Կիրակի, 13 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի Համազգային մշակութային միութեան պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Ստրովոլոսի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած «Սարդարապատ» խորագիրով` «Սիփան», «Անի» եւ «Նանօր» պարախումբերու տարեկան ելոյթին` պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանը, եւ ապա խօսք առաւ մշակոյթի նախարարին ներկայացուցիչը: Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին վերոնշեալ երեք դասակարգերու (կրտսեր, միջակ եւ երէցներ) 146 պարողները 20 պարերով ելոյթ ունեցան` հմայելով եւ տպաւորելով հայ եւ օտար հանդիսատեսը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը, փոխադրամիջոցներու նախարար Վասիլիքի Անաստասիատուն, կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, զանազան երկիրներու դեսպաններ, Ստրովոլոսի քաղաքապետը, քաղաքական եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, սրբազան հայրը, կրօնական դասը, կիպրահայ պետական ներկայացուցիչը, օտար եկեղեցականներ եւ աւելի քան 800 ներկաներ ու հրաւիրեալներ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
15 մայիս 2018