Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, որուն առաջինը կայացաւ Գահիրէի մէջ, 12-13 ապրիլ 2018-ին, իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ մայիս 29-30, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Յիրաւի, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Կոկանեան» սրահին մէջ, Գահիրէ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիտաժողովին:
Գիտաժողովին այս փուլը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին: Պաշտօնական բացման հանդիսութեան բարի գալուստի սրտագին խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Ան նշեց, որ նման գիտաժողովները առիթ են ոչ միայն մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն տուեալ երկրին մէջ եւ ազգային կեանքին մէջ բերած նուիրեալ մեծ ծառայութեան ու ծաւալած գործունէութեան, այլեւ ազգային գիտակցութիւնը կը զօրացնեն` շարունակելու համար նախորդ սերունդներուն ազգապահպան գաղափարներուն եւ համոզումներուն շնորհիւ` այսօր մեզի հասած հայապահպանութեան օճախները բաց եւ գործուն պահելու դժուար, պատասխանատու եւ միեւնոյն ժամանակ պատուաբեր առաքելութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Ան ընդգծեց, որ սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը պէտք է ըլլայ արդիւնքը հաւաքական ճիգի, ըլլայ ճկուն մեթոտներով, բազմաուսմունքային, առարկայական եւ անկաշկանդ, ունենայ քննական մօտեցում եւ չքննէ միայն անցեալը, այլ նաեւ` այսօրը եւ անդրադառնայ վաղուան, ու զուգահեռուին հայ ու օտար սփիւռքները: Վեր. Հայտոսթեանը նշեց, որ սփիւռքը իր հերթին սփիւռքներ կը ստեղծէ, եւ պէտք է այս նոր զարգացումները եւս ուսումնասիրել եւ օգտուիլ անոնցմէ: Ան ինքնութիւնը առնչեց յիշողութեան, ինչը յիշել-չյիշելուն, գնահատեց այն մեծ նպաստը, որ ունեցած է Եգիպտոսի հայօճախը եւ մաղթեց, որ եգիպտահայ նոր սերունդները շարունակեն այդ նուիրական գործը:
Իր խօսքին մէջ դոկտ. Տագէսեան ի միջի այլոց առանձնացուց գիտաժողովին առնչութեամբ երեք խորհուրդներ. ան դիտել տուաւ Միջին Արեւելքի հայ օճախներու փոխհամագործակցութեամբ յառաջացող այն համոզումը, որ շրջանի նօսրացող հայ օճախները, երբ համագործակցին, նօսրացման պատճառով յառաջացող դժուարութիւններ կարելի կը դառնայ զօրակցութեամբ հարթել, ան շեշտեց նաեւ մէկութեան գաղափարը, այն առումով, որ
Միջին Արեւելքի հայը իր մտապաստառին վրայ այս ձեւով կը տեսնէ միջինարեւելեան հայութիւնը` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ ըստ այդմ կը գործէ:
Անդրադառնալով գիտաժողովին` դոկտ. Տագէսեան մատնանշեց, որ գիտաժողովին երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ աւելի ծաւալուն, պիտի ընդգրկէ 27 զեկոյց եւ տեղի պիտի ունենայ 29 եւ 30 մայիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Այնուհետեւ սկիզբ առաւ առաջին նիստը, որուն աւարտին զեկուցողներն ու հիւրերը ուղղուեցան մօտակայ ՀՄԸՄ «Արարատ» ակումբը, ուր հիւրասիրուեցան, եւ ուր ծաւալեցաւ օգտակար ճանաչողական ու տարբեր հայ օճախները յուզող խօսակցութիւն:
Միւս երկու նիստերը տեղի ունեցան յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 11:00-5:00, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:
Գումարուած երեք նիստերուն ընթացքին կարդացուեցան 10 զեկոյցներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն ու Եգիպտոսէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանը «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եգիպտոս միջպետական յարաբերութիւնները» վերնագրին տակ ներկայացուց շուրջ քսանհինգամեայ այդ յարաբերութիւններուն համապատկերը: Բանասէր Միհրան Մինասեանը ներկայացուց «Եգիպտահայ արաբագիր հեղինակներ» նիւթը` առանձնացնելով շուրջ երեսնեակ մը եգիպտահայ հեղինակներէն առաւել նշանաւորները` Պատր էլ Ժամալին, Ալթուն Տիւրրին եւ ուրիշներ: Վաստակաւոր կրթական մշակ Ազատուհի Սիմոնեանը լուսարձակի տակ առաւ «Եգիպտահայ Արտեմիսը` իբրեւ կնոջական խնդիրներու յառաջապահ մամուլ» (անգլերէն) նիւթը` ծանրանալով 20-րդ դարասկիզբի մեծ ֆեմինիսթ Մարի Պէյլերեանի ողջախոհ գաղափարներուն վրայ: Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը իր` «Եգիպտահայ գրատպագրութիւնը եւ մամուլը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը» զեկոյցով տուաւ համապարփակ պատկերը եգիպտահայ գիրքին, մամուլին եւ տպարաններուն պատմութեան: Պետրոս Թորոսեանին զեկոյցը` «Պատմական ակնարկ ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի օրկան` «Միութեան» (1912-1927)» երեք փուլի բաժնեց «Միութեան» 15-ամեայ գործունէութիւնը` ըստ անոր հետապնդած նպատակներուն: Նարինէ Մարգարեանը իր «Հայ որբախնամ կազմակերպութեան գործունէութիւնը 1916-23» նիւթին մէջ ծաւալեցաւ ու անդրադարձաւ ընդհանրապէս եգիպտահայ որբախնամ կազմակերպութիւններու եւ անոնց գործունէութեան: Եգիպտահայ Հայկ Աւագեանին «Եգիպտոսի սինեմայի եւ թատրոնի հայ դերասանները. ինքնութեան խնդիրներ» նիւթը հարցադրումներու առիթ էր հայ ինքնութեան, պատշաճումի եւ ինքնահաստատումի խնդիրներու առումով: Դոկտ. Տիգրան Ղանալանեանը «Հայերի արտագաղթը Եգիպտոսից 1950-1970-ականներին» նիւթով վերլուծեց եգիպտահայ արտագաղթը եւ արժեւորումը կատարեց արտագաղթին: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային կցորդ դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը ներկայացուց «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ եգիպտահայութիւնը» նիւթը` լուսարձակի տակ առնելով այդ օգտաշատ յարաբերութիւնը: Պէյրութահայ Ռաֆայէլ Ումուտեանը ներկայացուց «Եգիպտահայ երկու կաթողիկոս-պատրիարքներ` Գասպարեան եւ Թարմունի» նիւթը` ծանրանալով երկու երջանկայիշատակ կաթողիկոս-պատրիարքներուն պաշտօնավարութեան եւ ծաւալած գործունէութեան վրայ:
Զեկոյցներու աւարտին ծաւալեցան աշխուժ հարց-պատասխան եւ քննարկումներ: Նիստերը վարեցին Ասփէ Ճիզմեճեանը, Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեանը եւ դոկտ. Տագէսեանը: Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան եգիպտահայ անցեալին ու ներկային հայող հարցեր, իրագործումներ:
Երրորդ նիստի աւարտին, դադարէ մը ետք տեղի ունեցաւ եգիպտահայ հետազօտող տոքթ. Սուրէն Պայրամեանին «Հայկական համայնքային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ» գիրքին գինեձօնը` Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ:
Գիտաժողովի աւարտին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեանը ի պատիւ գիտաժողովի մասնակիցներուն ընթրիքով մը հիւրասիրեց զեկուցաբերները, հիւրերը եւ հայ օճախին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, շքեղ դեսպանատան պարտէզին մէջ:
Գիտաժողովին մասնակիցները այցելեցին առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցան առաջնորդ սրբազան հօր հետ: Համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեանը եւ դոկտ. Տագէսեանը պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպեցան դեսպանին հետ:
Յառաջիկայ մայիս 29-30 տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովին երկրորդ փուլը:
Կեդրոնին կազմակերպած վերջին հինգ տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոսի-Սուտանի-Եթովպիոյ հայ օճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման` մղելով առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Յառաջիկայ տարուան համար կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ ծրագրուած է «Կիպրոսի եւ Յունաստանի հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2019 մայիսին: