Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմա Կը Մնայ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ

Մայիս 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ վերջին մէկ ամիսը լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ: Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան, եւ իբրեւ արդիւնք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր առաջադրած թեկնածուները կրցաւ հասցնել խորհրդարան: Երբ կ՛ըսեմ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հասցուց զանոնք խորհրդարան, այդ չի նշանակեր ընտրամեքենան ու անոր պատասխանատուն միայն, այդ չի նշանակեր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր ներկայացուցիչը միայն, այդ կը նշանակէ` Դաշնակցութիւնը, առաջին հերթին` իր ժողովուրդով, որուն վստահութիւնը կը վայելէ առ այսօր:

Դաշնակցութիւնն ու անոր անդամները, առանց ժողովուրդին, կը նմանին բանակի մը, որ կը պաշտպանէ գիւղ մը, ուր չկան բնակիչներ, լեռ մը կամ ձոր մը, ուր կենդանութիւն չկայ, որուն համար վաղ թէ ուշ շատեր պիտի մտածեն` «Կ՛արժէ՞ մեռնիլ»: Ժողովուրդը դարձեալ վստահեցաւ Դաշնակցութեան, քուէն ու ձայնը, իր մարդկային ամէնէն բարձր արժէքը` խիղճը, յանձնեց Դաշնակցութեան թեկնածուներուն: Մեր երեսփոխաններն ու բոլորը պէտք չէ մոռնան, որ մեզի համար չէ՛ կոյր ժողովուրդի եւ անգիտակից հետեւորդներու բանակ առաջնորդելը. պէտք չէ մոռնան, որ Դաշնակցութիւնը իր հերոսներուն բացած ուղիով է, որ հասած է այս բարձունքին, ինչպէս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով նշած են: Դաշնակցութիւնն ու կենդանի իւրաքանչիւր դաշնակցական այդ հերոսներուն կերտած «համբաւն» է, որ կը վայելեն. ժողովուրդը ամէնէն աւելի ա՛յդ հերոսներուն ու Դաշնակցութեան անցած ճանապարհը յարգելով է, որ կը վստահի իրեն, կը վստահի իր ապագան անոր` վստահ ըլլալով, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չշեղի, դաշնակցականները կրնան սխալիլ, բայց Դաշնակցութիւնը` ո՛չ. Դաշնակցութի՛ւնն է, որ պիտի իրականացնէ պատկերացումները` կեանք տալով անոնց:

Ոեւէ դաշնակցական չմտածէ՛ երբեք եւ չըսէ ինքնիրեն, որ` «ա՜ս ալ անցաւ»: Ոեւէ մէկը չմտածէ եւ չըսէ ինքնիրեն, որ նախընտրական վերջին շրջանին «յանկարծ» արթնցած հակադաշնակցականութիւնը նոր երեւոյթ էր, տեղեակ չէինք անոր առկայութենէն. եւ ոչ մէկս չմտածենք, որ այդ քննադատութիւններուն ալիքը, որ սաստկացաւ, ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ արդէն չկայ, պատճառը մենք պէտք չէ կիսենք, մենք յանցաւոր չենք: Ե՛նք: Քննադատութիւնները պիտի՛ սկսին ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ, այս ժողովուրդին մե՛նք աւելիով պիտի աշխուժացնենք, որ խօսին ու պահանջեն. մե՛նք պիտի սորվեցնենք գալ եւ կանգնիլ երեսփոխանական գրասենեակին առջեւ, հանդիպո՛ւմ պահանջել երեսփոխաններէն: Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերուն, որպԷս տասնեակ յեղափոխական, խումբերու բառին բուն իմաստով դաշնակցութիւն, այս արդէն կուսակցութիւն դարձած ուժն էր, որ ժողովուրդի տարբեր խաւերէն բաղկացող այդ մարդոց պայքարի պատկերացումները մէկտեղած, ինչպէս որ Շաւարշ Միսաքեան կ՛ըսէ, «սորվեցուց ժողովուրդին ո՛չ միայն թեւերը վերցնել, այլեւ` զարնել»:

Դաշնակցութիւնը պէտք է տեսնէ այսօր, որ ժողովուրդը, որուն վստահութիւնը ստացաւ, որմէ քուէ խնդրեց, որուն արդարամտութեամբ ու խղճով քուէարկելը պահանջեց, ըրա՛ւ իր ուզածը, կատարեց իր պարտքը` որպէս Դաշնակցութեան կերտած տիպար քաղաքացի. այժմ հերթը ժողովուրդին է պարտքով տուածը ետ վերցնելու, այժմ հերթը ժողովուրդին է իր բարձրացուցած ձայնին պատասխանը սպասելու, եւ քուէատուփին, այսինքն քաղաքացիական ծախուած ու չծախուած, խաբուած ու չխաբուած լիազօրագիրերու այդ տուփին մէջէն Դաշնակցութիւնը իր երեսփոխաններով պարտաւոր է չորս տարիներու ընթացքին աւելիով փաստելու ամբողջ Լիբանանին, որ այդ տուփերուն մէջի ամէնէն ազնիւ, անփոխադարձ ակնկալիքով եւ անշահախնդիր քուէները Դաշնակցութեան ժողովուրդին կը պատկանին (թէկուզ անոնք գիտեն, որ այդպէս է):

Պէտք է այս 4 տարիներու ընթացքին ժողովուրդը զգայ, որ իսկապէս տարբերութիւն կայ, թէ ո՛վ կը ներկայացնէ հայ համայնքը  խորհրդարանին մէջ, ա՞նձ մը, թէ՞ իր սիրած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ նախկին երեսփոխանը. ա՞նձ մը, թէ՞ իր պաշտած կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Դաշնակցութեան եւ անհատ հայ երեսփոխաններու տարբերութիւնը ժողովուրդը պէտք է զգայ ամէն օր, սա աննախադէպ աշխատանք է, որ պիտի կատարուի, եւ վստա՛հ, որ ժողովուրդը պիտի խօսի՛ այդ մասին եւ պահանջէ՛ տարբերութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է զգայ, որ իր կուսակցութեան երեսփոխանը չի տարբերիր միւսներէն միայն ազգային-կուսակցական ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելով. վա՛յ մեզի, եթէ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցնելով` սկսի վերածուիլ 21-րդ դարու այն մարդ տեսակին, որ միայն աչքերով եւ ականջով կը դատէ եւ ատկէ ետք յանկարծ իր հարցերու բարձրաձայնումը անհատ երեսփոխաններէ լսէ… 21-րդ դարու այդ մարդ տեսակին չի՛ կրնար ազգային, ժողովրդավար եւ ընկերվար մեր կուսակցութիւնը համոզել, որ երբ անոնք կը խօսէին, մենք կ՛աշխատէինք, երբ անոնք խոստումներ կու տային, մենք խոստումներ տուած ենք 60-ականներուն… անոնք չե՛ն կրնար հաւատալ բոլոր խօսքերուն եւ «արդարացումներուն», որովհետեւ ժողովրդավարութեան չափանիշները փոխուած են այսօր եւ վերածուած` Դիմատետրի ազատ մեկնաբանութիւններու հարթակին, ընկերվարութիւնը թերեւս օտար անձի մը friend request ուղարկելով անոր ընդունիլն է, կամ ազգային արժէքը` նկարին եռագոյն շրջանակ մը դնելը:

Ժողովուրդը սկսած է դատել իր աչքերով եւ ականջով միայն, բայց այդ չի նշանակեր, որ այլեւս կրնանք չաշխատիլ եւ միայն խօսիլ, այդ չի նշանակեր, որ խօսքը առանց գործի այսուհետեւ կենդանի է… Պէտք է գործենք եւ ըսե՛նք ժողովուրդին, հաշի՛ւ տանք ժողովուրդին, խօսի՛նք մեր իրագործումներուն մասին, մեր երեսփոխանները ամիսը մէկ Դիմատետրի ուղիղ եթերով նստին թէկուզ կէս ժամ եւ գոնէ 10 հարցի պատասխանեն, ըսեն` ի՞նչ ըրին եւ ինչո՞ւ չըրին: Չի՛ բաւեր ժողովուրդին հետ աղբի հոտը շնչել եւ այդպիսո՛վ կիսուիլ հարցը. ժողովուրդը չի՛ հասկնար եւ չի՛ տեսներ, թէ դուք ի՛նչ կ՛ընէք ձեր գրասենեակներուն մէջ, խորհրդարանական նիստերուն չի՛ հետեւիր` գործն ու դասը ձգած, որովհետեւ ժամանակ չունի, իսկ շատեր ալ վստահած են ձեզի. կը մնայ ձեզմէ այդ վստահութեան համարժէք պատասխա՛ն տալ այդ ժողովուրդին. կը կարծեմ, որ ամէնէն աշխատող եւ հասանելի տարբերակը առաջարկեցի արդէն:

Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր արժանապատուութեամբ, մեր ազգային եւ հայրենանուէր գաղափարներով, ժողովուրդը իր ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը հոն կը տեսնէ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր կուսակցութեան արժէքներով, զորս նոյն այդ ժողովուրդը կը բաժնէ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր պատմութեամբ ու որակով, որուն ընդմէջէն ժողովուրդը իր խիտ շարքերով, պայծառութեամբ իր ապագան կը տեսնէ: Կուսակցութիւնը իր որակով մասնակցեցաւ, իսկ որակաւոր ժողովուրդը նաեւ իր քանակո՛վ օգնեց:

Կուսակցութեան թեկնածուներուն 4-էն երեքը յաղթեց, հիմա կը մնայ, որ ժողովուրդը յաղթէ:

7 մայիս 2018
Կեդրոն, Երեւան

Նախորդը

Գիրքի Հրատարակութիւն

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Էջ, Նոր Մօտեցումներ

RelatedPosts

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին

Սեպտեմբեր 23, 2023
Մեր Թաղը Եւ Աւոն
Անդրադարձ

Մեր Թաղը Եւ Աւոն

Սեպտեմբեր 23, 2023
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Իրաւացի Է Այդ Հայուհին

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In