Չորեքշաբթի, 9 մայիս 2018-ին, Մայրերու տօնին առիթով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ` նախագահութեամբ Գարոլին Թերզեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով, որ ձեռնարկը կը միտի երախտագիտութիւն յայտնել մայրերուն: Ան վեր առաւ մօր դերը ժողովուրդներու կեանքին մէջ եւ յաջողութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց բոլոր մայրերուն:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած Գարոլին Թերզեանին, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնց ներդրումով իրագործուած է նախաճաշի ձեռնարկը:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկայ մայրերուն` շնորհաւորելով զանոնք մայրերու տօնին առիթով: Ան շնորհաւորեց նաեւ ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Գարոլին Թերզեանը, իր կողակիցին` Յակոբ Թերզեանին երեսփոխան ընտրուելուն առիթով ու յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Ապա տնօրէնն ու Տիկնանց յանձնախումբին ատենապետը օրուան նախագահին նուիրեցին երախտագիտութեան յուշանուէր մը:
Քոլեճի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները հանդէս եկան խմբերգներով, պարերով ու նուագներով: Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եւ բախտաւորները ստացան նուէրներ:
Մթնոլոտէն խանդավառուած` ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ:
Հետաքրքրական էր սրահին մէջ զետեղուած «Անգին մայր» գրութիւնը կրող զարդարուն պատը, որուն առջեւ մայրերը ունեցան յիշատակի նկարներ:
Մուտքին բոլոր ներկաները ստացան նուռի գեղօրներ, իսկ սեղաններուն վրայ իւրաքանչիւրին համար զետեղուած էր Համբարձման վիճակը կրող մոմ մը:
Քոլեճի տնօրէնութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ ու իրենց ներկայութեամբ քոլեճին նեցուկ հանդիսացած բոլոր ներկաներուն եւ նուիրատուներուն:





