեղափոխութիւն, որպէսզի դադրինք զիրար անգոսնելէ, արհամարհելէ, անտեսելէ, ո՛ւր որ ալ ապրինք` հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի, ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանինք կամ չպատկանինք, ո՛ր եկեղեցւոյ մաս կազմենք կամ չկազմենք:

Գիտնանք, ինչպէս կ՛ըսէին, քաղաքացի ըլլալ, եւ ոչ` պարզապէս բնակիչ, քաղաքացի, երկի՛ր կերտելու համար, յառաջադէմ երկիր` իր ուսման եւ առողջապահութեան բարձր մակարդակով, գիտական զարգացումով, բարգաւաճող տնտեսութեամբ, ծաղկող մշակոյթով ու ճառագայթող լեզուով, ընկերային արդա՛ր կարգերով:

Երկիր` իր ամբողջացած տարածքներով:

Երկիր, ուր հայերը ուզեն վերադառնալ եւ ոչ թէ անկէ խոյս տալ:

Այս ամէնը եւ դեռ աւելին:

Մէկ վարչապետ այս ամէնը մինակը չի կրնար իրականացնել, որքան ալ սիրուած ըլլայ ու ժողովրդականութիւն վայելէ, նոյնիսկ եթէ գերմարդկային ուժերով օժտուած ըլլայ ան:

Մարտահրաւէրը բոլորինս է:

Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, ոչ ալ… մէկ Նիկոլով:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կիպրոսի Մէջ

Յաջորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը – 18. Սփիւռքները, Անկախութիւնը, Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.